ՎԱՀԱՆՆ ՈՒ ԱՍՊԵՏԸ

Օտար արեւելագէտ մը եկաւ ջնջելու արաբական մշակոյթը աւելիով՝ ինչքանով որ արդէն ջնջուած էր… 

Մեծ ուշադրութեամբ հարցուց ինծի. գրական հրապարակին վրայ, հիմա ճիշդ ո՞ւր կանգնած ես: 

Ըսի անոր. հիմա արաբական ընկերվարութեան ճամբուն վրայ կանգնած եմ, ետիս ունենալով երեսուն տարիներու փառաբանանք ու մեծարանք այդ ընկերվարութեան, իսկ դիմացս երեսուն քաղաքացիներ կանգնած են հերթի մէջ, որ կը սպսասենք երկու բաղարջ հաց առնելու համար (անշուշտ, ո՛չ թարմ հարց):

Հեւալով նստած եմ Արաբական միութեան ճամբուն աւարտին եւ գրպանիս մէջ քսաներկու քաղաքացիութիւն կայ: 

Ա՜հ… արաբին բարձրախօս մը եւ դատ մը տուր եւ երկու ամիս ետք եկուր ու դիտէ, թէ ինչպիսին եղաւ այդ դատը: 

Ըսաւ. սակայն, քանի՞ տարեկան է արաբական յեղափոխութիւնը:

Ըսի. չեմ գիտեր: Անոր տարիքը Քոլէթ Խուրիին տարիքին պէս է, Աստուած միայն գիտէ:

Ըսաւ. Քոլէթ Խուրին, ծանօթ մտաւորակա՞նը: Ինչքա՜ն կը փափաքիմ հանդիպիլ իրեն: Կրնա՞մ հանդիպիլ: 

Ըսի. չեմ կարծեր, որովհետեւ որոշ ժամանակ առաջ անոր մասին կարդացի Ծոցի երկիրներէն թերթերուն մէջ, ուր կ՚ըսէր, թէ այն պահէն ի վեր երբ հեռատեիլին վրայ ականատես եղաւ ալ-Սատաթի Իսրայէլ կատարած այցելութեան, դարձեալ սիրտի հիւանդութեամբ մը վարակուեցաւ եւ այլեւս կը հրաժարի մարդոց ու լրագրողներու հետ հանդիպելէ:

Ըսաւ. ըսածէդ կը հասկնամ, որ նախապէս ալ նմանատիպ հարուած մը ստացած է: 

Ըսի. անշուշտ. երբ Ապըտ ալ-Նասէրը մահացաւ, նոյն խնդիրը ունեցաւ, երբ Քամալ Նասէրը1 ահաբեկուեցաւ նոյն խնդիրը ունեցաւ դարձեալ եւ չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ եղաւ իր հետ Oկատէն նահանգէն ներս «Ճիճիկայի» անկումէն ետք2:

Ըսաւ. կը ցաւիմ բոլոր այս լուրերը առնելուս համար, սակայն, միւս կողմէ, կրնա՞մ ձեր մօտի մի քանի նշանաւոր մտաւորականներու հանդիպիլ. անշուշտ, եթէ այստեղ կը բնակին եւ չեն ճամբորդած: 

Ըսի. անշուշտ, այստեղ կը բնակին եւ ո՞ւր կ՚ուզես, որ անոնք ճամբորդեն: Անոնք պատրաստ են հանդիպիլ քեզի, երբ որ ուզես:

Ըսաւ. հիանալի. այս բանը քաջալերող է: Պատաուի ալ-Ճապալին3 ալ կրնա՞մ հանդիպիլ: 

Ըսի. մահաթմբիրի մէջ է:

Ըսաւ. Զաքարիա Թամէրի՞ն4:

Ըսի. ճնշումը իջած է:

Ըսաւ. Հաննա Մինէյի՞ն5:

Ըսի. խոց ունի:

Ըսաւ. Հասիպ ալ-Քայեալէյի՞ն6:

Ըսի. ճողուածք ունի:

Ըսաւ. իսկ անոր եղբօ՞ր՝ Մաուահէպին7:

Ըսի. մահացաւ:

Գրեթէ լալով ըսաւ. Աստուա՜ծ իմ, դուն ալ խուլ եւ կաղ ես, ի՞նչ բանը ձեզ այս վիճակին հասցուց. ո՞վ ձեզ այս վիճակին հասցուց: 

Ըսի. Աստուած եւ արաբականութիւնը:

Ըսաւ. ի՛նչ բանը ձեզ այստեղ կը պահէ: Ի՞նչ բանը ձեզ այս հողին կը կապէ: 

Ըսի. այս հողը: Մենք ի տարբերութիւն ուրիշներուն, նամակագրութեամբ չե՛նք սիրեր զայն:

Ըսաւ. այս պահուածքը պատուաբեր է, բայց նաեւ զգացական է: Մտաւորականը, արդարեւ, պէտք նոր փորձառութիւններ ապրի, նոր օդ շնչէ, նոր յարաբերութիւններ մշակէ… Պէտք է տեսնէ, թէ ինչպէս եղաւ աշխարհը եւ զարգացած քաղաքակրթութիւնը ուր հասած է, որպէսզի իր դարը ապրի: 

Ըսի. թերթերուն մէջ ամէն ինչի մասին կը կարդանք եւ ամէն բան կը դիտենք հեռատեսիլէն:

Ըսաւ. այդքանը բաւարար չէ, որովհետեւ կարծես սիրուհիդ կը համբուրես ածխածնային թուղթի մը միջոցով: Գետի մը վրայ մեքենայական կամուրջ մը, երկնաքեր մը քաղաքի մը մէջ, նաւակ մը ծովակի մը մէջ կամ ալ կարճ մրափ մը անգլիական գիւղական շրջանի մը մէջ, ինչպէս նաեւ թերթերը՝ որ գլուխիդ կամ ոտքերուդ տակ ցանուցիր եղած, որոնք քեզի կը բերեն աշխարհի իրադարձութիւնները, այս բոլորը քեզի պիտի վերադարձնեն կեանքի նկատմամբ վստահութիւնն ու անմեղութեան զգացումը, ինչպէս նաեւ քեզի պիտի վերադարձնեն սպառած մանկութիւնդ, այնքանով որ որպէս գրող քեզ պիտի մղէ սնուելու մելանիդ ամանէն, նախքան գրելդ անով: Մէկ կողմ ձգէ կարգ ու կանոնը, քաղաքակրթութիւնը, երաժշտութիւնը, մշակոյթը եւ այլն: 

Ըսի. սակայն, ձեր մօտ մարդը ջախջախուած է:

Ըսաւ. ջախջախուա՞ծ է. այն մարդը, որ բոլոր քաղաքական, մշակութային, առողջապահական, բնակութեան եւ երաժշտութեան բոլոր ապահովութիւնները ունի, մէկ կողմ ձգած խօսելու եւ արտայայտուելու ազատութիւնը, ջախջախուած մա՞րդ մըն է: Իսկ արաբ մարդը, որ գրեթէ իր բոլոր երկիրներուն մէջ կը տառապի սնունդի, մշակոյթի, առողջութեան, ուսումի, բնակութեան եւ երթեւեկութեան պակասէն, ասոնց վրայ ալ եթէ «բայց…» մը ըսաւ որպէս բողոք, ապա կապոյտ ճանճն իսկ պիտի չգիտնայ, թէ ո՞ւր է ան, ինք չջախջախուած մա՞րդ մըն է: Յեղափոխական ի՞նչ տրամաբանութիւն մըն է ասիկա: Արաբ մարդը ո՛չ միայն ջախջախուած է, այլ՝ նոյնիսկ փոշիի վերածուած է, բայց ինք չի՛ գիտակցիր:

Թուքս շատնալով, ըսի. փոշի՞:

Ըսաւ. այո՛, եւ զայն գործածելու համար միայն տարածաշրջանէն ներս գլուխ բարձրացուցած քաղաքական եւ միջազգային բորբոքումները նուազեցնելու: 

Ըսի. սակայն, մենք եւս անտառներ եւ բնական տեսարաններ ունինք… Օրինակ, Լիբանանի եւ Ալժիրի մէջ այնպիսի տեսարաններ կան, կարծես Րատուանի դրախտն է8:

Ըսաւ. գիտեմ, որ անտառներ, գետեր, գործարաններ եւ կարելիութիւններ ունիք… սաայն, խնդիրը այն է, որ ո՛չ մէկ բանը միւսին հետ առնչութիւն ունի: Արդարեւ, ծառը կապ չունի պարտէզին հետ եւ պարտէզն ալ կապ չունի պարտիզպանին հետ: Գործաւորը կապ չունի գործաւորին հետ եւ գործարանն ալ կապ չունի գործաւորներուն հետ: Գործաւորները կապ չունին գրողներուն հետ եւ գրողներն ալ ո՛չ մէկ բանի հետ կապ ունին: Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը ինքն իր շուրջը կը դառնայ ու կը դառնայ, ինչպէս գինով մը՝ փոթորիկին մէջ: Մինչ, մեր մօտ ամէն բան իրարու հետ կապ ունի եւ միաձուլուած է իր շուրջիններուն հետ՝ ինչպէս վահանի մը օղակները: Արդիւնաբերութիւնը գիւղատնտեսութեան շարունակութիւնն է, գիւղատնտեսութիւնը՝ արդիւնաբերութեան. արդիւնաբերութիւնը մշակոյթի շարունակութիւնն է, մշակոյթը՝ բժշկութեան… Այսպէս, մինչեւ հասնիս պարին, երգելուն, սառոյցի վրայ սահելուն: 

Այստեղ, հառաչելով ըսի անոր. ես ամբողջովին համաձայն եմ ըսածներուդ հետ: Ձեր քով ամէն ինչ գեղեցիկ է եւ միաձոյլ, եւ եթէ ալ-Պուհթուրին9, Ըպըն Զէյտունն10 ու Ումար Ապու Րիշէն11 եթէ նոյն փոխադրակառքին մէջ բարձրանան ու անգլիական գիւղական շրջան մը այցելեն, ապա տարիներով պիտի չկարենան նկարագրել անոր գեղեցկութիւնն ու բանաստեղծական որակները: Տակաւին, եթէ մայրամուտին օդանաւը քեզ կը պտտցնէ պատրաստուելով վայրէջք կատարել Լոնտոնի օդակայանը՝ կը զգաս, թէ օդակայանը հորիզոնին շարունակութիւնն է, հորիզոնը՝ Շէյքսփիրին, իսկ Շէյքսփիրը՝ «Տը Թայմզ»ի (The Times): Սակայն, վերադարձին, օդանաւը թռիչք կ՚առնէ առաւօտեան, որով կը զգաս ու կը յիշես ինչ որ տեսար, ինչ որ լսեցիր եւ ինչ որ վճարեցիր, թէ հորիզոնը շարունակութիւնն է համայնքներու Պալատին, համայնքներու Պալատը՝ օդակայանին, օդակայանը՝ Շէյքսփիրին, Շէյքսփիրը՝ մաքսատան, մաքսատունն ալ «Տը Թայմզ»ին շարունակութիւնն է…: Իսկ երբ օդանաւը տակաւ առ տակաւ կը բարձրանայ դէպի այս տարօրինակ աշխարհի՝ իր արեւելքով ու արեւմուտքով երկինքը, մինչ օդանաւի պատուհանէն կը նայիս՝ կը յիշես այս աշխարհի բոլոր կողմերը գտնուող մարդկային դժբախտ լեռները եւ կը զգաս թէ «Տը Թայմզ»ը Սենի շարունակութիւնն է, Սենը՝ Հռենոսի (Rhine), Հռենոսը՝ Ֆոլկային, Ֆոլկան՝ Միսիսիփիին, Միսիսիփին ալ կեդրոնական հետախուզութեան մէկ բաժանմունքն է: Ի՞նչ օգուտ, ուրեմն, որ կարող ըլլաս որեւէ մէկ բան գրելու այս աշխարհին մէջ, երբ կարող չես ո՛չ մէկ բան փոխելու այս աշխարհին մէջ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ


1 Պաղեստինեան յեղափոխութեան առաջնորդ-ղեկեավարներէն մին, որ 1973-ին երկու ընկերներու՝ Քամալ Ատուանի եւ Մուհամմատ Եուսէֆ ալ-Նաճարի հետ սպաննուած է Իսրայէլի կողմէ: Ծնած է 1924-ին, Կազզէի մէջ:

2 Ժամանակակից Սոմալիի շրջանի համար օգտագործուող պատմական անուններէն մէկն է Օկատէն։ Իսկ Ճիճիկան Սոմալիի եթովպական շրջանի վարչական կեդրոնն է:

3 Բուն անունը Մուհամմատ Սուլէյման ալ-Ահմատ: Ծնած է 1903-ին, Լաթաքիա, Սուրիա: Բանաստեղծ եւ քաղաքական գործիչ: Մահացած է 19 օգոստոս 1981-ին:

4 Սուրիացի մտաւորական, լրագրող եւ կարճ հեքիաթներ գրող: Ծնած է 1931-ին, Դամասկոս, Սուրիա: Տակաւին ողջ է:

5 Ծնած է 9 մարտ 1924-ին, Լաթաքիա, Սուրիա: Սուրիացի մտաւորական: Արաբ ամենամեծ հեքիաթագիրներէն մէկը կը համարուի: Մահացած է 21 օգոստոս 2018 թուականին:

6 Սուրիացի մտաւորական, հեքիաթագիր եւ լրագրող: Ծնած է 1921-ին, Իտլիպ, Սուրիա: Մահացած է 6 յունիս 1993-ին:

7 Հասիպ ալ-Քայեալէյին մեծ եղբայրը: Ծնած է 1918-ին, Իտլիպ Սուրիա: Սուրիացի մտաւորական: 1957-ին Մոսկուա գացած է Երիտասարդներու երկրոդ համաշխարհային տօնախմբութեան եւ ապա այնտեղ որպէս թարգմանիչ աշխատած է Սովետական հրատարակչատունէն ներս: 1977-ին Մոսկուայի մէջ մահացած է քաղցկեղի պատճառով, սակայն, իր մարմինը՝ իր խնդրանքին համաձայն տեղափոխուած է Սուրիա եւ այնտեղ թաղուած:

8 Իսլամական հասկացողութեամբ, Րատուանի դրախտ ըսելով կը հասկցուի այն դրախտը, որ Աստուած իր արարածներուն համար պատրաստած է:

9 Ապասեան խալիֆայութեան շրջանի ամենէն նշանաւոր արաբ բանաստեղծներէն մէկը, որ ծնած է 204-ին եւ մահացած 280 թուականին:

10 Քորտոպայի եւ Սեւիլիօ արաբ անտալուզցի բանաստեղծ մը։ Ծնած է 1003-ին եւ մահացած 1071-ին: Եղած է բանաստեղծ, գրող եւ նախարար: 

11 Ծնած է 10 ապրիլ 1910-ին, Հալէպի նահանգին մէջ, Սուրիա: Ներկայ ժամանակներու մեծ եւ նշանաւոր մտաւորականներէն ու բանաստեղծներէն մէկը կը համարուի: Մահացած է 15 յուլիս 1990-ին:

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2026