ԼԻՒՔՍԵՄՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ

Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Լիւքսեմպուրկի մէջ մէկտեղուեցաւ իր եւրոպացի պաշտօնակիցներուն հետ։ Այսպէս, ան մասնակցեցաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի ժողովին։ Միրզոյեան սոյն ձեւաչափին մէջ տեղ առաւ՝ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալասի հրաւէրին ընդառաջ։ Աշխատանքային նախաճաշի ձեւաչափով հանդիպման ընթացքին Միրզոյեան ներկայացուց Հայաստանէ ներս ու երկրին շուրջ վերջին զարգացումները։ Ընտրութիւններու համայնապատկերին վրայ ան մատնանշեց Հայաստանի՝ դէպի Եւրոպա հեռանկարներու կապակցութեամբ ձգտումները։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ կարծիքներ փոխանակուեցան Հայաստան-ԵՄ առեւտրաշրջանառութեան աւելացման, երկրի տնտեսական եւ ուժանիւթի դիմակայունութեան բարձրացման ուղղեալ կիրառելի դրութիւններուն եւ հաւանական քայլերուն շուրջ։

Լիւքսեմպուրկի մէջ Արարատ Միրզոյեան ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Այս ամբողջին մէջ ան տեսակցեցաւ ԵՄ-ի ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոսի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլի հետ։ Հարկ է նշել, որ յուլիսի 5-ին նախատեսուած է Մարթա Քոսի Երեւան այցելութիւնը։ Միրզոյեանի երկկողմանի շփումներուն ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանային զարգացումներուն շուրջ։ Նախարարը անդրադարձաւ հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերաբերեալ Երեւանի տեսլականին։ Եւրոպական առանձին երկիրներու նախարարներու հետ Արարատ Միրզոյեան կանգ առաւ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման վրայ՝ միշտ շօշափելով Հայաստան-ԵՄ ռազմավարական օրակարգի իրականացման հարցերը։

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2026