ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒ ԴՐՈՒԱՏԵՑ TRIPP-Ը

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ TRIPP նախագիծը կը դիտարկէ՝ որպէս ներդրում, որ կը նպաստէ տարածաշրջանէ ներս կայուն խաղաղութեան եւ համագործակցութեան զարգացման։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ծննդեան 80-ամեայ յոբելեանին առթիւ, Իլհամ Ալիեւ գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ։ Ալիեւ Թրամփին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան օրակարգը յառաջ մղելու վճռականութեան համար։ Ըստ Ալիեւի՝ Թրամփի խաղաղութեան կառուցման ուղղեալ հետեւողական ջանքերուն շնորհիւ Ուաշինկթընի մէջ կազմակերպուեցաւ Հայաստան-ԱՄՆ-Ատրպէյճան եռակողմանի գագաթաժողովը եւ Սպիտակ տան երդիքին տակ նախաստորագրուեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիրը։

Ալիեւ անդրադարձաւ TRIPP-ին. «TRIPP նախագիծը կը դիտարկուի՝ որպէս տարածաշրջանային կայուն խաղաղութեան եւ համագործակցութեան զարգացման նպաստող ապագայ ներդրում։ Այն կ՚ապահովէ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան հիմնական տարածքի եւ Նախիջեւանի միջեւ անխոչընդոտ կապը եւ կը դառնայ Միջին միջանցքի մաս», նշեց Ալիեւ։

Հուսկ, շնորհաւորականին մէջ Ալիեւ յոյս յայտնեց, թէ ԱՄՆ-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները զանազան ոլորտներէ ներս պիտի շարունակեն խորանալ՝ մասնաւորապէս առեւտուրը, ներդրումները, անվտանգութիւնը, ուժանիւթը եւ այլն։

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2026