ՆՈՐՈՎԻ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ
Երեւանի «Կոմիտաս» թանգարան-կաճառը նախաձեռնած է՝ արխիւներու թուայնացման նոր ծրագրի մը՝ որու շնորհիւ մեծն Կոմիտաս վարդապետի ժառանգը պիտի դառնայ աւելի հասանելի։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս ծրագիրը կեանքի կը կոչուի «Կոմիտաս» թանգարան-կաճառի եւ IBRS Council-ի համագործակցութեամբ։
Թանգարանէն ներս պաշտօնական արարողութիւնով մը հռչակուեցաւ ծրագրի պաշտօնական սկիզբը, որու յատուկ հիւրն էր՝ համաշխարհային համբաւով ելմտական ու գործարարութեան խորհրդատու Մարք Չենեան, որ փոխ-նախագահն է UBS Financial Services-ի։ Այս վերջինը Հայաստանէ ներս շարք մը մշակութային, կրթական եւ միջազգային ծրագրերու շրջանակներէն ներս կը համագործակցի տեղական գործընկերներու հետ։ Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի վարչապետի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան։
Թանգարան-կաճառի տնօրէն Լուսինէ Սահակեան հաւաքոյթի ընթացքին ընդգծեց, որ սոյն նախագիծը բացառիկ ոգեւորութիւն կը ներկայացնէ եւ անհրաժեշտութիւն մը կը համարուի Կոմիտասի ժառանգութեան պահպանման ու հանրահռչակման առումով։
Մարք Չենեանի կողմէ նուիրաբերուած եւ Լոնտոնէն Երեւան տարուած առաջին թուայնացման սարքին շնորհիւ թանգարանէն ներս կը սկսի կոմիտասագիտական թուային շտեմարանի ստեղծումը։ «Ես կ՚ըսեմ «Կոմիտասի տուն», որովհետեւ Կոմիտաս երբեք սեփական տուն մը չունեցաւ եւ պետութեան հոգածութեան ներքեւ գործող այս կեդրոնը Մարք Չենեանի նման նուիրեալ հայերու շնորհիւ, պէտք է դառնայ Կոմիտասի հարուստ ժառանգութեան ուսումնասիրութեան եւ կեդրոնացման կարեւորագոյն վայրը», ըսաւ Լուսինէ Սահակեան։
Իր կարգին, Միջազգային գործարար կապերու աջակցման խորհուրդի (IBRS Council) նախագահ Մարիամ Մանուկեան նշեց, որ Մարք Չենեան կը սորվեցնէ երազել եւ այս նախագիծը այդ իսկ երազանքներէն մին է։ «Սովորաբար, մեր բարդ իրականութեան մէջ կը մոռնանք երազել, մինչդեռ անոր ամենամեծ առանձնայատկութիւնը երազելն ու այդ երազանքներու ետեւէն երթալն է», ըսաւ ան։
Մարք Չենեանն ալ յայտնեց, որ իր գործունէութիւնը կրնայ բնութագրուիլ միայն «պատրաստակամութիւն» բառով։ Ան յոյս յայտնեց, որ ապագային կարելի կ՚ըլլայ համախմբել մասնագէտներ եւ ստեղծել Կոմիտասի ժառանգութեան ամբողջութեան թուային հարթակ մը՝ զայն հասանելի դարձնելով աշխարհին։