ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆ

«Համբերութեան եւ մխիթարութեան Աստուածը ուժ պիտի տայ ձեզի, որ իրարու հետ միեւնոյն խորհուրդը ունենաք՝ Քրիստոս Յիսուսին ուզածին պէս». (ՀՌՈՎՄ. ԺԵ 5)։

Համբերութիւնը Սուրբ Հոգիին պտուղներէն մին է, իսկ Հոգին մեր կեա՛նքն է։ Համբերութիւնը կատարելութիւն է եւ առաքինութի՛ւն, որ կը զօրացնէ մարդը։ Արդարեւ, Ս. Գիրքին մէջ զանազան առիթներով յիշուած է այս առաքինութիւնը։

«Անիկա անիրաւութիւն կրեց եւ չարչարուեցաւ, բայց իր բերանը չբացաւ։ Մորթուելու տարուող ոչխարի պէս, Իր խուզողներուն առջեւ մունջ կեցող մաքիի պէս՝ այնպէս իր բերանը չբացաւ». (ԵՍԱՅ. ԾԳ 7)։ «Գիրքին մէջ կարդացած տեղը այս էր.- Ոչխարի պէս մորթուելու տարուեցաւ եւ իր խուզողին առջեւ մունջ կեցող գառնուկի պէս՝ իր բերանը չբացաւ». (ԳՈՐԾՔ. Ը 32)։

«Անոր ալ պատասխան չտուաւ, այնպէս որ շատ զարմացաւ կուսակալը». (ՄԱՏԹ. ԻԷ 14)։

«Սորվեցուր ինչ որ կը վայելէ ողջամիտ վարդապետութեան։ Ծերերուն՝ զգաստ ըլլալ, ծանրաբարոյ, խոհեմ, ողջամիտ՝ հաւատքով, սիրով, համբերութիւնով». (ՏԻՏՍ. Բ 1-2)։ «Եւ գիտութեան վրայ՝ ժուժկալութիւն եւ ժուժկալութեան վրայ՝ համբերութիւն եւ համբերութեան վրայ՝ աստուածպաշտութիւն». (Բ ՊԵՏ. Ա 6)։

«Բայց համբերութիւնը կատարեալ ներգործութիւն թող ունենայ, որպէսզի կատարեալ եւ ամբողջ ըլլաք եւ բանի մը պակասութիւնը չունենաք». (ՅԱԿՈԲ. Ա 4)։

«Ո՛չ միայն այսքան՝ հապա նաեւ նեղութիւններու մէջ կը պարծինք. վասնզի գիտենք թէ նեղութիւնը համբերութիւն կը գործէ։ Եւ համբերութիւնը՝ փորձառութիւն եւ փորձառութիւնը՝ յոյս». (ՀՌՈՎՄ. Ե 3-4)։ «Եղբա՛յրներ, բոլորովին ուրախութեան արժանի բան սեպեցէք, երբ կերպ կերպ փորձանքներու մէջ իյնաք։ Գիտնալով որ ձեր հաւատքին փորձառութիւնը համբերութիւն կը ներգործէ». (ՅԱԿՈԲ. Ա 2-3)։

«Վասնզի գովեստի արժանի ի՞նչ կայ եթէ մեղք գործելով ծեծուիք եւ համբերէք։ Բայց եթէ բարիք գործելով չարչարուիք եւ համբերէք, ասիկա Աստուծոյ քով շնորհք մըն է». (Ա ՊԵՏՐ. 20)։

«Ուստի մենք ալ, որ այսչափ վկաներու բազմութեամբ շրջապատուած ենք, ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգենք եւ մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը։ Համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը». (ԵԲՐ ԺԲ 1)։

«Իսկ աղէկ հողի մէջ ցանուածը անոնք են՝ որ բարի եւ յօժար սրտով լսելով խօսքը՝ կ՚ընդունին եւ համբերութիւնով պտուղ կու տան». (ՂՈՒԿ. Ը 15)։

«Յաւիտենական կեանք անոնց՝ որոնք բարի գործերու մէջ համբերութեամբ յարատեւելով փառք եւ պատիւ եւ անմահութիւն կը խնդրեն». (ՀՌՈՎՄ. Բ 7)։

«Բայց բարիք գործելէն չձանձրանանք, որովհետեւ յարմար ժամանակին պիտի հնձենք՝ եթէ չթուլնանք։ Ուստի՝ քանի որ ժամանակը ձեռքերնիս է, բարիք ընենք ամենուն, մանաւանդ հաւատքի ընտանիքներուն». (ԳԱՂԱՏ. Զ 9-10)։

«Տէրոջը համբերէ՛ եւ անոր սպասէ՛ եւ մի՛ նախանձիր իր ճամբան յաջողութեամբ գացողին եւ խաբէութիւն ընող մարդուն». (ՍԱՂՄ. ԼԷ 7)։

«Սպասելով սպասեցի Տէրոջը, որ ծռեցաւ ինծի եւ լսեց իմ աղաղակս». (ՍԱՂՄ. Խ 1)։

Ժողովրդական իմաստութիւնը կ՚ըսէ. համբերէ՛ որպէսզի հա՛մ բերէ…

Այս իմաստով, համբերութիւնը թէեւ դժուար կը թուի շատերու, բայց իր հետեւանքներով հաճելի եւ նոյնքան ալ օգտակար եւ բարի՛ է։

Մարդ, ընդհանրապէս կ՚աճապարէ իր ակնկալած արդիւնքին հասնելու կամ իր ուզածին ժամ առաջ տիրանալու համար։ Այս կարգին մարդ ուրիշը դատապարտելու, անոր մասին որոշում կայեցնելու մէջ ալ անհամբեր է։ Բայց մարդ պէտք է մանաւանդ այս մասին համբերատար ըլլայ…։ Համբերութիւնը, երբեմն կեանքեր կ՚ազատէ։

Ուստի, երբ մարդ կը զայրանայ, պէտք է մտաբերէ զԱստուած՝ որ համբերութեան տիպարը եւ սկզբնապատճա՛ռն է… 

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունիս 12, 2026, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յունիս 13, 2026