ԵՐԱԶԵ՞Լ, ԹԷ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՊՐԻԼ

Երազներու եւ երազողներու մասին տարաբնոյթ կարծիքներ կան: Հոգեբաններ, գիտական ուսումնասիրութիւններու հեղինակներ յաճախ տարբեր տեսակէտներ կը յայտնեն, մանաւանդ՝ օր ցերեկով երազողներու մասին: Մէկ բան յստակ է. առանց երազի՝ կեանքը որո՞ւ պէտք է: «Պի.Պի.Սի.» երազի բնաբանով վերջերս հրապարակած է յօդուած մը:

*

«ԶՈՒԳԱՀԵՌ ԱՇԽԱՐՀ»
ԿԱԽՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ ՅԱՌԱՋԱՑՆՈՂ ԵՐԱԶՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՄԱՐԴԻԿ

Կան մարդիկ, որոնք ժամերով կ՚երազեն՝ տասնամեակներ շարունակ նոյն դերը խաղալով, մէկ նիւթով: Այդ կրնայ չափազանց տագնապալի ըլլալ: Ահաւասիկ թէ ինչպէ՛ս հասկնալ, երբ ձեր երազները չափը անցուցած են:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող հոգեբոյժ եւ հետազօտող Քոլին Ռոս կ՚ըսէ, որ այնքան վառ եւ մէջը սուզուող երազներ ունիմ, որ կրնան ստիպել լալ կամ բարձրաձայն ծիծաղիլ: Նաեւ կ՚ըսեմ, որ ունիմ անոնց մէջ ընկղմելու եւ դուրս գալու ուժ: Ինչպէ՞ս կրնամ վայելել զանոնք:

Ան տպաւորուած է իմ «մարզական տաղանդովս» եւ կ՚առաջարկէ, որ մտածեմ դերասանական ասպարէզի մասին: Ես այնքան ալ վստահ չեմ անոր մասին, բայց ուրախութեամբ կ՚ընդունիմ գովասանքը:

Ի՞նչ ընել, եթէ չկարողանաք դուրս գալ այս ներքին շարժապատկերէն:

Այս է խնդիրը այն մարդոց համար, որոնք ունին հիւանդութիւն մը, որ կը կոչուի «անյարմար երազային համախտանիշ»: Անոնք յաճախ իրենց արթուն ժամերու կէսէն աւելին կ՚անցընեն ստեղծելով մանրամասն եւ բարդ երազներ՝ իրենց մտքին մէջ ունենալով պատմութիւններ եւ կերպարներ:

Ռոս կ՚ըսէ, որ ծայրայեղ պարագաներու, մարդիկ կրնան երազել օրական մինչեւ 12 ժամ: Անոնց պատմութիւններու նիւթերու գիծերը կրնան տեւել տասնամեակներ շարունակ: Այդ կրնայ հրաշալի եւ ոգեշնչող հնչել, բայց այս մարդիկ այնքան խորասուզուած են իրենց ներաշխարհին մէջ, որ այդ կրնայ մեծ խափանումներ յառաջացնել առօրեայ կեանքին մէջ եւ յանգեցնել լուրջ տառապանքի:

Այս այնքան ալ հազուադէպ չէ, որքան կրնայ թուիլ:

«Այդ հաւանաբար չափահասներու 2-4 առ հարիւրին կը պատահի», կ՚ըսէ Ռոս:

Այսպիսով, ինչպէ՞ս գիտնալ, թէ արդեօք ձեր երազած երազները խնդիր կը դառնա՞ն:

Ինչպէ՞ս կրնաք զայն բուժել:

Արթնցէ՛ք, թերեւս երազէք:

Նախ եւ առաջ, երազելը ինքնին վատ բան չէ: Հակառակն է: «Եթէ դուք ընդհանրապէս երազ չեք տեսներ, կը խղճամ ձեր վրայ», կ՚ըսէ Ռոս:

Երազելը լայնօրէն կը նկատուի բնականոն մտային գործունէութիւն, որով կը զբաղին գրեթէ բոլորը: Ինքնազեկուցուող հարցաթերթիկներու միջոցով հետազօտողները կը հաստատեն, որ արթուն ժամանակ մեր մտային գործունէութեան 30-50 առ հարիւրը կը ծախսուի այն միտքերուն վրայ, որոնք կապուած չեն այն բանի հետ, թէ ի՛նչ կ՚ընենք այդ պահուն:

Երազելը կրնայ ո՛չ միայն նպաստել յուզական կարգաւորման, կարեկցանքին եւ ստեղծագործականութեան, այլեւ թեթեւցնել ձանձրոյթը եւ օգնել մարդոց՝ իմաստ մը գտնելու իրենց կեանքի փորձառութիւններուն մէջ: Սակայն Ռոս կ՚ըսէ. «Անյարմար երազելը կրնայ դառնալ «լիովին կլանող»: Այդ կը յառաջացնէ տառապանք եւ կը խանգարէ ձեր գործելու ունակութիւնը, բայց դուք կը շարունակէք այդ ընել հարկադրական յատկութեան պատճառով»:

Այս ձեւով երազը կը դառնայ անյարմար խանգարում: Երբ անոնք վերջապէս դուրս կու գան երազելու դրուագէն, անյարմար երազներով տառապողները հակուած են իրենց երեւակայածները ընկալել որպէս ապարդիւն եւ ժամանակի վատնում: Սակայն, անոր կախուածութեան բնոյթը կը նշանակէ, որ հոլովոյթը կը շարունակուի. այդ այնպիսին է, որմէ դժուար է դուրս գալ:

Խնդիրը կը յառաջանայ, երբ մարդը այլեւս չի տիրապետեր երեւակայութեան, որ կը սկսի ինք տիրապետել անձին:

ՊՈՐՉԵՐՑԻ ՓՈՐՁԸ

Ան կը յիշէ, թէ ինչպէ՛ս մտքին մէջ «այլ աշխարհներ» ստեղծած էր դեռ չորս տարեկանին: Այս աւելի սուր դարձաւ քանի մը տարի ետք, երբ ան տեղափոխուեցաւ նոր դպրոց, ուր միւս երեխաները կը ծաղրէին անոր առոգանութիւնը:

Երեւակայական պատմութիւնները դարձան անոր «անվտանգ վայրը», ուր ո՛չ ոք կը ծաղրէր եւ մարդիկ կը սիրէին զինք: «Իսկապէս հզօր ցանկութիւնն էր, ինչպէս մարդիկ կ՚ըսեն, որ ունին ցանկութիւն չափէն շատ տուրմ ուտելու կամ ընկերային ցանցերու մէջ յայտնուելու», կ՚ըսէ ան:

Ահա թէ ո՛ւր առողջ վարքագիծը կրնայ վնասակար դառնալ:

«Խնդիրը կը յառաջանայ, երբ անձը այլեւս չ՚օգտագործեր երեւակայութիւնը եւ երեւակայութիւնը կը սկսի չօգտագործել անձը», կ՚ըսէ համալսարանի բուժարանի հոգեբանութեան վաստակաւորներէն փրոֆ. Էլի Սոմեր:

Ան ստեղծած է «չյարմարող երազախաբութիւն» եզրը եւ աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր կ՚ուսումնասիրէ այս վիճակը:

Անյարմար երազատեսութիւնը յաճախ կը խթանուի եւ կը պահպանուի երաժշտութիւն լսելու կամ կրկնուող ֆիզիքական գործունէութեան միջոցով, ինչպէս՝ քալելը:

Մարդոց շուրջ 80 առ հարիւրը կ՚օգտագործէ անգիտակցական ֆիզիքական շարժումներ՝ երազատեսութեան մէջ ընկղմած կեդրոնացումը պահպանելու համար:

Ըստ Պորչերցի, այս կ՚ենթադրէ իր տան մուտքին մօտ չմուշկներով վեր ու վար քալելը կամ գնդակը պատին նետելով ժամերով ցատկելը:

ԱՄՕԹԻ ԵՒ ԶՂՋՈՒՄԻ ՇՐՋԱՊՏՈՅՏ

Պորչերց իր պաշտօնի կանուխ փուլին մէջ նկատեց, որ իր երազները կը սկսէին խանգարել զինք:

«Ես մոթորսիքլեթ չունէի: Ինչո՞ւ պէտք էր շատ ժամանակ եւ ներուժ ներդնէի աշխատանքին մէջ պաշտօնի բարձրացում ստանալու փորձերու, երբ այդ կրնամ ունենալ իմ երեւակայութեանս մէջ ճիշդ հիմա, առանց որեւէ ջանքի եւ այն 95 առ հարիւրով նոյնքան լաւ է, որքան՝ իրական աշխատանքը։ Ես 40 տարիէ կ՚աշխատէի, երբեք չէի փորձած պաշտօնի բարձրացում ստանալ», կ՚ըսէ ան:

Այդ տրամաբանական է:

«Երեւակայեցէ՛ք ձեր սիրելի պատկերասփիւռային հաղորդաշարը, բայց դուք գլխաւոր հերոսն էք: Ինչպէ՞ս կրնաք հրաժարիլ անկէ, եթէ ձեր ներկայի կեանքը այդքան ալ հետաքրքրական չէ», կ՚ըսէ Վանտա Ֆիշերա, որ բուժարանի հոգեբանն ու Երազներու միջազգային ընկերութեան ուսումնասիրութիւններու տնօրէնն է:

Եթէ մարդը ունի չբաւարարուած յուզական կարիքներ, անյարմար երազախաբութիւնը մարդոց հնարաւորութիւն կու տայ զգալ, որ զիրենք կը բաւարարեն: Օրինակ՝ անյարմար երազողները սովորաբար ուժեղ զգացողութիւն ունին, որ ներկայ են իրենց երազներուն մէջ եւ յաճախ սիրուած կամ հերոսական են:

Մարիան յաճախ կ՚երազէր, որ բեմի վրայ է եւ մարդիկ կը նային իրեն: Ան յաջող էր եւ ճանչցուած:

Այս հարցը կրնայ յառաջանալ, քանի որ այս ձեւով երազող մարդիկ ունին ամօթի զգացում. «Գուցէ ես բաւարար չափով լաւ չեմ, կամ մարդիկ չեն սիրեր զիս այսպէս, կամ՝ ես չեմ կարողանար ցոյց տալ իմ իրական եսս։ Երեւակայութիւնները միշտ լեցուն են կապերով… ուստի այդ պարզապէս ցոյց կու տայ մեկուսացումը նուազեցնելու այդ յուսահատ կարիքը», կ՚ըսէ Ֆիշերա:

…Դեռ չկայ անյարմար երազախաբութեան պաշտօնական բուժում, սակայն, մասնագէտները կը նշեն, որ կանուխ բուժարանային ապացոյցները խրախուսիչ են:

Մարիան կը խոստովանի, որ մանկութենէն առանձին զգացած է ինքզինք: Ան ժամերով ետ-առաջ կը շարժէր՝ երաժշտութիւն ունկնդրելով երազելը դիւրացնելու համար: «Այդ անընդհատ կը գրաւէ ուշադրութիւնդ: Այդ տեսակ մը զուգահեռ աշխարհ է», կ՚ըսէ ան:

Ծնողներն ու ուսուցիչները չէին կարողանար հասկնալ անոր պայքարի բնոյթը: «Այդ շատ խանգարող էր, ուստի, ես չէի կրնար սորվիլ եւ մարդիկ ինքնաբերաբար կը մտածէին, որ ես չեմ ուզեր սորվիլ կա՛մ ես ծոյլ եմ», կ՚ըսէ ան:

Մարիան կը ստեղծէր տարբեր նիւթեր եւ կերպարներ՝ մաս մը յօրինուած, մաս մը՝ իրական մարդոցմէ եւ տարի մը շարունակ կը կեդրոնանար մէկու մը վրայ: Հիմա ինք ունի բաւականաչափ պատմութիւններ տասն շարժապատկերի համար, շեշտած է ան:

Երբ ան կ՚աւարտէր երազը, ոչինչ կ՚ընէր նիւթին. օրինակ՝ գրի չէր առներ այդ եւ խորապէս կը գիտակցէր վատնուած ժամանակը:

Շատերու նման, Մարիան չափահաս տարիքին հասկցաւ անյարմար երազախաբութեան մասին եւ մեծ թեթեւացում զգաց, որ մինակ չէ:

«Ես մեծցած եմ այն մտքով, որ գուցէ ես տարօրինակ եմ», կ՚ըսէ ան:

Ինչո՞ւ կարգ մը մարդիկ կը տառապին անյարմար երազախաբութենէ:

Անյարմար երազախաբութիւնը կապուած է տարբեր վտանգի գործօններու, որոնք կարծես կը մեծցնեն անոր տարածուածութիւնը: Օրինակ՝ ուսումնասիրութիւններ այդ կապած են մանկութեան սարսափներու, նեղութիւններու: Անտեսումը, յուզական բռնութիւնը եւ կապուածութիւնը: Այդ անհատները անյարմար երազախաբութիւնը կ՚օգտագործեն ցաւոտ յիշողութիւններէն եւ զգացումներէն խուսափելու համար:

Կրնայ նաեւ այդ միջոց ըլլալ ջղային հարցերէ բխող մարտահրաւէրներու յաղթահարման համար:

Լսողութեան հարցեր ունեցող 235 չափահասներու մասնակցութեամբ ուսումնասիրութիւն մը կը հաստատէ, որ անոնց 43 առ հարիւրը յայտնած է անյարմար երազախաբութեան մասին եւ այդ ապրումները սերտ կապուած են առանձնութեան եւ յուզական կարգաւորման դժուարութիւններու:

Այլ հետազօտութիւններ ցոյց տուած են ամուր կապեր կամ նման ճանաչողական իւրայատկութիւններ, զանազան տեսակի խանգարումներ:

Պորչերցի 18 տարեկանին ախտորոշուեցաւ ընկճուածութեամբ:

«Ես յաղթահարեցի այդ՝ դուրս գալով իրական կեանքէն», կ՚ըսէ ան:

Քառասուն տարեկանին ան ամիս մը անցուց հոգեբուժական բաժանմունքին մէջ՝ ճնշախտի բուժում ստանալու համար եւ վերջապէս զգաց, որ ստացած է անհրաժեշտ օգնութիւնը:

Այդ նաեւ շրջադարձային պահ էր իր երազներու նկատմամբ վերահսկողութիւնը վերականգնելու համար. անոնք վերադարձան աւելի ստեղծագործական ու հաճելի եւ ան այլեւս չէր զգար հարկադրանք:

Մարիան հոգեկան առողջութեան խնդիր չէ ունեցած, բայց ան մասնագիտացած բուժում կը ստանայ:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Յունիս 13, 2026