ԼՈՒՍԻՆԷ ԶԱՔԱՐԵԱՆԻ ԵՒ ԽՈՐԷՆ ՊԱԼԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Վերջերս, անցած 1 յունիսի յետմիջօրէին, Երեւանի «Եզնիկ Կողբացի» փողոցին վրայ 42/3 հասցէին գտնուող հայ ազգային հոգեւոր երգերու եւ երաժշտութեան անկրկնելի, առասպելական երգչուհի «Լուսինէ Զաքարեան» (Ախալցխա, սովետական Վրաստան, 1 յունիս 1937 - Երեւան, 30 դեկտեմբեր 1992, թաղուած 4 յունուար 1993-ին, Ս. Էջմիածնի Ս. Գայիանէ եկեղեցւոյ բակի գերեզմանատունը) տուն-թանգարանէն ներս հոգիները վեհացնող, հոգեպարար հանդիսութիւն էր: 

Լուսինէ Զաքարեանի ծննդեան օրուան եւ նոյն ատեն տուն-թանգարանի հիմնադրութեան 7-ամեակին առիթով, թանգարանին դուրսը, փողոցին նայող՝ Լուսինէի յուշաքանդակի կողքին տեղադրուեցաւ յուշաքանդակը անզուգական երգչուհիին ամուսնոյն՝ շեշտուածօրէն գրաբարագէտ եւ գրականագէտ, հայ ժողովուրդի պատմութեան հմուտ պատմագէտ, ներհուն բանասէր ե՛ւ երգիչ, բազմակողմանի զարգացած անձնաւորութիւն, միջնադարեան հայ հոգեւոր երաժշտութեան քաջատեղեակ մեծ դէմք, այլեւ քաջահմուտ դասախօս, արուեստագէտ սերունդներ պատրաստած դաստիարակ, հիւմըրի հսկայական պաշար կրող Խորէն Պալեանի (Լիբանանի հիւսիսը գտնուող քաղաք՝ Թրիփոլի, 10 մարտ 1935 - Երեւան, 23 յունուար 2007, թաղուած Ս. Գայիանէ եկեղեցւոյ բակի գերեզմանատունը), որ անգիր եւ բերանացի գիտէր 1700 շարական:

Արդարեւ, Լուսինէի ծննդեան օրուան լուսափաղփ հանդիսութեան բազմաթիւ երեւելի մշակութային ու գրական դէմքերու, վաստակաւոր գործիչներու եւ երաժիշտներու, վաստակաշատ մանկավաժ Խորէն Պալեանի աշակերտներու, արուեստասէր հասարակութեան շարքին ներկայ էին յատկապէս Լոս Անճելըսէն ժամանած, ամերիկահայ ազգային եւ մշակութային գործիչ, բարերար, Լուսինէ Զաքարեանի տուն-թանգարանի հիմնադիր, Խորէն Պալեանի եղբօրորդին՝ տքթ. Ռաֆֆի Պալեանը, նաեւ տուն-թանգարանի տնօրէն Սուսաննա Համբարձումի Դաւթեանը՝ Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանի փիլիսոփայութեան եւ բիոէտիկայի ամպիոնի վարիչ, տոցենդ, որ աւուր պատշաճի իր խօսքն արտասանելէ ետք հրաւիրեց տքթ. Ռաֆֆի Պալեանը՝ սրտի խօսքը փոխանցելու այս առիթով: Տքթ. Պալեան իր անխառն հրճուանքը արտայայտելով Խորէն Պալեանի յուշաքանդակի քօղազերծման եւ բացման առիթով տեղի ունեցած հանդիսութեան՝ մասնաւորապէս ըսաւ, որ Խորէն Պալեանի երազն էր, որ իրենց այս խոնարհ բնակարանը, ուր Լուսինէի հետ ապրած են տասնամեակներ, օր մը վերածուի թանգարանի, որուն իրականցման համար ան յուզումով շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն բոլոր օժանդակողներուն: Տքթ. Սուսաննա Դաւթեան ձեռնհասօրէն վարելով հանդիսութիւնը՝ սրտի խօսք արտասանելու հրաւիրեց ներկաները: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր՝ նուագ, երգ, ասմունք: Ապա Լուսինէ Զաքարեանի գեղահնչիւն երգեցողութեան հովանիին ներքոյ հրաւիրեալները համախմբուեցան հիւասիրութեան սեղանի շուրջ, իրարու հետ վերակենդանացնելով քաղցր յուշեր Լուսինէ Զաքարեանի եւ Խորէն Պալեանի օրերէն: 

Յիրաւի, երկիր իջած Աստուածառաք հրաշք մըն է Լուսինէն՝ Կոմիտասի կեանքի ու կոմիտասեան երգերու անզուգական մեկնաբանը, որ հայ ժողովուրդի ազգային հոգեւոր երգերը Էջմիածնի տաճարի պատերէն դուրս բերելով սփռեց սփիւռքի չորս ծագերը: Առաւե՛լ, աստուածային ուժով եւ Խորէն Պալեանի անմիջական աջակցութեամբ, Լուսինէն ունեցաւ անկոտրելի խիզախութիւնն ալ՝ խորհրդային համատարած անաստուածութեան տարիներուն, երբ Քրեմլինի գրաքննութիւնը զայն կը հալածէր՝ մինչեւ խորը հասկնալու իմաստն ու բովանդակութիւնը Լուսինէի հոգեգրաւ «Սուրբ-Սուրբ»ին, «Տէր ողորմեա»յին, «Հաւուն-հաւուն»ին, կոմիտասեան վեհացնող միւս բոլոր երգերուն ու երաժշտութեան, որոնք Էջմիածնի տաճարի կամարներէն դէպի երկինք եթերաթռիչ կը բարձրանային երկի՜նք, առ Աստուած, երկնքի անհունաստեղծ կապոյտին մէջ զուարթունի թեւեր հագած, Հայաստանի եւ սփիւռքի տարբեր ափերէն իրենց կանչելով հայորդիները, որոնք մեսմերացած կ՚ունկնդրէին այդ աստուածային ձայնը, ո՛ւր ալ գտնուէին:

Իրաւացի էր Պարոյր Սեւակ, որ գրած է. «Խորէն Պալեանն ու Լուսինէ Զաքարեանը ծնուեցին ճիշդ ժամանակին: Նրանք եկան եւ բերեցին այն, ինչը մենք ունէինք դարեր ի վեր, բայց նաեւ՝ չունէինք: Դա մեր ազգային հոգեւոր երգն էր, որը ճանաչելով՝ ազգը ճանաչեց ինքն իրեն: Խորէնը մեր հոգեւոր ժառանգութեան գիտակն էր, գրաբարագէտ: Նրա մէջ մեր միջնադարեան վանականների ոգին էր: Իսկ Լուսինէն, որ ունէր ռուսական կրթութիւն, ամուսնու՝ Խորէնի շնորհիւ կարողացաւ մեր մշակոյթի անդաստաններից վեր հանել մեր հազարամեայ գանձը՝ հոգեւոր երգը»:

1975-ին, Լուսինէ Զաքարեան եւ Խորէն Պալեան Պոլիս այցելեցին երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կազմակերպութեամբ եւ Պոլսոյ հայոց ամենապատիւ պատրիարք Շնորհք արքեպիսկոպոսի միջնորդութեամբ: Լուսինէի համերգներուն մասնակցելու համար եկած էին նաեւ Անատոլուէն ծպտեալ հայեր, որոնք լեզուին չտիրապետելով հանդերձ լուռ կու լային, կը համբուրէին երգչուհիին զգեստի քղանցը ու կը հեռանային: Կին մը բարձրաձայն ու համարձակօրէն կ՚ըսէր, թէ Լուսինէի ձայնով Արարա՛տն է, որ կը խօսի իրենց, իսկ Լուսինէի պատասխանը անոր՝ կ՚ըլլայ. «Արարատն ու հայրենիքը միշտ ձեզ հետ են, իսկ այս երգերը դարերով պահել է հենց համայնքը, ես միայն ետ եմ բերել դրանք»: Միւս կողմէ, թուրք քննադատները ապշած մտիկ կ՚ընէին, թէ ինչպէ՞ս նուրբ կինը առանց բարձրախօսի կը լեցնէր տաճարներու կամարները: Պատասխանելով նոյն քննադատներու այն հարցումին, թէ Լուսինէ ինչպէ՞ս կ՚երգէ շնչելու պէս թեթեւ՝ Խորէն Պալեանն է, որ կը պատասխանէ այս անգամ. «…. Որովհետեւ Լուսինէն կ՚երգէ հոգիով, իսկ երբ հոգին կ՚երգէ, մարմինը չի յոգնիր»:

Ի միջի այլոց, ի՞նչ են տուն-թանգարանի տնօրէնութեան ծրագիրները, ի՞նչ է նպատակն անոնց: Տքթ. Սուսաննա Դաւթեան շատ առիթներով յաճախ խօսած է, թէ տուն-թանգարանին առաջնային նպատակներէն մէկն է շարունակել Լուսինէի ու Խորէնի անուան անուանական կրթաթոշակ տրամադրելու գործընթացը լաւագոյն հինգ ուսանողներու. առաջին՝ ԵՊՀ-ի (Խորէն Պալեանի անուան անուանական կրթաթոշակ, գրաբարի լաւագոյն իմացողին) այն ուսանողին, որ կը փայլի գրաբարի իմացութեամբ՝ այնպէս ինչպէս Խորէն Պալեանն էր: Երկրորդ՝ «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցի. երրորդ՝ «Ռոմանոս Մելիքեան» երաժշտական ուսումնարանի. չորրորդ՝ Առնօ Բաբաջանեանի. հինգերորդ՝ «Շարլ Ազնաւուր» երաժշտական ուսումնարաններէն մէկական ուսանողի: Այստեղ կարեւոր է յայտնենք, թէ թանգարանին միակ հովանաւորը անոր հիմնադիր տքթ. Ռաֆֆի Պալեանն է, իսկ երկրորդը՝ արեւելագէտ, բարերար, Քաշաթաղի բազմազաւակ ընտանիքներու օգնութեան հովանաւոր փրոֆ. Գուրգէն Մելիքեանը, նշուած նպատակով սոյն գործընթացին համար անուանական կրթաթոշակի հովանաւոր:

Անդրադառնալով տքթ. Սուսաննա Դաւթեանի նախաձեռնողական ու ժրաջան աշխատանքներուն՝ ի սպաս տուն-թանգարանի յաջող երթի, պիտի ընդգծել, որ թանգարանին տնօրէնը պարտասիլն հեգնող մեղուաջանութեամբ աշխատանք կը տանի թանգարան հրաւիրելու բարձրագոյն ուսման հաստատութիւններու վերատեսուչներն ու մարդկայնական առարկաներու (փիլիսոփայութիւն, հասարակագիտութիւն, գրականութիւն, մշակութաբանութիւն, հոգեբանութիւն, եւ այլն) դասախօսները, յորդորելով, անոնցմէ խնդրելով, որ իրենց դասերը անցընեն Լուսինէ Զաքարեանի տուն-թանգարանին մէջ: 

Գիտենք, որ Հայաստանի մէջ կը վխտան ռապիզ երգերու, անոնց ոճային գրեթէ նոյն յատկութիւնները ունեցող երգ ու երաժշտութիւն, «տաշի-տուշի»ներու ցնծերգներ, որոնց ակնարկելով, տքթ. Դաւթեան հայ նորահաս սերունդին կոչ կ՚ընէ գիտնալու, որ այդ երգերուն առընթեր ունինք նա՛եւ հոգեզմայլ, հոգեթով հայ երաժշտութիւն, որ՝ ինչպէս ըսուեցաւ՝ կը վեհացնէ, կը սրբագործէ հայ մարդու հոգին:

Եւ ահա այսպէս, Լուսինէ Զաքարեանի տուն-թանգարանի տնօրէնութեան գերագոյն նպատակներէն մէկն ալ ա՛յս է: Մասնաւորապէս դպրոցականներուն եւ ուսանողներուն, ե՛ւ երէց հայրենակիցներուն, լսելի՛ դարձնել մեր ազգային հոգեւոր գանձերը: Մէկ խօսքով՝ երեխային ճանչցնե՛լ, սիրցնե՛լ, որ հպարտանա՛յ, թէ ինք արժանապատիւ կերպով իր սորվածը կը հրամցնէ դուրսը, օտար ազգերուն, արտերկրի մէջ: 

Արդարեւ, ռուսերէն կրթութեամբ մեծցած Լուսինէ Զաքարեան չէր հասներ այն բարձունքին՝ ուր հասաւ, եթէ ազգային հոգեւոր երգերու իրեն առաջնորդ, թեւ ու թիկունք չունենար Խորէն Պալեանի նման գրաբարի ու հայերէն լեզուի քաջագիտակ, ծիսագէտ, երաժշտագէտ ու մանկավարժ անձնաւորութիւն մը: Աւելի քան 1տասնհինգ լեզուներով է երգած Լուսինէ Զաքարեան, բայց հաստատակամօրէն ան ընդգծած է. «Շատ եմ սիրում Պախի, Հէնտէլի, Մոցարթի եւ այլ մեծերի ստեղծագործութիւնները, բայց իմ հոգուն աւելի մօտ են մեր միջնադարեան աննման գոհարները եւ մանաւանդ Խորենացու, Նարեկացու, Շնորհալու հոգեզմայլ մեղեդիները: Ես շատ ուրախ եմ, որ կարողացայ մի փոքր բաժին բերել ի նպաստ Կոմիտասի հիմնադրամի, քանի որ այստեղ Կոմիտասի՛ անունը կայ: Կոմիտասն այն հանճարն է, որի առաջ պէտք է խոնարհուել»:

Երջանկայիատակ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս իրաւամբ մեկնաբանած է. «Երբ Լուսինէն երգում է «Սուրբ-Սուրբ»ը, բոլոր հրեշտակները բազմութեամբ իջնում են Մայր Աթոռ ու փառաբանում Աստծուն իր այդ երգեցողութեան ու նրան ի վերուստ տրուած շնորհի համար»: Իսկ Պարոյր Սեւակ խոր համոզմամբ գրած է. «Լուսինէն հայ երգարուեստի մէջ նոյն դերն ունի, ինչ ճարտարապետութեան մէջ Թորոս Թորամանեանը»:

Յունիսի առաջին օրը Լուսինէ Զաքարեանի եւ Խորէն Պալեանի անմահ յիշատակները ջահավառեցին հոգիները ներկաներուն: Արդ, յառաջիկայ տարի, 2027-ին, տուն-թանգարանի հիմնադրութեան 8-րդ տարեդարձին, Լուսինէ Զաքարեանի ծննդեան 90-ամեակին եւ Խորէն Պալեանի մահուան 20-ամեակին ընդառաջ, տուն-թանգարանի հիմնադիր տքթ. Ռաֆֆի Պալեան՝ համագործակցութեամբ թանգարանի տնօրէն տքթ. Սուսաննա Դաւթեանի, կը պատրաստուին մեծ հանդիսութեամբ ու հրապարակային նշել երկու մեծ երախտաւորներուն յոբելեանները: 

Սիլվա Կապուտիկեան, Վահագն Դաւթեան, Նաիրի Զարեան, Գեղամ Սարեան, Յովհաննէս Շիրազ, Արշալոյս Մարգարեան նաեւ ռուս գրողներ բանաստեղծութիւններ են ձօնած Լուսինէ Զաքարեանին: Արդար չ՚ըլլար աւարտել սոյն յօդուածը՝ առանց ներկայացնելու Սիլվա Կապուտիկեանի հետեւեալ ոգեզինող «Հոգեհանգիստ» խորագրեալ բանաստեղծութիւնը, ձօնուած Լուսինէ Զաքարեանին եւ գրուած վերջինին մահէն երեք շաբաթ ետք:

Խորանի առաջ՝ Աստուածամօր դէմ,
Սպիտակ մի մոմ խոշոր ու վերձիգ,
Սպիտակ մի մոմ կայծկլտում է մեղմ -
Սպիտակ հագած փխրուն մի աղջիկ:

Ու մոմի ծայրին բոցի փոխարէն, 
Լոյսի փոխարէն ձա՛յն է թրթռում, 
Հալհլող մոմից «Սուրբ-Սուրբ» է ծորում,
Պահ առ պահ հատնում, այրում ինքն իրեն: 

Դրսում զանգերն են ղօղանջում տխուր,
Մայր Էջմիածնից մինչեւ Գանձասար.
Ծունկի է իջել ու խունկ է ծխում
Աղօթքով լցուած մի հայ ներաշխարհ:

Տէ՛ր, ընդունելի՛ արա մեր զոհը, 
Տէ՛ր, Քեզ է մնում մեր բախտը ու մենք,
Վառե՛լ ենք Քո դէմ մեր վերջին մոմը,
Դրանից մաքուր էլ ոչինչ չունենք:

ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

Պէյրութ

Ուրբաթ, Յունիս 12, 2026