ԱՆԺԱՄԱՆՑԵԼԻ ԽՈՀԵՐԷՆ
«Կը կարծէ՞ք, որ նոր հայրենիքի մը կարիքլը ունինք, թէ ոչ՝ նոր ժողովուրդի…»:
Մահմուտ Տարուիշ(*)
Պաղեստինցի հանրայայտ իմաստասէր, մտաւորական, գրող՝ Մահմուտ Տարուիշի այս խոհին կամ խօսքին երբ աչքերս հանդիպեցան, վայրկեանին մտքիս մէջ նոր հարցեր եւ հարցումներ սկսան ծնունդ առնել: Մարմաջ մը կայ այս խօսքին մէջ:
Ինծի կը թուէր, թէ այս գրութիւնը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ զգացող սրտէ մը մեծ պոռթկում մը, մաքուր տեսակէտ մը ու մեծագոյն ափսոսանքէ մը ծնունդ առած՝ արդար պահանջք մը:
Անկեղծօրէն ըսեմ, որ ինչպէս միշտ, նախ հաճոյքով կարդացի տողերը, որուն բառերը զիս անմիջապէս կապեցին: Ապա միտքս սկսաւ այս խօսքին շուրջ անհանդարտ պտոյտներ կատարել: Անհանգիստ որոնում: Ու այս անկայուն հոգեվիճակին իբրեւ հարազատ արդիւնք, սենեակէս ներս խոր խաղաղութիւնը փուլ եկաւ:
Ուստի, ինծի կը մնար ցանկութիւնը՝ ընդունելու այս «ճշմարտութիւնը»:
Տարուիշի այս խօսքէն նաեւ կարելի էր եզրակացնել, թէ տողերը իր ապրած տառապալից կեանքի անմիջական մտահոգութենէն ծնունդ առած գաղափարի մը արտայայտութիւնն էին, ինչպէս նաեւ իր ազգակիցներուն ուղղուած զգաստութեան կանչող լռելեայն անմեղ հրաւէր մը: Տակաւին՝ մաքուր խորհուրդ: Գիտակցութեան կառչելու՝ կանչ:
Առանձնութեանս մէջ միտքս հետզհետէ այս նոր «բաներով» սկսած էր խճողուիլ: Միւս կողմէ, ինծի համար ալ լաւ առիթ մըն էր մտածելու եւ խոկալու, կ՚ըսէի մտովի: Նոր մտածումներ կեանքի կոչելու: Նոր գաղափարներ պարզելու: Կարծիքներ փոխանակելու: Նոր եզրակացութիւններու յանգելու:
Անոր համար ուզեցի այդ բոլոր մտածումներս բառերու վերածել: Միտքերս շարեցի, դասաւորեցի, բաղդատականներս կարգի բերի ու այս բոլորը սեւով ճերմակի վրայ միանուագ՝ ընթերցողին տրամադրութեան ահա յանձնեցի:
Արդ, առաջին իսկ հերթին, այս իր խօսքով, ի՞նչ էր իր պատգամը, թելադրանքը, կամ ի՞նչ ըսել կ՚ուզէր արաբ այս տաղանդաւոր գրիչը, որ տարիներով իր երազը իր հետ պտտցնելով, պահելով, հայրենիքէն հեռու զանազան օտար երկիրներու մէջ պարտադրաբար ապրած էր, իբրեւ տարագիր, գաղթական եւ աքսորեալ, իսկ վերջին օտարութեան մէջ մահացած:
Ինծի համար, կը կարծեմ, որ այս խոհը թելադրանք մը ըլլալէ առաջ եւ աւելի, պահանջք մըն ալ էր, կեանքի դառնութեան բառերով հիւսուած: Տեսակ մը շարժումի եւ մտածումի արտայայտութիւն: Յուսախաբութեան ծնունդ եւ մանաւանդ ինքնագիտակցութեան մղելու միջոց:
Իսկ հիմա…, ուրկէ սկսիլ…:
Թէեւ օրերս, երկար ու կարճ ժամերուս շարանով յոգնած էին… բայց իբրեւ գլխաւոր թելադրանք, մտածողութեան պահանջք զգացած էի, ուստի, որոշեցի ընթերցողին տրամադրութեան յանձնել բոլոր միտքերս:
Թերեւս, շատերուն համար բառերս դառնութեան ձայներէն հիւսուած ըլլան, իսկ տողերս ալ՝ անօրինակ: Բայց մեր կեանքի անկայուն վիճակէն մեկնած, որպէսզի ես ալ չիյնայի նոյն խոհին մէջ ու նոյն անկայուն վիճակէն դուրս գայի, փորձեցի ես ինծի վերլուծել հրամցուած խոհը այս հսկայ մտաւորականին ու բաղդատական մը ընել իր եւ մեր ժողովուրդին, իր եւ մեր հայրենիքին հետ:
Իրը՝ Պաղեստինը, մերը՝ Հայաստանը: Իրը՝ պաղեստինցին, մերը՝ հայը:
Ուստի, ինչո՞ւ այս տողերը… որովհետեւ տխուր եւ խոր խաղաղութիւն մըն է, որ կը տիրէ մեր հայրենիքէն ներս: Տեսակ մը անօրինակ տագնապով գալարուող երկիր, ուր կեանքը սկսած է ծանրանալ: Տակաւին նաեւ թունաւոր ատելութեամբ լեցուն երկիր մը, ուր ժողովուրդը կշտացած է բառերու հացով եւ գաղափարներու գինիով ալ տարիներէ ի վեր՝ արբեցած:
Կեանքի բազկերակը անկանոն սկսած է գործել: Երկիրը զինաթափ կեցած է կեանքի անակնկալներուն դիմաց եւ կախուած մեծ երկիրներու քմահաճ խոստումներէն: Տխուր իրականութիւն: Մտահոգութեան ալիքներով լեցուն երկիր մը դարձած ըլլալով, անորոշութեան եւ շուարումի մթնոլորտով է լեցուած: Ինքնութեան պահպանման հարց կայ:
Գիտենք, որ պարտուած ենք ամէն ճակատի վրայ եւ կը հեւանք ու ամէն օր նոյն յոյսին կը սպասենք: Հաւատաւոր եւ անկեղծ դաշնակից կամ դաշնակիցներ չունինք: Ուստի, ի՞նչ պէտք է ընել, որպէսզի լաւին սպասումը կարօտի չվերածուի: Հաստատ պահել հայրենիքն ու իր սահմանները: Ահա… հրամայականը:
Ապա… նոր ժողովուրդ. այս մէկուն համար էական է ստեղծել եւ տեսնել նոր հայը: Հայ կեանքը իմաստաւորող հոգեկան կապին էականութիւը առաջնահերթ նկատել: Ունինք տեսանելի եւ այրող հարցեր: Պէտք է ներկան մերը դարձնենք, որպէսզի մեր երազներուն վրայ մոխիրը չնստի: Աւելին՝ պահել հայ կեանքի ջերմութիւնն ու իր աստիճանը: Նաեւ էական է տեսնել արթուն եւ գիտակից մտքեր:
«Ես»էն աւելի եւ առաջ՝ «մենք»ի մասին մտածել: Միաւորուիլ:
Եւ որպէսզի մեր հայրենիքը կատարեալ եւ բոլորիս հայրենիքը դարձնենք, նախապայման է նախ մենք զմեզ «շտկենք»:
Իմ կարծիքով… ահա Տարուիշի խօսքէն մեզի հասնող եւ թելադրող ու ականջի օղ դարձնող գլխաւոր պատգամը:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Լոս Անճելըս
(*)Մահմուտ Տարուիշ (1941-2008) - Տաղանդ եւ գրիչ ունեցող Պաղեստինի ազգային մեծագոյն եւ հանրայայտ բանաստեղծ-գրող: Արաբական ժամանակակից գրականութեան ազդեցիկ դէմքերէն մէկը, որ նաեւ համարուած է պաղեստինեան դատին, աքսորի, կորսուած հայրենիքի եւ սիրոյ խորհրդանիշը: