ՄԻՇՏ ԱԼ ՊԱՏՃԱՌԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԱՅ

Հայ գրող եւ մտաւորական Նշան Պէշիկթաշլեան հակակրանք մը ունէր հայ կուսակցութիւններուն հանդէպ եւ կը հաւատար, որ անոնք մեր իրականութեան մէջ ստեղծուած են ազգութիւն պաշտպանելու անուան տակ սեփական շահեր հետապնդելու եւ ան այս մէկը իր առօրեայ յօդուածագրութիւններուն մէջ բացայայտ ձեւով կը յայտնէր։ Անշուշտ, «երգիծանք» անուան տակ յաճախ գրողը ինքզինք կ՚արտօնէր սուր ու կծու խօսքեր ըսել, սակայն, անոնց տակ գտնուող համոզումը կը շարունակէր ապրիլ: 

Պէշիկթաշլեան նման բովանդակութեամբ յօդուած մը կը ստորագրէ «Սփիւռք» շաբաթաթերթի շաբաթ, 2 յուլիս 1960 թուակիր հրատարակութեան առաջին էջին մէջ։ Մեր թուականէն 66 տարիներ առաջ գրուած այս գրութիւնը այնպէս ինչպէս անցեալի, նոյնքան մեր ներկայի վիճակն է, որ կը պարզէ։ Անշուշտ ի տարբերութիւն մեր օրերուն, Պէշիկթաշլեան յականէ անուանէ կը յիշէ կուսակցութիւններուն անուններն ու անոնց մասին իր գնահատականը կու տայ։ Այսօր կը խուսափինք այդ մէկը ընելէ, որովհետեւ լաւապէս կը գիտակցինք, որ ներքին կռիւներն ու եղբայրասպան պատերազմները ինչքա՜ն վնաս պատճառած են մեր ազգին՝ շատ անգամ թշնամիին պատճառած վնասներէն շատ աւելի: Պէշիկթաշլեանի երգիծական այս գրութեան մէջ կան բազմաթի՜ւ ճշմարտութիւններ, որոնք կը կարօտին լուրջ վերլուծութեան՝ հասկնալու եւ տեղ մը ընդունելու բոլոր այն բացթողումները, որոնք ունինք այսօր: 

Գրողը իր գրութեան մէջ փոքր դրուագով մը հետեւեալ երգիծանքը կը գրէ. «Օր մը կուսակցականի մը հարց կու տայ, թէ ինչո՞ւ համար հայ կուսակցական ղեկավարներէն շատեր որպէս կողակից կ՚ընտրեն օտարազգի կիները՝ օրինակի համար եւրոպացին՝ քան հայը». կուսակցականը կը պատասխանէ. «Որպէսզի մենք՝ շարքայիններս՝ իրենց դժբախտութիւնը մօտէն տեսնելով զգուշանանք օտարուհիներու հետ ամուսնանալէ: Մեր ղեկավարները մեծ զոհողութիւն ըրած են, մեր բախտաւորութեան համար»: 

Մի քանի տող հաշուող այս գրութեան հիմնական միտքը օտար ամուսնութենէն տարբեր երեւոյթի մը քննադատութիւնն է՝ ինչ որ մինչեւ օրս կը շարունակէ տեղ գտնել մեր հայկական իրականութենէն ներս: Որեւէ կուսակցութեան շարքային անդամներ կ՚անգիտանան, որ իրենց կուսակցութեան գլուխ գտնուող ղեկավարը մա՛րդ ըլլալով սխալական է. մեր հասարակութիւնը այս մէկը կ՚անգիտանայ, որովհետեւ կուսակցութեան գաղափարին փոխարէն կը սկսի մարդը պաշտել, կը սկսի մարդը մեծարել եւ հետեւաբար անոր գործած իւրաքանչիւր սխալ եւս կը սկսի ունենալ իր «տրամաբանական» պատճառն ու պատասխանը՝ ինչպէս օտար ամուսնութեան պարագային։ Կուսակցութեան ղեկավարին այս կամ այն խօսքը, արարքը քննադատել ինչո՞ւ համար որպէս քննադատութիւն կը դիտուի. ինչո՞ւ համար շարքայինը ինքզինք պարտադրուած կը զգայ կուրօրէն ընդունելու բոլոր այն ձաբռտուքները, զորս ղեկավարը կ՚որոշէ ունենալ։ Մեր ներկայ քաղաքական կեանքէն եթէ ուզենք օրինակով մը փաստել այս մէկը… այնքան ալ դժուար պիտի չըլլայ, բաւարար է աչքէ անցընել Փաշինեանի դիմակիցները։ Փաշինեանը եկեղեցւոյ եւ անոր գլուխը գտնուողներուն մասին բան մը կ՚ըսէ… թութակի պէս նոյնը կը կրկնեն դիմակիցները։ Փաշինեան կաթողիկոսը «Կտրիչ Ներսիսեան» կ՚անուանէ եւ նոյն օրը դիմակիցները կը սկսին կաթողիկոսը անուանել «Կտրիչ Ներսիսեան»։ Փաշինեան հայ մեծ բարերար Սամուէլ Կարապետեանը «Կալուկացի Սամօ» որպէս կը յիշատակէ եւ նոյնութեամբ կը կրկնեն միւսները: Անշուշտ, այս մէկը մտահոգիչ է. բոլորը նոյն վայրկեանին կը համոզուի՞ն այդ բոլորին, կամ դիմակից ըլլալով իրենք զիրենք պարտաւոր կը զգան ընդունիլ ու կրկնել բոլոր այն բաները, որոնք ղեկավարը կը բարձրաձայնէ: Չե՛նք գիտեր: 

Այսօր եւս մեր հայկական իրականութենէն ներս գոյութիւն ունին բազմաթի՜ւ բացթողումներ, սակայն, մենք այդ բացթողումները չե՛նք կրնար սրբագրել, որովհետեւ որոշ խմբաւորումներ այդ բոլորը որպէս բացթողում չե՛ն ընդունիր. ամէ՛ն բան ունի «տրամաբանական» կարծուած պատասխան մը եւ այնքան ատեն, որ մարդ համոզուած է իր սխալի ճշտութեան՝ կարելի չէ սրբագրել: Այնպէս ինչպէս վերը յիշուած կուսակցականը իր ղեկավարներուն օտար ամուսնութիւնը որպէս դրական երեւոյթ կը մեծարէր, նոյնպէս մերօրեայ ղեկավարներուն սխալները մեծարողներ շա՜տ կան եւ պատճառը մի՛շտ ալ նոյնն է. գաղափարախօսութեան պակաս։ Մեր մօտ գաղափարէն աւելի անձը կը մեծարեն. օրինակի համար՝ գոյութիւն թող չունենայ Փաշինեանը, բնականաբար, գոյութիւն պիտի չունենայ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, որովհետեւ համոզումէն աւելի անձի վրայ հիմնուած են եւ մեծագոյն փաստը այս դժբախտութեան անոնց ղեկավարին կողմէ բարձրաձայնուած որեւէ գաղափարի անոնց տուած հաւանութիւնն է։ Անշուշտ, այս երեւոյթը միայն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան պարագային ի զօրու չէ. մեր ունեցած բոլոր կուսակցութիւններու պարագան նոյնն է, որովհետեւ կա՛մ «այո՛» պիտի ըսուի ոեւէ ղեկավարի ըսածին՝ կամ որպէս թշնամի դուրս պիտի դրուի: 

Կուսակցութիւն մը յառաջդիմելու համար դուրսէն քննադատողներու պէտք չունի. եթէ շարքայինները կուսակցութեան բարօրութիւնը ուզելով չե՛ն քննադատեր եւ կեղծաւորութեամբ «այո» կ՚ըսեն ու կը ծափահարեն որեւէ գաղափարի՝ պէտք է պարզապէս հեռու մնալ այդ կուսակցութենէն, որովհետեւ այդտեղ անձերն են, որ կը փառաբանուին եւ ո՛չ ազգային ու սուրբ գաղափարները: Կուսակցութիւն մը ազգին համար օգուտ կը դառնայ միայն այն ժամանակ, երբ հասկնայ, որ զինք ղեկավարողները պապին անսխալականութիւնը չունին. անոնք ալ մարդ են, կը սխալին՝ եւ հետեւաբար պէտք է սխալը բարձրաձայնել, որովհետեւ սխալ մը ծածկելով ո՛չ թէ կուսակցութիւնը առաջ տարած կ՚ըլլայ, այլ հակառակն։ Ոտնակոխած կ՚ըլլայ կուսակցութեան «գաղափար»ը, անշուշտ, եթէ կայ գաղափար. անշուշտ, եթէ դիմակիցներն ու շարքայինները ծանօթ են այդ գաղափարին:

•​շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Ուր պարտաճանաչութիւն չկայ, հոն իրաւունքը իր ձայնը չի կրնար լսելի ընել:

ՂԵՒՈՆԴ ԱՐՔ. ԴՈՒՐԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2026