ՑԵՂԱՅԻՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Մեր թուականէն աւելի քան 90 տարիներ առաջ՝ 1932-1934 թուականին, «Պայքար» թերթին մէջ գրասէր մը կը խոստանայ նիւթական պարգեւ տալ «Ինչպէ՞ս պէտք է ցեղային գիտակցութիւնը մշակել նոր սերունդին մէջ» հարցումին պատասխանողին։ Բազմաթիւ մտաւորականներ կը պատասխանեն այս հարցումին, սակայն, անոնց մէջէն առաջին կ՚ընտրուի հայ գրականութեան մէջ գրեթէ մոռցուած հայ գրող մը՝ Բենիամին Նուրիկեան. գրող՝ որ Ամերիկայի ամենէն յայտնի համալսարաններէն մէկուն մէջ աւարտած է գրականութեան եւ պատմութեան բաժինը՝ արժանանալով մագիստրոսի կոչումին:
Ի տարբերութիւն այլ գրողներու, Բենիամին Նուրիկեանի անունը սփիւռքահայ գրականութեան մէջ այնքան ալ մեծ տարածում չէ գտած, հակառակ անոր, որ արեւմտահայ լաւագոյն մտաւորականներէն մին՝ Յակոբ Օշական իր «Գիրքերու քովն ի վեր» աշխատութեան մէջ առանձին բաժին յատկացուցած է Նուրիկեանին եւ անոր ստեղծագործութիւնը եղող «Այգեկութք» աշխատութեան։ Յակոբ Օշական Նուրիկեանի այս աշխատութիւնը կ՚որակէ «անփոխարինելի» եւ անոր կարծիքով՝ նման աշխատութեան մը պակասը արեւմտահայ գրականութեան մէջ մեծ «պակաս» մը պիտի ըլլար։ Օշական խօսելով անոր լեզուին եւ ոճին մասին, կ՚ըսէ. «Պ. Նուրիկեանի ոճին համար աւելորդ կը դատեմ որեւէ գնահատանք։ Ինքնատիպ ըսուելու չափ անձնական է ան»:
Օշական իր յայտնի «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան» գիրքին Դ. հատորին մէջ Նուրիկեանը կը դնէ Թլկատինցիի, Զարդարեանի եւ Համաստեղի հետ միատեղ։ Անշուշտ, արդար ըլլալու համար ըսենք, որ Օշական թէեւ դրական մօտեցում ունի Նուրիկեանի հանդէպ, սակայն, անոր տաղանդը կը տեսնէ որպէս «միջին». սակայն, այդ «միջին»ը լաւ գրող ըլլալ չըլլալը չի կրնար նշանակել։ Պարզապէս անոր գրականութիւնը չէ կրցած այնքան աղմուկ բարձրացնել՝ ինչքան ուրիշներունը, որովհետեւ Նուրիկեան աւելի կեդրոնացած է հայկական գաւառի կեանքի եւ յիշողութեան վրայ, ինչ որ որոշ ժամանակ մը ետք այդքան ալ մեծ «հետաքրքրութիւն» չէր յառաջացներ: Ի դէպ, Յակոբ Օշական «Մայրիներու շուքին տակ» աշխատութեան մէջ հետեւեալը կը գրէ. «Ուրիշ գրագէտ բարեկամ մը, «Նոր գիր»ի խմբագիր Բ. Նուրիկեան, Ամերիկայի մէջ կրցած էր գումար մը ապահովել «Համապատկեր»ի յաջորդ հատորներու հրատարակութեան համար»:
Անկեղծ ըլլալու համար Նուրիկեանի մասին վերջնական կարծիք մը չենք կրնար տալ, որովհետեւ տակաւին առիթը չենք ունեցած կարդալու անոր ստեղծագործութիւնները, սակայն, հետաքրքրութիւն յառաջացաւ կարդալու «Պայքար» թերթի կողմէ առաջնութեան մրցանակի արժանացած գրութիւնը։ Անշուշտ, օտարութեան մէջ հայ մնալու համար կարելի է բազմաթի՜ւ միջոցներու մասին խօսիլ եւ տարբեր-տարբեր երեւոյթներ կարեւորել, սակայն, Բենիամին Նուրիկեան այդ բոլորէն անկախ կը կարեւորէ հիմնական մէկ բան. ապագայ սերունդները հայ պահելու համար պէտք է հայ պահել հայ տունը։ Նուրիկեանի բառերով. «Այդ փրկարար փոխանցումին ամենէն բնական եւ կարեւոր միջոցն է հայ տունը: Ցեղի մը գոյութեան օրրանը, ցեղի մը պահպանութեան միջնաբերդն է հայ տունը: Եթէ կ՚ուզէք մատղաշ սերունդը հայ պահել՝ նախ հայ պահեցէք հայ տունը - հայկական մաքուր մթնոլորտ մը պահելով հոն»: Հայ տունը հայ պահելու համար պէտք է հեռու մնալ օտար ամուսնութենէն. հայ մթնոլորտը առաջին հերթին հայ լեզուն է. օտար լեզուով ողողուած միջավայրի մէջ կարելի չէ՛ հայկական ոգին փոխանցել: Նուրիկեանի իսկ բառերով. «Հայկական մթնոլորտի էն տարրական բայց գլխաւոր պայմանն է Հայ լեզուն: Հայ տուներէն ներս մայրենի բարբառին գործածութիւնը բացարձակապէս տիրական ըլլալու է: Հայ պզտիկներ իրենց պապերուն լեզուն սորվելու, գործածելու եւ մանաւանդ սիրելու են իբրեւ ցեղային պատուական ժառանգութիւն մը, որ իր ճոխութեամբը, իր աննման գեղեցկութեամբ եւ իր զարմանալի ճկունութեամբը երբեք վար չի մնար հին կամ նոր ոեւէ լեզուէ»: Անշուշտ, այս բոլորը կատարելագործողը պարտի ըլլալ հայ դպրոցը. տան մէջ հայկական ոգին, իսկ դպրոցին մէջ շնորհքով հայերէն գրել ու կարդալ պարտի սորվիլ հայ ապագայ սերունդը։ Դպրոցին մէջ է, որ աշակերտը պիտի ծանօթանայ հայ գրականութեան հետ. ուսուցիչն է, որ հայ գրականութեան գոհարները լաւագոյնս ընտրելով աշակերտին մէջ ի սկզբանէ պիտի սորվեցնէ, որ հայ գրողը պակաս մտաւորական չէ՝ քան օտար գրողը։ Ան պարտի սորվեցնել, որ Ահարոնեան պակաս գրող մը չէ՝ քան Շէյքսփիրը (գուցէ ա՛ն ալ հայ ըլլար, այսօր անծանօթ պիտի շարունակէր ըլլալ աշխարհի համար):
Նուրիկեանի այս յօդուածը այժմէական է եւ իւրաքանչիւր սփիւռքահայ, որ կ՚ապրի օտարութեան մէջ, գոնէ տարին մէկ անգամ պարտի կարդալ։ Այս յօդուածի ոգիով մեծցող սերունդն է, որ կրնայ փրկել ապագայ Հայաստանն ու անոր անյայտ ճակատագիրը։ Նուրիկեանի լեզուն պարզ է, պատգամը՝ յստակ.
«Հայ երիտասարդներ ի սէր եւ ի նպաստ իրենց ազգային հնաւանդ ոգիին՝ ամուսնանալու են հայ օրիորդներու հետ, զուտ հայկական բոյներ կազմելու համար: Իրաւ է, թէ սէրը գեղարուեստին ու գրականութեան պէս կոյր է յաճախ եւ հայրենիք կամ ազգութիւն չի ճանչնար, բայց ցեղային ուժեղ աւանդութիւն մը, բարոյական անգիր օրէնք մը կայ, որ կը պարտադրէ, գոնէ կ՚ակնկալէ, որ հայ տղան հայ աղջկան ձեռքը նախընտրէ եւ անոր հետ կազմէ թէ՛ անունով եւ թէ մանաւանդ ոգիով Հայ Տունը, որ ամենէն տոկուն եւ վստահելի պահպանակն է ցեղային առողջ գիտակցութեան»:
Ինչքա՜ն երանելի պիտի ըլլար, որ այս յօդուածը ամէ՛ն տարի լոյս տեսնէր աշխարհի չորս կողմը գտնուող հայկական մամուլին մէջ։ Այն փրկութիւնը, որուն կ՚ուզենք տիրանալ ու հասնիլ, այն անկախութիւնը, որ կ՚ուզենք պահպանել, այդ յօդուածին ոգիին կը կարօտի:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Ապագային մասին յուսալից ըլլալը աղջամուղջին մէջ միայն արժէք ունի, դժբախտութեան մէջ միայն առաւելութիւն. ո՛չ մէկ ճառագայթ կ՚ինայ շրթներուդ մինչեւ որ լոյսին չնայիս, եւ ո՛չ մէկ լոյս կրնայ գոյութիւն ունենալ քեզի համար, եթէ չգտնուիս կեանքի ա՛յս կամ այն կողմը. կամ այս կողմը կամ այն կողմը:
ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան