ՄԻՋԻՆ ԴԱՐՈՒ ՄԱՍԻՆ…

Միջին դարը շատ երկար ժամանակամիջոց մը կ՚ամփոփէ իր մէջ, 476-էն եւ կամ 568-էն կամ նոյնիսկ 700-էն մինչեւ 1492, եւ կամ 1517. շուրջ տասնեակ մը դարեր։ Միջին դարը ծնունդ կ՚առնէ Հռովմէական կայսրութեան աւերակներուն վրայ։ Բնական է մշակութային կեդրոններն ալ կ՚ենթարկուին աւերումի եւ կը սահմանուին անհետանալու։ «Միջին դար» բառը ինքնիր մէջ իմաստ մը չունի. Վերածնունդի շրջանի հումանիստները (=հին լեզուներու եւ գրականութեան բանասէրներ) այդպէս անուանած են՝ իբր Հռովմէական դասական մշակոյթին եւ Վերածնունդի վերանորոգած նոյն դասական մշակոյթին միջեւ գտնուած ժամանակամիջոցը, իբր «անցման շրջան», եւ նկատեցին իբր բարբարոսութեան, տգիտութեան, խաւարի դար մը։ «Pleïade»ի գրողները պայքար մղեցին միջին դարու աւանդութիւններու դէմ. Ronsard անուանեց «Le vilaine Monstre Ignorance»։ 1600-ի շրջանին դատապարտուեցան միջին դարու արտադրած բոլոր գրական գործերը։ Պուալօ զանոնք «grossier» անուանեց. 1700-ի «illuministe» իմաստասէրները նկատեցին ամբողջ միջին դարը ո՛չ միայն «խաւարի շրջան» մը, այլ նաեւ քաղաքական հարստահարութիւններու, կրօնական մոլեռանդութեան, Եկեղեցւոյ բռնապետութեան, աւատական բարբարոսական երկար ժամանակաշրջան մը։ Վիպական դպրոցը ուզեց վերակենդանացնել միջին դարու կեանքը եւ մշակոյթը, տեսնելով այդ դարուն արտադրուած գործերուն մէջ խիզախ երեւակայութիւն մը, ընդհանուր մտայնութեան մը իրարու ընդհարող զգայնութիւններ Վսեմին եւ Սարսափելիին, վայրագութեան եւ բարեսիրութեան. սակայն, վիպական դպրոցի մարդիկն ալ՝ հետեւելով «illuministe»ներու՝ ընդունեցին, թէ հին դասական մշակոյթը միջին դարու շրջանին անծանօթ մնաց եւ Վերածնունդի միջոցաւ յայտնուեցան եւ զարգացաւ Եւրոպայի մէջ. նմանապէս բանաստեղծներու բանաստեղծութիւնը պահպանուեցաւ ժողովրդական խաւերու մէջ եւ ժողովրդական երգերով։

Միջին դարու մասին թեթեւ ծանօթութիւն ունեցող ոեւէ անձ իսկոյն կը նկատէ, թէ այդ երկար դարաշրջանը կը յայտնաբերէ իրարու ընդդիմադիր եւ մերթ հակասող երեւոյթներ. սակայն կը նկատէ նաեւ, թէ իրարու կը յաջորդեն այնպիսի դարեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը առանձնայատուկ նկարադրոշմ մը ունի։

Այսպէս իրարու կը յաջորդեն Հռովմէական եւ բարբարոս միապետութիւններ, Կարոլոսեան կայսրութիւնը (Կարոլոսեան ցեղի թագաւորութիւնը), աւատականութիւնը, ազգային միապետութիւնները, քաղաքներու համայնքները եւ այլն։ Բայց հակառակ իրարու յաջորդող այս այլազան քաղաքական վարչաձեւերուն, ընկերային հասարակարգերուն, կեանքի ձեւերուն, դիւրին է տեսնել այն սերտ միութեան կազմը, որ այս այլատեսակ տարրերը իրարու կը մօտեցնէ եւ կը զօդէ եւ անոնց կ՚ընծայէ իր նկարագիրը. ասիկա կատարողը քրիստոնէական հաւատքն է, որ ո՛չ միայն կը լուսաւորէ հոգիները, այլ նաեւ քաղաքական կազմակերպութիւնը, ընկերային հասարակարգերը՝ հանրային եւ առանձնական իրենց յայտնուելու բոլոր ձեւերուն մէջ. կերպով մը Հռովմէական աշխարհն է, որ տակաւին կը շարունակէ պահել իր միասնականութիւնը եւ գերզօրութիւնը, ո՛չ թէ զէնքի եւ օրէնքներու միջոցաւ, այլ նոր կրօնքին՝ որ կ՚եղբայրացնէ անխտիր բոլոր մարդիկը, ցուցնելով Արարչին մէջ հասարակաց Հայրը, Հռովմէական տիեզերականութիւնը կը փոխարինուի քրիստոնէական դաւանանքի տիեզերականութեամբ։

Այս տիեզերականութիւնը կ՚ուզէ ընդգրկել նաեւ բարբարոս ժողովուրդները, որոնք չափով մը ենթարկուած էին Հռովմէական հին մշակոյթին, օրէնքին եւ աւանդութիւններուն, բայց բոլորովին չէին ձուլուած։ Հռովմէացիներ եւ գերմաններ Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ կ՚ապրին միասին, փոխադարձ հանդուրժողութեամբ, բայց իւրաքանչիւրը պահպանելով իր սովորութիւնները եւ օրէնքները. գուցէ իրարու կ՚ընկերակցէ այդ երկու ցեղախումբը լոկ Հռովմէական տնտեսական դրութիւնը՝ որ ընդունուած էր գերմաններէն ալ։

Հռովմէական դասական մշկոյթին եւ գերմանականին այսպէս իրարու դիմաց գտնուելով պիտի ծնանէր ժամանակի յատուկ մշակոյթ մը՝ նոր եւ ինքնատիպ ամէն տեսակէտով, նաեւ կարելի չէ բաղդատել ուրիշ դարաշրջաններու մշակոյթներուն հետ։

Մարդիկ ընդհանրապէս հեռու են իրարմէ, մանաւանդ ամէն մարդ աւելի մօտեցած է իրենց «հեռա»ձայններուն՝ որ հեռուինը կը մօտեցնէ, մօտինը կը հեռացնէ։ Բայց ո՛չ մէկ բան այնքան հեռու է, քան մտքի եւ հոգիի հեռաւորութիւնը։ Ընդհակառակը մօտ են անոնք՝ որոնք միտքով եւ հոգիով մօտ են իրարու։ Այս իմաստով որքան իմաստալից է բանաստեղծ Ճան Եիւճէլի խօսքը. «Ամենէն մեծ հեռաւորութիւնը ո՛չ Ափրիկէն, ո՛չ Չինաստանը, ո՛չ Հնդկաստանն է։ Ամենէն մեծ հեռաւորութիւնը երկու հոգիի զիրար չհասկցող մտածումներու հեռաւորութիւնն է»։

Մարդիկը մօտեցնողը եւ միացնողը միտքը եւ հոգի՛ն է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունիս 8, 2026, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2026