ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՆՇԱՆԱՌՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ. ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ԱՄԵՆԷՆ ՄԵԾ ԶՈՀԸ
Բոլոր պատերազմներուն մէջ, թերեւս, ամենէն անտանելի ու ամենէն դժուար ընդունելի կորուստը երեխաներու մահն է։
Զինուորը գիտէ, որ պատերազմի կ՚երթայ, մեծահասակը կրնայ հասկնալ վտանգին գոյութիւնը, բայց մանկութիւնը երբեք պէտք չէ դառնայ նշանառութեան թիրախ։ Այդ պարագային պատերազմը կը դադրի միայն ռազմաքաղաքական իրադարձութիւն ըլլալէ եւ կը վերածուի մարդկութեան խղճին դէմ գործուած յանցագործութեան։ Երեխայի մահը պատերազմի ընթացքին միայն ընտանիքի մը ողբերգութիւնը չէ, անիկա ամբողջ ժողովուրդի ապագային խզումն է, իւրաքանչիւր սպաննուած մանկութիւն իր հետ կը տանի չապրուած երազներ եւ չկառուցուած կեանքեր։
Պատերազմներու եւ մարդկային ողբերգութիւններու մասին անդադար հոսող լուրերուն մէջ այսօր վտանգաւոր է այն, որ մարդը կամաց-կամաց կը սկսի ընտելանալ ցաւին։ Զոհերու թիւերը կը վերածուին սովորական խորագիրներու, իսկ ընդհատ-ւած կեանքերը՝ սառն վիճակագրութեան։
Լրագրական աշխատանքի ընթացքին յաճախ կը բախինք այս դաժան հակասութեան․ որքան աւելի շատ կը խօսուի պատերազմի մասին, այնքան մարդկային կսկիծը կը կորսնցնէ իր կենդանի ձայնը։
Ճիշդ այդ անտարբերութեան դէմ է, որ կը կանգնի հայաստանցի վաւերագրողներ Անի Գէորգեանի եւ Շուշան Փափազեանի համատեղ քննախուզական աշխատանքը, որպէս յիշողութեան, խղճի եւ մարդկային արժանապատուութեան պահպանման փորձ։ Այս աշխատանքի նպատակն է՝ կորուստի սոսկալի տեսարաններէն անդին անցնիլ եւ ցոյց տալ այն կեանքը, որ հարազատներու յուշերուն ու յիշատակներուն մէջ կը շարունակէ բաբախել։
Անի Գէորգեանի եւ Շուշան Փափազեանի համատեղ աշխատանքը ցուցահանդէսի վերածուած է եւ կը կրէ «Մանկութիւնը՝ նշանառութեան տակ» խորագիրը։ Զայն բացուեցաւ Հայաստանի Ժամանակակից արուեստի կաճառին մէջ։
Այս ցուցահանդէսը վկայութիւնն է այն մանկութիւններուն, որոնք ընդհատուեցան տան բակերու, դպրոցի ճամբաներու եւ հրետակոծուած քաղաքներու մէջ։ Արցախի գոյամարտի զանազան փուլերուն՝ 2016-2023 թուականներուն զոհուած հինգ մանուկներու պատմութիւնները կը ներկայանան իրենց հարազատներու շարունակ-ւող կեանքի բեկորներուն մէջ։
Մենք շատ յաճախ ինքնապաշտպանութեան բնազդով կը հեռանանք նման պատմութիւններէ։ Կը փորձենք չտեսնել մանկութեան արիւնոտ ընդհատումը, որովհետեւ անիկա չափազանց ծանր է։ Բայց, «Մանկութիւնը՝ նշանառութեան տակ» ցուցահանդէսը կը ջանայ մերժել այդ մոռացութիւնը։ Հայաստանի Ժամանակակից արուեստի կաճառին մէջ ցուցահանդէսը համադրած է արուեստաբան Ռուբէն Արեւշատեանը։
ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐԸ
Անի Գէորգեան լրագրող, լուսանկարիչ է, Խօսքի ազատութեան մրցանակի դափնեկիր։ Մասնակցած է լուսանկարչական ցուցահանդէսներու ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնակայանին եւ Ժընեւի գրասենեակին մէջ, Եւրոխորհուրդի մէջ, Սթրազպուրկ, Փարիզ, Հռոմ, Պերլին, Պարսելոնա, Վիեննա եւ այլուր։ Աւելի քան տասը տարի զբաղած է պատերազմական եւ յետպատերազմական նիւթերու լուսաբանմամբ։
Շուշան Փափազեան հակամարտութիւններ լուսաբանող լրագրող մըն է՝ 44-օրեայ պատերազմէն սկսեալ։ Արցախի վերջնական հայաթափումէն ետք ան անդրադարձած է քանի մը հիմնական նիւթերու. ինչպէս՝ 2023 թուականի սեպտեմբերի 19-20-ի պատերազմին զոհուած, խոշտանգուած եւ անյայտ կորսուած զինուորականներու ու անոնց ընտանիքներու՝ իբրեւ պատերազմէն վերապրողներու պատմութիւններ, ինչ-պէս նաեւ զինեալ յարձակումներու կամ հրետակոծութիւններու զոհ դարձած խաղաղ բնակիչներու վաւերագրութիւնները։
Թէ՛ լուսանկարիչ Անի Գէորգեան եւ թէ լրագրող Շուշան Փափազեան տարիներ շարունակ լուսաբանած են հակամարտութիւնը՝ պատերազմ, զոհեր, բռնի տեղահանութիւն եւ հպանցիկ անդրադարձած են նաեւ երեխաներու հարցին։ Սակայն, որոշ շրջան կը համարէին, որ տակաւին պատրաստ չեն այդ նիւթին աւելի խորութեամբ մօտենալու, մինչեւ այն պահը, երբ հասկցան, որ թէ՛ զգացական, թէ՛ մասնագիտական առումով այնքան հասունցած են ու կրնան այս ծանր նիւթը առանձին ներկայացնել: «Մետիա նախաձեռնութիւններու կեդրոն»էն ստացած դրամաշնորհին շնորհիւ անոնք հինգ լուսանկարչական պատմութիւն ստեղծեցին Արցախի մէջ Ատրպէյճանի հրետակոծութիւններու հետեւանքով զոհուած երեխաներու եւ անոնց ընտանիքներու մասին: Ցուցահանդէսին անոնք պատմեցին այս աշխատանքի մասին։
ԱՆԻ ԳԷՈՐԳԵԱՆ. «ՆՄԱՆ ԾԱՆՐ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
ԿԸ ՅԱՂԹԱՀԱՐՈՒԻՆ ՅԻՇԵԼՈՎ, ԱՊՐԵԼՈՎ ԵՒ ՎԵՐԱՊՐԵԼՈՎ»
«Մենք զանազան հարթակներէ շարժած ենք, լուսաբանած ենք. ես կը լուսանկարէի, իսկ Շուշանը կը վարէր հարցազրոյցներն ու կը գրէր պատերազմին առնչուող զանազան պատմութիւններ՝ զոհուածներու, վիրաւորներու ճակատագիրներ, ընկերային խնդիրներ։ Այսինքն՝ մերձպատերազմական բոլոր ծանր խնդիրներուն իւրաքանչիւրս մեր ձեւաչափով անդրադարձած ենք։
Այնպէս եղաւ, որ ինչ-որ պահի երկուքս ալ, զիրար չճանչնալով, սկսանք աշխատիլ իրաւապաշտպան տիկին Ժաննա Ալեքսանեանի հետ, որ «Լրագրողներ յանուն մարդու իրաւունքներու» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավարն է։ Տիկին Ժաննայի շնորհիւ ես աւելի մօտէն ծանօթացայ այս ուղղութեան եւ տարիներով զբաղեցայ անով՝ զգալով իմ ներդրումը ունենալու փափաքը։ Այդպիսով ծանօթացանք եւ որոշ պատմութիւններ միասին իրականացուցինք։
Կային նիւթեր, որոնց շուրջ կը մտածէինք, թէ քանի որ երկուքս ալ ունինք անհրաժեշտ տոկունութիւնը, իսկ մեր լրագրողական ու մարդկային բարոյագիտութեան պատկերացումները կը համապատասխանեն, կրնանք միասին յանձն առնել այնպիսի նիւթեր, որոնք միշտ յետաձգած էինք՝ մտածելով, թէ տակաւին պէտք է հասուննան։ Եւ երբ ունէինք այսպիսի ցանկ մը, թէ ո՛ր նիւթերը հարկաւոր է աւելի խորութեամբ բանալ, համընկնեցաւ, որ հնարաւորութիւն ստացանք «Մետիա նախաձեռնութիւններու կեդրոն»ի փոքր ենթադրամաշնորհին արժանանալ։ Այն ուղղեցինք այս նախագիծին՝ ընտրելով լուսանկարչական պատմութիւններու ձեւաչափը՝ ծաւալուն լուսանկարչական շարք եւ ընդարձակ բնագիր՝ մէկը միւսով հարստացուած։ Քանի մը ամիս աշխատեցանք անոր վրայ, հրապարակեցինք նախ հայերէն, ապա անգլերէն եւ, ըստ էութեան, աւարտեցինք։
Սակայն հասկցանք, որ ասիկա նիւթ մըն է, որուն երկքուս ալ տարիներով մօտեցած ենք, ինչպէս նաեւ սովորական նիւթ մը չէ, որ պարզապէս հրապարակես ու անցնիս՝ գիտակցելով, որ շատերու համար նոյնիսկ ընթերցելն է դժուար։ Կան մարդիկ, որոնք միայն վերնագիրը տեսնելով՝ հեռու կը մնան, որովհետեւ իսկապէս ցնցող է։ Մենք կը հասկնանք այդ, քանի որ մարդկային է ծանր ապրումներէ հեռու մնալը։ Ուստի, սկսանք այլ ձեւաչափեր մտածել նիւթը նորէն առաջ մղելու եւ հանրութեան ներկայացնելու համար։ Այդպէս ծնաւ ցուցահանդէսի գաղափարը, իսկ յետագային կ՚ուզենք նաեւ պատկերագիրքի տարբերակին հասնիլ, ինչը, անշուշտ, լրացուցիչ ժամանակ ու միջոցներ կը պահանջէ։
Մենք անչափ շնորհակալ ենք Ժամանակակից արուեստի կաճառին։ Ըստ էութեան, մենք դասական իմաստով արուեստագէտներ չենք, ասիկա լրագրական նախագիծ է, բայց արուեստին ծառայող եւ զայն զարգացնող այս կառոյցը մեզ շատ ջերմ ընդունեց։ Կարելի է ըսել, որ այս ցուցահանդէսով մենք որոշակիօրէն կ՚օգտուինք կաճառի բարձր հեղինակութենէն։ Տարբեր բան է ցուցադրուիլ սովորական սրճարանի մը կա՛մ քիչ յայտնի սրահի մը մէջ, իսկ բոլորովին տարբեր ու պարտաւորեցնող է, երբ քեզ կ՚ընդունին եւ կը համաձայնին քու նախագիծդ համադրել նման հեղինակաւոր անձինք։ Ռուբէն Արեւշատեանի հետ աշխատիլը մեզի համար մեծ պատիւ էր։
Շատ կ՚ուզենք, որ մարդիկ իրենց մէջ ուժ գտնեն եւ գան դիտելու, որովհետեւ նման նիւթերուն անդրադառնալը թեթեւ զբաղմունքներէն չէ։ Բայց պէտք է հասկնանք, որ կեանքը միայն դիւրին նիւթերու մասին չէ. կան մարդկային ու բարոյական կանոններ, որոնք դեռ ո՛չ ոք անվաւեր յայտարարած է։
Մեր գլխաւոր պատգամը այն է, որ պատերազմի այս հետքերն ու ընտանիքներու պատմութիւնները չեն պատկանիր միայն իրենց։ Այս ամէնը ապրած եւ այս միջով անցած ենք մենք բոլորս։ Այդ անձնական պատմութիւններուն մէջ թաքնուած է մեր ամէն մէկուն պատմութիւնը։ Պարտադիր չէ, որ մեր անմիջական շրջապատին մէջ, Աստուած հեռու պահէ, զոհ կամ կորուստ ըլլայ, որպէսզի այս ցաւը համարենք մերը։ Մեզի համար չափազանց կարեւոր է յիշատակը, որովհետեւ յիշատակը յարգելը ինքնին մեծ առաքելութիւն է։ Մենք կ՚ուզենք, որ մարդիկ յիշեն եւ չխուսափին ատկէ։ Այո՛, հաճելի նիւթ մը չէ, բայց այն համամարդկային է եւ կարելի չէ մոռացութեան մատնելով փորձել շրջանցել կամ ցատկել այդ ամենի վրայէն։ Ծանր իրադարձութիւնները կը յաղթահարուին յիշելով, ապրելով ու վերապրելով։ Աչք փակելով՝ մենք կ՚իյնանք այլ թակարդի մը մէջ, որ կրնայ շատ գէշ տեղ տանիլ»։
ՇՈՒՇԱՆ ՓԱՓԱԶԵԱՆ. «ԱՅՍ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՅԻՇԵՑՆԵՆ,
ՈՐ ՎԻՃԱԿԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԵՏԵՒԸ ՉԱՊՐԱԾ ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆՆ Է»
«2016 թուականէն ի վեր հակամարտութիւններու լուսաբանման ոլորտին մէջ ենք, Արցախի մասին անընդհատ կը գրենք։ Սակայն, հոգեպէս պատրաստ չէինք՝ ո՛չ ես, ո՛չ Անին, գրելու այն երեխաներուն մասին, որոնք մահացած են դպրոցի կամ տան բակին մէջ։ 2023 թուականի վերջնական հայաթափումէն ետք՝ արդէն 2024 թուականին, այդ պահը հասունցաւ եւ մենք որոշեցինք, որ կրնանք անդրադառնալ այս նիւթին։
Քանի որ երկար տարիներ կ՚աշխատէինք այս նիւթերուն վրայ, կ՚այցելէինք զանազան ընտանիքներու, մեզի կը փոխանցէին նոր կապեր՝ այդպէս կրցանք գտնել այն ընտանիքները, ուր երեխաներ զոհուած էին։ Ես ու Անին առանձին ցուցակներ ու մարդկային պատմութիւններ ունէինք հաւաքած, եւ իւրաքանչիւր լրագրական աշխատանքի ժամանակ կը փորձենք անդրադառնալ այս ընտանիքներուն։ Քանի որ նախագիծը կը վաւերագրէ 2016-2023 թուականներու գրեթէ բոլոր հակամարտութիւնները, ամէն պատերազմական շրջափուլէ փորձած ենք ներկայացնել մէկ երեխայի պատմութիւն, որպէսզի կարենանք ամբողջական պատկերը արտացոլացնել։
Մենք յաճախ կը մոռնանք, որ թիւերուն ետեւը մարդկային ճակատագիրներ են, եւ մեր նախագիծով փորձած ենք ցոյց տալ, որ այդ թիւերու թիկունքին Արցախի մէջ զոհուած երեխաներն են։ Երբ կը խօսինք պատերազմի մասին, առաջնահերթ կը յիշենք ռազմադաշտն ու զինուորները, բայց կ՚անտեսենք, որ դպրոցին կամ տան բակին մէջ երեխաներ կը սպաննուին։ Մեր հիմնական պատգամը ճիշդ այդ է՝ ցոյց տալ այն լուսանցքը, որ սովորաբար դուրս կը մնայ ընդհանուր լուսաբանումէն»։
ՌՈՒԲԷՆ ԱՐԵՒՇԱՏԵԱՆ. «ԻՄԱՍՏԱՒՈՐԵԼ ԿՈՐՈՒՍՏԸ
ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԼԵԶՈՒՈՎ»
Ցուցահանդէսի համադրող Ռուբէն Արեւշատեան կը կարեւորէ լրագրողական այս նախագիծը՝ կորուստի վերաիմաստաւորման տեսակէտէ․
«Իմ համադրողական փորձառութեանս մէջ եղած են դէպքեր՝ թէեւ ո՛չ յաճախ, երբ աշխատած եմ լրագրողական նախագիծերու հետ։ Սակայն, նմանատիպ ծանր, ողբերգական նիւթի հետ աշխատանքը թերեւս առաջինն էր։ Ի սկզբանէ բաւականին դժուար էր կողմնորոշուիլ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է զատես, ինչպէ՛ս ցուցադրես նիւթը, որովհետեւ թէ՛ ծաւալն է մեծ, թէ՛ ողբեգութեան չափը։ Սակայն, առաջին օրն իսկ անցած միտքս բաժնեցի աղջիկներուն հետ. անոնք սկիզբը զարմացան, բայց մէկ անգամէն հասկցան ըսելիքս։ Այն է՝ ներկայացնել նիւթը ամբողջական, պարզապէս գտնել անոր ցուցադրման ճիշտ ձեւաչափը։
Կայ նաեւ այլ հանգամանք մը. ցուցադրութեան վայրը Ժամանակակից արուեստի կաճառն է, իսկ արուեստը հնագոյն եւ կարեւորագոյն միջոցներէն է՝ յաղթահարելու մահուան վախը կամ նոյնինքն՝ մահը։ Այսինքն՝ զայն կ՚օգնէ իմաստաւորել կորուստը։ Նպատակն էր փոխել նիւթի շեշտադրումը։ Իւրաքանչիւր պատմութիւն կը ներառէր բազմաթիւ լուսանկարներ. կային պատկերներ, որոնք կը վերաբերէին այն միջավայրերուն, ուր այդ երեխաները ապրած են, կա՛մ ուր այժմ ծնողները կ՚ապրին՝ առանց իրենց երեխաներուն։ Անիի լուսանկարած այդ դրուագները խորապէս ազդեցիկ էին եւ ուժգին կ՚արտայայտէին կեանքի ողջ համատեքստը, այդ մարդոց ընկերային վիճակը, կորուստն ու մարդկային պատմութիւնը։ Ամենակարեւորը մարդկային պատմութիւնն է։
Մենք այդ համադրումը կը վերածէինք ընդհանրական պատմութեան ներկայացման՝ իւրօրինակ ժապաւէնի մը, ուր լուսանկարները հանդէս կու գան որոշակի յաջորդականութեամբ։ Այժմ ամէն մէկ պատմութեան հետ կապուած է մէկ առանցքային նկար, որ այդ փոխյարաբերութեան մէջ կը ձեւաւորէ նոր փոխաբերական իմաստներ։ Արուեստագէտն ու համադրողը այդ իմաստները կը տրամադրեն հանդիսատեսին, որպէսզի դիտողին մօտ սկսին նոր ընկալումներ ձեւաւորուիլ՝ այդպիսով վերաիմաստաւորելով թէ՛ կորուստը, թէ՛ ողջ պատմութիւնը։
Բնականաբար, այստեղ կայ նաեւ կեանքը շարունակելու յստակ շեշտադրում։ Կորուստի յաղթահարումը կեանքի շարունակութիւնն է»։
ՆԱԶԱՐԷԹ ԿԱՐՈՅԵԱՆ. «ՑԱՒԻ ՄԱՍԻՆ ՊԻՏԻ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԻՍ,
ՈՐ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԵԼՈՎ ՑԱՒԻՆ ԻՄԱՍՏ ՏԱՍ»
Ժամանակակից արուեստի կաճառի տնօրէն Նազարէթ Կարոյեան այս ցուցահանդէսին կը նայի արուեստաբանի տեսանկիւնէ․
«Հայաստանի ժամանակակից արուեստի աւանդութիւններուն մէջ ընդունուած է տեղ տալ ճնշուածին, սեղմուածին, անտեսուածին՝ այն ամէնուն, ինչ որ տեսակ մը դուրս կը մնայ հասարակական ուշադրութենէն կամ հալածուած է իշխանութիւններու կողմէն։ Այս տեսանկիւնէն երբ կը դիտարկենք ներկայացուած նիւթը, այն ամբողջովին կը տեղաւորուի ատոր մէջ։ Միւս կողմէն՝ եթէ անդրադառնանք աւելի ձեւական կողմին, Շուշանի եւ Անիի իրականացուցած աշխատանքը հետազօտական նախագիծ մըն է՝ արուեստի, հասարակութեան ու լրագրութեան հատման տիրոյթին մէջ։ Այսօրինակ միջբնագաւառային հետազօտական աշխատանքն ու ատոր ցուցադրութիւնը նոյնպէս առանցքային են մեր կաճառին համար։
Մենք յատուկ ջանք չենք թափած այս նիւթը ընդունելու համար, այն լիովին կը համընկնէր մեր սկզբունքներուն։
Ինչ կը վերաբերի ցուցադրութեան պատգամին՝ ցաւի մասին պիտի արտայայտուիս, որպէսզի արտայայտուելով ցաւին իմաստ տաս։ Անհրաժեշտ է ցաւը ներառել աւելի լայն իմաստային պարունակի մէջ եւ անով իսկ զայն դարձնել տանելի։ Արուեստը կու տայ այդ իմաստները ընդլայնելու հնարաւորութիւնը, բայց չափազանց կարեւոր է, որ նիւթը խօսուի։ Լռելը, փակուիլն ու մեկուսանալը հիւանդութեան, վիշտի ու կորուստի անյաղթահարելիութեան շարունակութիւնն են։ Այդ ցաւը կարեւոր է մարդկային, մարդաբանական իմաստով. այն մշտապէս կը յիշեցնէ մեր ո՛վ ըլլալու, կեանքի մէջ գտնուելու եւ արժէքներու մասին։ Այն պէտք է փոփոխութիւններ մտցնէ մարդոց գիտակցութեան մէջ, բայց, միաժամանակ թոյլ տայ, որ կեանքը հնարաւոր ըլլայ»։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան