ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

1. Ի՞նչն է ընդհանրականութիւնը: 2. Հայաստանեայց Եկեղեցին ունի՞ զայն: 3. Քանի՞ ժողովներ կ՚ընդունի: Ինչէ՞ն յայտնի է, թէ ընդհանուր է:

1. Քրիստոսի Եկեղեցին ընդհանրականութիւն կը վայելէ, որովհետեւ Ինք մէ՛կ է եւ Իրեն հպատակողները՝ ի՛նչ ազգէ եւ ի՛նչ լեզուէ ալ ըլլան, բաւարար է, որ հաւատան ու Իր կամքին համաձայն գործեն, ինչպէս որ խոստացաւ, թէ՝ «քաջ հովիւը՝ Ես եմ, այս գաւիթէն չեղողն ալ ներս պիտի բերեմ» (տե՛ս Յհ 10.14). նոյնպէս Պօղոս կը հերքէ Պօղոսեան եւ Ապօղոսեան վէճերը (տե՛ս Ա. Կր 1.12). դարձեալ, թէ՝ «ո՛չ հրեայի եւ ո՛չ ալ հեթանոսի խտրութիւն կայ» (տե՛ս Գղ 3.27):

2. Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այս ընդհանրականութիւնը ունի, ճի՛շդ Քրիստոսի կամքին համեմատ:

Նախ, եկեղեցին կը ճանչնայ բոլոր պաշտօնեաները Քրիստոսի վճիռին համաձայն (Մտ 18.18):

Երկրորդ՝ անոնց մէջէն կ՚ընտրէ այդ եկեղեցիին համար գլուխ, եպիսկոպոսապետներ, քաղաքական դրութիւններուն համեմատ քանի հատ որ պէտք ըլլայ, քանի մը մարմիններու մէջ մէկ հոգի գաղափարելով, որուն դասը Քրիստոսէ առած է, որ զատել պէտք ըլլալու ատեն Պետրոսը, Յակոբոսն ու Յովհաննէսը առաւ, ինչպէս Թաբոր լեռ տանելու ժամանակ (Ղկ 9.28), կամ Յայրոսի աղջիկը յարուցանելու ատեն (Մր 5.35-43), որ ըսել կ՚ըլլայ՝ «ինչ որ է Պետրոսը՝ նոյնն են Յակոբոսն ու Յովհաննէսն ալ», ինչ որ է Էջմիածնի կաթողիկոսին պաշտօնը, նոյնն է Կիլիկիոյ կաթողիկոսինն ալ, ինչ որ կը ճանչնայ Կիլիկիոյ ժողովուրդը իր կաթողիկոսը, նոյն գաղափարը ունի Էջմիածնի կաթողիկոսին վրայ ալ, որ ըսել է հոգեւորապէս ընդհանուր է, բաժանումը մարմնաւորի ու քաղաքականի մասին է, թէ ո՛ր մէկ կաթողիկոս նստիլ պէտք ըլլայ, դարձեալ սկզբունքը առաքելական յաջորդութիւնն է:

3. Երեք Տիեզերական ժողովները կ՚ընդունի1, որովհետեւ ընդհանուր են. ոչ ոք անոնց դէմ կրնայ խօսիլ, քանի որ առաքելական միութիւն մըն էր:

Այսօր, Հայ Եկեղեցին, Դամիանոս Կոզմա անարծաթ բժիշկները, Վասելուի Էլպիս եւ այլն ազգով յոյն մարտիրոսները կը տօնէ, որ ըսել է ո՛չ գահերէցութիւն եւ ո՛չ ալ փառամոլութիւն կը նշմարուի Հայաստանեայց Եկեղեցիին մէջ, այլ՝ ընդհանուր քրիստոնէութիւն. ո՛չ Պօղոսեանը եւ ո՛չ Ապօղոսեանը գիտէ, այլ՝ Քրիստոսեանը. ո՛չ Հասունեանը եւ ո՛չ հակաՀասունեանը, ո՛չ Երէցականը եւ ո՛չ եպիսկոպոսականը, այլ՝ առաքելականը. մանաւանդ, առաքեալներուն նման նզովք կը կարդայ անոնց, որոնք Երրորդութեան համազօրութեան եւ Քրիստոսի մարդեղութեան մասին կասկածոտ են (Ա. Կր 16.22). այս կէտին վրայ ուղիղ հաւատք ունեցողներուն եկեղեցականը եկեղեցական եւ ժողովուրդը ժողովուրդ կը ճանչնայ, ո՛չ հերձեալ եւ ո՛չ ալ զեղծեալ: Նոյնիսկ, այսօր Ասորիին, Ղպտիին, Յակոբիկեանին, Քըլտանիին հետ յարաբերութիւն կը կապեն պէտք եղած ջանքերը չխնայելով, (մինչդեռ Հռոմի եկեղեցին իբր հերետիկոս կը ճանչնայ զանոնք, սրբազան պապը առանձին չդաւանելնուն համար, ըսել է, որ եթէ հաւատային ու դաւանէին՝ հերետիկոս չէին ըլլար):

Ահա այս բոլորը եւ այսպիսի բազմաթիւ երեւոյթներ կը վկայեն, թէ Հայաստանեայց Եկեղեցին ընդհանրականութիւնն ալ պահած է միութեան եւ սրբութեան հետ. ճշմարիտ հաւատացեալներուն միջեւ խտրութիւն չդնելով, մանաւանդ ինք ընդհանրական ըլլալուն համար ընդհանուր կը ճանչնայ բոլոր ճշմարիտ հաւատացեալները: Ոմանք Քրիստոսի եկեղեցիին ընդհանրականութեան իմաստը չգիտնալով, հերձեալ կը հրատարակեն իրենց կամքին չհետեւողները, օր մըն ալ հերետիկոս յայտարարելու միտումով, կը կարծեն, թէ ըսելով կ՚ըլլայ:

«Կրօնագիտութիւն կամ ուսումն Քրիստոնէական հաւատոյ»

Կ. Պոլիս, 1885

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 19

Վաղարշապատ


1 Այս Տիեզերեական երեք ժողովներէն բացի, բազմաթիւ ժողովներ նոյն անունը կրեցին, բայց գահերէցութիւն, փառամոլութիւն գտնուելուն պատճառով տիեզերական ըսել չէր վայելեր, որովհետեւ ո՛չ թէ հերետիկոսութիւններու դէմ էր անոնց նզովքը, հապա իրենց կամքին դէմ կեցողներուն ալ ամէն կանոնի տակ նզովք կը կարդային:

Իւրաքանչիւր սկիզբ իր վախճանէն կը չափուի: Տիեզերական առաջին երեք ժողովները Քրիստոսի առաքեալներուն մօտ եւ անոնց ժամանակակից, Սուրբ Աւանդութեան ձեռնահս ըլլալով, հաւատքի հաստատութիւնը, Աստուծոյ Որդիին մարմնառութիւնը, մեռելներուն յարութիւնն ու վերջին դատաստանը սորվեցուցին:

Տիեզերական առաջին ժողովը Նիկիոյ մէջ գումարուեցաւ, Քրիստոսի 325 թուականին, 318 հայրապետներու գումարումով, ուր Հաւատքի Հանգանակը խմբագրուեցաւ եւ եկեղեցական կանոններ սահմանուեցան: Տիեզերական երկրորդ ժողովը Կ.Պոլսոյ մէջ գումարուեցաւ, 381-ին, 150 հայրապետներու գումարումով, Մակեդոնական հոգեմարտութիւնը հերքելու համար: Տիեզերական երրորդ ժողովը 431-ին Եփեսոսի մէջ գումարուեցաւ, 200 հայրապետներու գումարումով, մերժելու համար Նեստորեան մոլութիւնը: Արիոսը, Մակեդոնն ու Նեստորը ուրացողներ էին եւ արժանի նզովքներու ու զանոնք սատանային մատնելու: Առաքեալներն ալ այսիպիսները կը նզովէին (Ա. Կր 16.22) ու սատանային կը մատնէին (Ա. Տմ 1.19). ասոնցմէ բացի կատարուած միւս ժողովներուն մէջ անիրաւ նզովքներ, փառամոլական գահերէցութիւն պակաս չըլլալը պատմագէտներէն գաղտնի չէ: Ասոնց գլխաւորը Քաղկեդոնի ժողովն էր, որ Եփեսոսէն ետք 451-ին գումարուեցաւ, որու մանրամասն պատմութիւնը մեր նիւթին չի՛ պատկանիր: Այս ժողովները տարբեր միջոցներով գումարուեցան հետզհետէ մինչեւ ԺԹ. ժողովի հասնելով, որոնց մեծամասնութիւնը պապականութեան կը վերաբերի: Այս միջոցները Տրիտենթեան եւ ամենէն վերջը 1869-ին Վատիկանի ժողովը գումարուեցաւ Պիոս Թ. Պապին նախագահութեամբ, որու գլխաւոր որոշումն էր «Քրիստոսի փոխանորդը երկրի վրայ եւ Եկեղեցւոյ գլուխ, Աստուծմէ իրեն տրուած իշխանութիւնը կրօնի մասին եւ բնաւորապէս, մինչ Աթոռի որոշմամբ կը խօսի անսխալ է». նոյնպէս Տրիտենթեան ժողովը իւրաքանչիւր որոշումի տակ նզովք մը, հաւատքի մաս ըլլայ կամ որ. օրինակի համար՝ «ով որ պատարագի ժամանակ բաժակի գինիին ջուր չխառնէ՝ նզովեալ է» (Նիստ ԻԲ.): Այսպիսի որոշումներու տակ միշտ նզովքներ ըլլալը Քրիստոսի օրհնութեան դէմ ու հակառակ են: Այս որոշումները առաջիններուն հետ բաղդատող հասուն խորհրդածութիւն մը կրնայ եզրակացնել անոնց տիզերական ըլլալն ու չըլլալը:

Այսպիսի ժողովներու արդիւնքները իրենք իրենց մէջ բաժանումներու առիթ դարձան: Հասունեան հակաՀասունեան վէճերը մեծաւ մասամբ կրօնական են եւ ո՛չ թէ քաղաքական (Աբբայեանք գոնէ «սուրբ իրաւունք Հայրենաց» կը կոչեն): Ասոնցմէ բացի նոր-նոր անթիւ բաժանումներ մտան Քրիստոնէութեան մէջ, այն է՝ Էթէցական, Մէթոտիսթ, Քուէյքը, Մկտրիչեան, Պէսթէրէաց, Երաստոսական եւ այլն, եւ այլն, որոնք բոլորն ալ բողոքական անունը կրելով, իւրաքանչիւր մէկ-մէկ յարանուանական ժողովներու կը պատկանին: «Էական կէտերու մէջ բոլորս մէկ ենք» ըսածնին՝ իրենց վիճակին վրայ տեղեկութիւն ունեցողները չեն հաւատար, որովհետեւ զատ-զատ դաւանութիւններ, զատ-զատ կրօնապետներ ունին, թէ որ Մկրտիչեանը՝ Պէքսթէրեանին, ուրիշ մը՝ ուրիշի մօտ եթայ, շատ մը ուրանալու եւ շատ մըն ալ խոստովանելու պարագաներ ունի, քանի որ բողոքէն բողոք ելած եւ օր ըստ օրէ ելլալու վրայ է. եթէ հրեայ մը քրիստոնեայ ըլլալ ուզէ, որո՞ւ պիտի դիմէ, չենք գիտեր. եթէ «բոլորս մէկ ենք» ըսելով միութիւն ըլլայ, արդէն բոլոր քրիստոնեաներուն դաւանածը մէկ Քրիստոսն է: Պօղոս առաքեալ իր եւ Ապօղոսին ու Կեփասին անունովը պարծեցողները կը մերժէ, ուր մնաց Քուէյքը ու Մէթոտիսթը: Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ինք իր մէջ բաժանում չունենալէ բացի, միայն Քրիստոսով կը պարծենայ եւ ամչնալու բան մըն ալ չունենալուն՝ ընդհանրականութեան մէջ իր պարզութիւնը եւ ճշմարիտ ազատամտութիւնը յայտնի է:

Երեքշաբթի, Մայիս 26, 2026