ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Հոգեգալուստի տօնին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում: Միածնաէջ Մայր Տաճարի զանգերը առաւօտեան կանուխ ժամերուն սկսան ղօղանջել՝ հոգեւոր բարձր տրամադրութիւն առթելով բոլոր հաւատացեալներուն: Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եկեղեցական ծանրաշուք թափօրով վեհարանէն առաջնորդուեցաւ Մայր Տաճար, ուր մատոյց օրուան Ս. Պատարագը: Հայրապետական Ս. Պատարագի ընթացքին, Մայր Տաճարի սրբազան կամարներուն ներքեւ հոգեւոր ուրախութիւն կը թեւածէր՝ մինչ պատարագիչ Վեհափառ Հայրապետին առընթերակայ էին Տ. Յովնան եպսկ. Յակոբեան եւ Տ. Մուշեղ եպսկ. Պապայեան: 

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ վարդապետութեան ու ծէսին հիման վրայ՝ Մայր Տաճարի մէջ տեղի ունեցան կանոնական բոլոր արարողութիւնները, որոնց զուգահեռ՝ յընթացս Ս. Պատարագի Վեհափառ Հայրապետը եպիսկոպոս ձեռնադրեց՝ Գեղարքունեաց թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Իսահակ վրդ. Պօղոսեանը, Մասեացոտնի թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Ռուբէն վրդ. Զարգարեանը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Անանիա վրդ. Ծատուրեանն ու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան քարոզչութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարիա ծայրագոյն վարդապետ Բաղումեանը: Եպիսկոպոսական օծման ու ձեռնադրութեան արարողութեան ընթացքին խարտաւիլակի պաշտօնը կատարեց՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Դամասկոսի թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ եպսկ. Նալպանտեան: 

Ս. Պատարագի ընթացքին, ողջոյնի պահուն, Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորութեամբ բոլորը նորաօծ եպիսկոպոսներու աջը առին եւ Մայր Տաճարի կամարներուն ներքեւ արդէն ստեղծուեցաւ անբացատրելի մթնոլորտ մը: Օրուան պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը խօսք ուղղեց նորաօծ սրբազաններուն՝ խրախուսելով անոնց կողմէ այս դժուարին ժամանակներուն ժողովուրդին համար մատուցուելիք անսակարկ ծառայութիւններն ու սպասաւորութեան եռանդը: Օրուան քարոզին մէջ ան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ եկեղեցականներու թիրախաւորման ցաւալի դէպքերուն վերաբերեալ: 

Ինչպէս ծանօթ է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ եպիսկոպոս ձեռնադրելու իրաւունքը բացառապէս վերապահուած է Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին: Երէկուան ձեռնադրութեամբ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասը համալրուեցաւ նոր չորս սրբազանով:

Երկուշաբթի, Մայիս 25, 2026