ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս շաբաթավերջին յատկանշական իրադարձութիւն մըն էր՝ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին հաստատման 565-րդ տարեդարձը: Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթ առաւօտ տեղի ունեցաւ աթոռի հիմնադրութեան տարեդարձին առթիւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասուն աւանդական հաւաքը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ առաւօտեան կանոնական ժամերգութիւն, որուն մասնակցեցան Տ. Արամ արք. Աթէշեան եւ աթոռի հոգեւորականաց դասը: Ժամերգութեան աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ աթոռի մաղթանքը: Մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօնով ոգեկոչուեցան Պատրիարքական Աթոռի երջանկայիշատակ գահակալները:
Կրօնական արարողութենէն վերջ հոգեւոր հայրերը հանդիսաւոր թափօրով եկեղեցիէն անցան Պատրիարքարանի դահլիճը: Այստեղ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ տարեդարձի նշանակութեան եւ խորհուրդին: Նորին Ամենապատուութեան խօսքէն վերջ հատուեցաւ նաեւ կարկանդակ մը: Ընդունելութեան ընթացքին բոլորը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր անձին մէջ շնորհաւորեցին աթոռի հաստատման տարեդարձը՝ մաղելով յարատեւութիւն: