ՃԻՈՐՃԻԱ ՄԵԼՈՆԻ-ՄԱՐՔՕ ՌՈՒՊԻՕ ԶՐՈՅՑ

Երէկ, Իտալիոյ վարչապետ Ճիորճիա Մելոնի հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոն, որ երկօրեայ այցելութիւն մը տուաւ Հռոմ։ Օրուան տեւողութեան Ռուպիօ ընդունուեցաւ նաեւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անթոնիօ Թայանիի կողմէ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Մելոնի եւ Ռուպիօ քննարկեցին Պարսից ծոցի իրավիճակը, Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութիւնը, Եւրոպայի մէջ արտադրուած ապրանքներու պարագային ԱՄՆ-ի մաքսատուրքերը, ինչպէս նաեւ Քուպայի իրավիճակը։

«Ես հաւատացած եմ, որ Եւրոպան Ամերիկայի կարիքն ունի, բայց ԱՄՆ նոյնպէս ունի Եւրոպայի եւ Իտալիոյ կարիքը», Ռուպիոն ընդունելէ վերջ լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ ըսաւ Թայանի։

Ռուպիօ եւ Թայանի քննարկեցին երկկողմանի համագործակցութիւնը, միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան մարտահրաւէրները։ Ամերիկեան աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Ռուպիօ քննարկեց միջազգային ջրային ուղիներու մէջ նաւագնացութեան ազատութեան եւ ծովային անվտանգութեան խթանման ջանքերը։ Զրուցակից նախարարները անդրադարձան Ուքրայնայի պատերազմի կարգաւորման կարեւորութեան։ Ռուպիօ շեշտեց Արեւմուտքի երկիրներու կողմէ իրենց տնտեսական շահերու պաշտպանման անհրաժեշտութիւնը։

«ԱՄՆ չի փափաքիր ժամանակ վատնել Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան կարգաւորման ջանքերուն վրայ, եթէ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց չի տեսնուիր», Հռոմի մէջ յայտարարեց Մարքօ Ռուպիօ։ Յամենայնդէպս, ան չբացառեց, որ ԱՄՆ միշտ կրնայ միջնորդի դերակատարութիւնով հանդէս գալ։

Շաբաթ, Մայիս 9, 2026