ՀԱՆԳԻՍՏ՝ Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ԳԱՍՊԱՐԵԱՆԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս իր մահկանացուն կնքած է շատ խորհրդանշական ու տիրական դէմք մը. ոչ եւս է Տ. Գարեգին աւ. քահանայ Գասպարեան, որու անունը նոյնացած էր Ս. Ներսէս ընծայարանի հետ: Այս վախճանը մեծ ցաւ յառաջացուցած է թէ՛ Արեւելեան թեմէն եւ թէ ընդհանրապէս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս: Արդարեւ, նորոգ վախճանեալ տէր հայրը եղած էր անձնդիր ու նախանձախնդիր հոգեւոր սպասաւոր մը: Երբ ան տակաւին երիտասարդ սարկաւագ մըն էր, 1961 թուականին, երջանկայիշատակ Տ. Տիրան արք. Ներսոյեան իրեն վստահած էր Ս. Ներսէս ընծայարանի հիմնադրութեան ժամանակաշրջանի լուրջ պատասխանատուութիւնը: Լուսահոգի տէր հայրը արդարացուցած էր իր վրայ դրուած յոյսերը՝ մանաւանդ, որ յաջորդող տասնամեակներուն ալ բանալի դեր մը խաղացած էր Ս. Ներսէս ընծայարանի զարգացման ուղղութեամբ:
Իր քահանայագործութեան շրջանին Արեւելեան թեմէն ներս ապահովուած էին իսկական ձեռքբերումներ՝ շնորհիւ անոր տեսլականին եւ հովուական մտահորիզոնին: Արդարեւ, Արեւելեան թեմէն ներս տասնամեակներ շարունակ ամառնային դասընթացքներ, սարկաւագներու պատրաստութեան եւ մարզման աշխատանքներ, Ս. Գրքի դասեր եւ հայերէնի դասեր կազմակերպուած էին՝ իր ներդրումով եւ վերահսկողութեան ներքեւ: Այդօրինակ ծրագրերով արձանագրուած յաջողութեան մէջ անփոխարինելի դեր ունեցած էր հոգելոյս տէր հայրը:
Տ. Գարեգին աւ. քահանայ Գասպարեան եղած էր Արեւելեան թեմի անմոռանալի կերպարներէն մին, որ կը ներշնչէր նոր սերունդը, միեւնոյն ժամանակ, տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ թեմակալ առաջնորդներու անմիջական գործակիցը, լծակիցը ըլլալ յաջողած էր:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի. ամէն: