ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՈԶՂԱՏԱՀԱՅՈՑ ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան արքեպիսկոպոս Մաշալեան ընդունեց Եոզղատահայոց նորաստեղծ հայրենակցական միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները՝ Յովսէփ Արզումանը, Յակոբ Թորոսօղլուն եւ Մելքոն Սահակօղլուն:
Զրոյցի ընթացքին հիւրերը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նկատառման յանձնեցին՝ այս հայրենակցական միութեան պաշտօնապէս արձանագրման գործընթացի փուլերուն շուրջ: Անոնք նշեցին, որ այդ ծիրէն ներս գումարուած է նաեւ անդրանիկ ընդհանուր ժողովը: Ուստի, պաշտօնի կոչուած նոր վարչութեան ներկայացուցիչները փափաքած էին Պատրիարքարան այցելել եւ ստանալ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ողջունեց միութեան ներկայացուցիչները, որոնց հետ ապագայ գործունէութեան զանազան երեսակներուն վերաբերեալ ունեցաւ կարծիքի փոխանակումներ: Ան գաղափարները պարզելու առընթեր՝ հիւրերուն յղեց յաջողութեան մաղթանքներ, տուաւ իր աղօթքն ու օրհնութիւնը։