24 ԱՊՐԻԼ. 111-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑ

Համայն աշխարհի հայութիւնը այսօր կ՚ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասեալ նահատակները։ Մեծ եղեռնէն 111 տարի անց, դարձեալ Ապրիլի 24-ն է եւ հայութիւնը նոյնացած, ամբողջականացած է սրբադասեալ նահատակներու յիշատակին հետ՝ հերթական անգամ հայցելով անոնց բարեխօսութիւնը։

Թէեւ աշխարհի չորս ծագերուն տեղի կ՚ունենան ոգեկոչումներ, սակայն, բնականաբար բոլորի ուշադրութիւնը առաջին հերթին կեդրոնացած է Հայաստանի վրայ։ Երէկ երեկոյեան, Երեւանի կեդրոնէն տեղի ունեցաւ աւանդական ջահերով երթը, որ սկիզբ առաւ Հանրապետութեան հրապարակէն աւարտին հասաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։ Այս առաւօտ, Հայաստանի պետական աւագանին այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, մինչ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ հրապարակեց պատգամ մը։

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ալ այս առաւօտ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը՝ շրջապատուած բարձրաստիճան հոգեւորականներու կողմէ։ Վեհափառ Հայրապետը ծաղկեպսակ մը զետեղեց յուշահամալիրին մօտ։ Բացի խոնարհուած ծաղիկներէն՝ Նորին Սրբութեան հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ բարեխօսութեան կարգ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ալ օրուան տեւողութեան եկեղեցական արարողութիւններով ոգեկոչուեցան սրբադասեալ նահատակները։ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը պատգամ մըն ալ հրապարակած է 24 Ապրիլի առթիւ։

Թուրքիա այս տարի եւս անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն։ Ըստ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան 24 Ապրիլին հրապարակեց պատգամ մը, որ ուղղուած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանին։ Այս պատգամը հրապարակուեցաւ Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, ուր այս առաւօտ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ եւ սրբադասեալ նահատակներու բարեխօսութեան կարգ տեղի ունեցաւ՝ հանդիսապետութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Արարողութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը խօսեցաւ քարոզ մը, որ 24 Ապրիլի պատգամի բնոյթը ունէր։

Սփիւռքի հայաշատ հիմնական կեդրոններու մէջ ալ տեղի ունեցան ոգեկոչումներ եւ հիւրընկալ երկիրներու պետական աւագանիներուն մասնակցութեամբ զանազան վերյիշման ձեռնարկեր։

Այս բոլորէն անդին, Հայաստանի ոգեկոչումները այս տարի եւս զերծ չմնացին՝ երկրէն ներս առկայ ահաւոր բեւեռացման, պառակտման ազդեցութիւններէն՝ մանաւանդ, որ մօտաւոր ապագային նախատեսուած է խորհրդարանական ընտրութիւն։ Ոգեկոչումները իշխանութիւն-ընդդիմութիւն լարուածութեան շրջանակէն դուրս բերել հնարաւոր չեղաւ։ Աչալուրջ շրջանակները ցաւով հետեւեցան, թէ նոյնիսկ սրբադասեալ նահատակները չկարողացան հասարակաց յայտարար մը դառնալ, միասնականութեան գործօնի մը վերածուիլ։

Ի լրումն այս բոլորին, պետական մտածելակերպի անյարիր երեւոյթներն ալ դժբախտաբար շարունակուեցան։ Կարգ մը ցուցարարներ հրկիզեցին թրքական դրօշակը, ինչ որ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ բաւական նուրբ հարց մըն է։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս արարքը որակեց՝ անպատասխանատու եւ անթոյլատրելի գործելակերպ։

 

Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2026