ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 24 Ապրիլի առթիւ հրապարակած է պատգամ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

Սիրելի՛ ժողովուրդ, Հայաստանի Հանրապետութեան սիրելի՛ քաղաքացիներ,

Այսօր մենք կ՚ոգեկոչենք 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան՝ Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակը եւ յարգանքի տուրք կը մատուցանենք մեր այն հայրենակիցներուն, որոնք հայ ըլլալու համար ջարդի, տեղահանութեան եւ սովի ենթարկուեցան Օսմանեան կայրսութեան մէջ։

Մեծ եղեռնը մեզի համար տեղի ունեցած մեծագոյն ողբերութիւնն էր, զոր մեր ժողովուրդը կը վերապրի արդէն 111 տարիէ ի վեր։

Ամէն տարի Ապրիլի 24-ին մեր տասնեակ քաղաքացիներու թափօրը կը բարձրանայ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ խոնարհելու մեր նահատակուած հայրենակիցներուն առջեւ։

Ու Ապրիլի 24-ը մեր համազգային երթը նաեւ մտածելու, այդ մասին խորհելու, պատմութիւնը գնահատելու եւ Մեծ եղեռնի կրկնութիւնը թոյլ չտալու հաստատակամութեան դրսեւորումն է։

Այս մտածումներու եւ հաստատակամութեան վրայ հիմնուած է մեր՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ կառավարող մեծամասնութեան վերջին տարիներու քաղաքականութիւնը։

Ձեր՝ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու պատգամով մենք վճռականութիւն դրսեւորած ենք առաւել խորութեամբ հասկնալու մեր ժողովուրդի անցեալին ապրած ու պարբերաբար կրկնուող պատմութիւնը՝ ապագային այդ պատմութեան կրկնութիւնը թոյլ չտալու, մեր այսօրը եւ ապագան լաւ դարձնելու համար։

Այսօր մենք հասած ենք այդ նպատակին՝ շնորհիւ նաեւ անոր, որ հասկցած ենք, որ կարելի չէ թոյլ տալ, որպէսզի Մեծ եղեռնը միջազգային խաղացողներու՝ իրարու դէմ պայքարի գործիքը դառնայ։

Մեր Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հրատարակած Հայոց պատմութեան հատորեակին մէջ հիմնաւոր կերպով արձանագրուած է, որ Մեծ եղեռնը նաեւ հայ ժողովուրդը միջազգային խարդաւանքներու մէջ ներքաշելու գործելակերպի հետեւանքն է. գործելակերպ, որ սկսաւ 19-րդ դարու կէսէն եւ իր ողբերգական գագաթնակէտին հասաւ 1915 թուականին։

Սիրելի՛ ժողովուրդ, Հայաստանի Հանրապետութեան սիրելի՛ քաղաքացիներ,

Մեր ժողովուրդի մեծագոյն փափաքը իրականացած է. մենք ունինք պետութիւն եւ մենք ունինք խաղաղութիւն։ Պետութիւնն ու խաղաղութիւնն են այն երաշխիքները, որպէսզի կրկին տեղի չունենայ Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Այս պատմական նպատակը իրագործելու համար մեզի համար անհրաժեշտ է դադրեցնել հայրենիքի փնտռտուքը մեր պետութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանչցուած 29 հազար 743 քառակուսի քիլօմեթր տարածքէն դուրս։

Այդ տարածքը փոքր չէ հայ ժողովուրդի բարգաւաճման, զարգացման ու բարեկեցութեան համար։ Այսօր մեր տասնեակ բնակավայրերը դատարկ են, տասնեակ բնակավայրեր եւ, ընդհանրապէս, մեր պետութիւնը թերբնակեցուած։

Այս բանին պատճառը եղած է խաղաղութեան բացակայութիւնը եւ գիտակցութեան բացակայութիւնը, թէ հայրենիքը պետութիւնն է, ինքնութիւնը պետութիւնն է, անվտանգութիւնը պետութիւնն է՝ իր միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքներով եւ այս գիտակցութեան վրայ հիմնուելով՝ հայ ժողովուրդը պէտք է դուրս գայ գաղթի եւ պանդխտութեան տրամաբանութենէն։

Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօրուայ իր տարածքով կրնայ 5 միլիոն, 10 միլիոն հայերու բնակութեան վայր ըլլալ։ Սինկափուրի տարածքը Սեւանայ լճի 2/3-էն ալ պակաս է, բայց այնտեղ 5.5 միլիոն մարդ կ՚ապրի, որովհետեւ պետութիւնը հիմնուած է կրթութեան, ինքնահայեցման, խաղաղութեան ու մարդակեդրոն ձգտումներու։

Այսօր, մենք Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՚առաջնորդենք այս տրամաբանութեամբ, իրական Հայաստանի գաղափարախօսութեամբ՝ հասկնալով, որ խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը առաջին հերթին հարեւաններու հետ կարգաւորուած յարաբերութիւններն են՝ հիմնուած իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը, սահմաններու անխախտելիութիւնը եւ քաղաքական անկախութիւնը ճանչնալու վրայ։

Այն ուժերը, որոնք հանդէս կու գան «կորսուած հայրենիքը վերադարձնելու, պատմական սահմաններու եւ արդարութեան վերականգնման» կոչերով ու տրամաբանութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը դնեն 1878 թուականին Սան Սթեֆանոյի խորհրդաժողովի գիծերուն վրայ, որու անխուսափելի վերջին կանգառը պետականութեան ու հայրենիքի կորուստն է, որովհետեւ աշխարհի վրայ իւրաքանչիւրը ունի ի՛ր պատմութիւնը, իւրաքանչիւրը ունի ի՛ր արդարութիւնը, իւրաքանչիւրը ունի ի՛ր կորսուած հայրենիքը։ Մենք, ի վերջոյ, դուրս եկած ենք այս թակարդէն եւ Հայաստանը կրկին այդ ուղղութեամբ տանելու փորձերը մեր պետութեան ու ժողովուրդին ուղղուած հրաւէր են դէպի կառափնարան։

Զոհերու եւ զոհողութիւններու գնով մենք գտած, վերագտած ենք մեր հայրենիքը եւ այդ հայրենիքը Հայաստանի Հանրապետութիւնն է։

Մեր բոլոր նահատակներու զոհողութիւններու հատուցումը Հայաստանի Հանրապետութեան յարատեւութիւնն է։

Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու ազատութիւնը, անվտանգութիւնը, բարեկեցութիւնն է մեր բոլոր նահատակներու իղձերու եւ ընդհատուած երազանքներու իրագործումը։ Մենք կ՚երթանք այս ճանապարհով։ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդը կ՚երթայ այս ճանապարհով։

Փա՛ռք նահատակներուն եւ կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2026