Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՄԱՏՐԻՏԻ ՄԷՋ
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան շաբաթավերջին այցելեց Սպանիոյ մայրաքաղաքը Մատրիտ։ Ս. Զատկի տօնական շրջանին համընկնեցաւ այս հովուական այցելութիւնը, որու ընթացքին Նորին Սրբազնութիւնը տաղաւարի աւետիսը փոխանցեց սպանահայութեան։ Ան մատոյց հայածէս Ս. Պատարագ, որուն մասնակցեցան Մատրիտէն եւ Սպանիոյ այլ քաղաքներէն ուխտաւոր հայեր։ Նորին Սրբազնութիւնը պատգամին մէջ անդրադարձաւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի կողմէ մահուան յաղթելու խորհուրդին՝ ընդգծելով, որ սա կը խորհրդանշէ երկրաւոր կեանքի մէջ յոյսի գերակայութիւնը։
Ս. Զատկի առթիւ կազմակերպուած հովուական այցելութիւնը առիթ ընձեռեց նաեւ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանի եւ տեղւոյն ծխական խորհուրդի անդամներու խորհրդակցութեան։ Ժողովի ընթացքին շօշափուեցան սպանահայ եկեղեցական-համայնքային կեանքի կազմաւորման եւ յարատեւութեան վերաբերեալ զանազան նիւթեր։