ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ՝ «ԵՂԵԳՆԵԱՅ ԳԸՐՉՈՎ» ԵՐԳԻՉԸ ՊԱՅՔԱՐԻ

20 ապրիլը 1884-ի, ԺԹ. դարու տարեգրութեան մէջ, Սեբաստիոյ քաղաքի Բրգնիկ գիւղի ու պոլսահայութեան համար կը մնայ հայու հպարտանքով ճառագայթուն այն օրը, երբ Գրիգոր Չպուգքեարեանի ու Թագուհի Պաղտիկեանի ընտանեկան յարկին տակ լոյս-աշխարհ կու գար հանճարեղ Դանիէլ Չպուգքեարեան մանուկը, ապագայ մեծ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանը, որուն Աստուածառաք տաղանդը յետագային իր ցեղի պատուոյ պատուանդանին վրայ մատեան առ մատեան պիտի երգէր պայքարը «եղեգնեայ գըրչով»՝ միլիոնաւոր հայ նահատակներու համար…:

Եղեգնեայ գըրչով երգեցի փառքեր.
-Քեզի ընծա՜յ իմ հայրենիք - 
……………………………………………………..
Ու պայքա՜ր, պայքա՜ր, պայքա՜ր երգեցի.
-Ձեզի ընծա՜յ, հայ մարտիկներ -
Գրիչս եղաւ անթրոց սըրտերու հնոցի…
-Քեզի ընծա՜յ, քաջ մարտիկներ -
Եղեգնեայ գըրչով վըրէժ երգեցի.
Ընդ եղեգան փող բո՛ց ելանէր:

  Պոլսոյ հետապնդումներուն սարսափելագոյն սեւեռակէտն եղաւ Դանիէլ Վարուժան, որուն ձերբակալումը կատարուեցաւ 1915-ի 25 ապրիլի առաւօտեան կանուխ՝ ժամը 2:00-ի շուրջ, իր մտերիմներուն՝ Սահակ-Մեսրոպի եւ Յովհաննէս Պօղոսեանի այցելութեամբ աւարտած ու անոնց մտատանջութեամբը պաշարուած «ցտեսութեան» խօսքերէն հազիւ ժամ մը ետք: 

Վարուժանի երախայրիքն եղող «Սարսուռներ» հատորիկը (1906 թ.) ընթերցողին մտքին ու զգացմանց բացուելէ տաս տարի առաջ, հազիւ 12-ամեայ մանուկ մը դեռ, անոր վշտոտ ու վիրաւոր սրտին մէջ տակաւ կ՚ընձիւղէին նշանաւոր ու պատկերաւոր քերթուածներէն՝ «Դերենիկը»ի աննկուն պայքարի ոգիին անդրանիկ բոմբիւնները, երբ Պոլսոյ բանտախուցերէն մէկուն մէջ վատառողջ վիճակի մէջ կը գտնէր իր հայրը, որուն նուիրուած ան պիտի երգէր յետագային.-

Դեռ փոքր էի. եկայ քեզի մինաւոր,
       Մութ զընդանիդ մէջ այցի.
Մայրս հիւանդ էր. կը շըրջէի ես ազատ
       Մէջտեղ բանտի ու մահճի:

Աւելի ուշ, բանաստեղծին մէջ պիտի ժայթքի իր վրիժառութեան երդումը՝ դիմելով իր բազմաչարչար հօր.-    

Հայր իմ, օրհնէ՛, ժամը հասաւ. պիտ՚ երթամ:
      Նոր կեանք մ՚ինծի կը սպասէ,
Պատանութիւնն ես թողուցի. նոր արիւն
       Երակիս մէջ կը վազէ:

Այսպէս, «Հայր, օրհնէ՛», «Հիւանդ է», «Մոխիրներուն առջեւ», «Դաստիարակ», «Մուսային» ու շարք մը չափածոյ բանաստեղծութիւններ Վարուժանէն բոցավառեցան՝ գեղապաշտ ճաշակներու տէր այդ շրջանի գրչի միւս վարպետներուն հետ, 20-րդ դարու արշալոյսին ընդառաջ բացուող եւ Արուեստագէտ սերունդի բանակը տակաւ ստուարացնող այլ տաղանդներու կողքին:

Համեստ, այլեւ պայքարի հետամուտ քերթողի քղամիդն հագած՝ Վահան եւ Պետրոս իր եղբայրներուն անդրանիկը, բանուոր, իր աշխատանքին դիմաց անարդար վարձատրութեան տուայտանքով ապրող եւ իր հօր պանդխտութեան պասուքովը հասակ առած, այս բոլորը Վարուժանին մէջ ապագային պիտի վերածուէին Բանի ու Գեղեցկութեան, արուեստի արփաշող աշտերու՝ մշակին ու բանուորին անբասիր քրտինքի կայլակներովը աւազանուած ու համամարդկային Մեծ Սէրին մէջ անհունացած.-

… Ինծի՛ եկէք, ես կախարդն եմ Մայիսին.-
Ձեր քըրտինքն ես կ՚ընեմ գոհար ցօղն անգին
Վարդին.
Կը հեղում ձեր ոսկորներուն մէջ ցամքած՝ 
Արփին:
………………………………………………………………..
Ինծի՛, ինծի՛ եկէք այսօր բոլորնիդ.
Սիրտս ա՜յնքան բոց ունի, հոգիս ա՛յնքան լոյս՝
Որ ձեր խիւս
Ցեխերէն իսկ կը շաղուեմ նո՛ր Մարդկութիւն
Եւ նո՛ր Յոյս:

Դանիէլ Վարուժան՝ գրական սպարապետը իր ցեղի սիրտին, «Սարսուռներ»ու հրապարակումէն երեք տարի ետք եւ Պելժիոյ Կանտ համալսարանէն քաղաքական գիտութիւններու վկայականով յաղթամբարձ, 1909-ին հրապարակ իջաւ նոր տաղարանով մը՝ «Ցեղին սիրտը»ով, որուն վահագնասլաց ամբուռքով արքենի իրերգերը պայքարի, «կռուի երթ»երը, երազայեղց իրիկուններն ու հզօր կամքով մ՚արթնցող բոսորագեղ արշալոյսները, գալիք յաղթանակի երկունքը աւետող տեսիլքներ եղան՝ հայրենական կարմիր հողին ու անոր բարձրաբերձ լեռներուն վրայ հսկող Վարդաններու նիզակով առհաւական.-

Եկո՛ւր, եկո՜ւր.- Ժամանակն ա՛յս է.- Եկո՛ւր…
Ահա ցեղէդ մաս մ՚ազնիւ՝
Գաղափարի, գուպարի մէջ հալումաշ՝
Ճամբուդ վըրայ կը սըփռէ
Իր արիւնին հետ նոր վարդեր, կակաչներ…
Եկո՜ւր, եկո՜ւր.- եւ Մասիսի կատարէն
Դիւցազներու, վըկաներու հոգիներ,
Իբր աստղերու սերմընցան,
Տեղա՛ բոլոր իգութեան մէջ մեր երկրին,
Մեր սըրտերուն խորունկ խորքերը հոսէ
Արիւնդ անբիծ, զոր շիթ առ շիթ ժողվեցիր
Վարդաններու ռազմայարդար հետքերէն…

«Ցեղին սիրտը»ի լոյս ընծայումէն տարի մը ետք եւ ամիսներ տեւած քաշքշուքներէ ետք, 15 օգոստոս 1910-ին, ի վերջոյ Միրիճան Թաշճեան իր դուստրը՝ Արաքսին, կնութեան կու տայ Վարուժանին: Արաքսի Թաշճեանի եւ Դանիէլ Վարուժանի Ս. պսակադրութիւնը տեղի կ՚ունենայ վերոյիշեալ օրը: Անոնք կը բախտաւորուին երեք զաւակներով՝ Վերոնիկ, Արմէն եւ Հայկ: 

1912-ին, բանաստեղծին «Հեթանոս երգեր»ուն լոյս ընծայումն ու «Գողգոթայի ծաղիկներ» շարքին հրատարակութիւնը՝ անոնց միանալով «Հարճը» երկարաշունչ պոէմը, եկան ամենէն ամբողջական արտայայտութիւնն ըլլալու 1910-ականներուն սկիզբ առած «հեթանոսական» շարժման կամ հոսանքին, որուն խորքը, էութիւնը պաշտամունքն էր գեղեցկութեան, ուժին եւ ազատութեան՝ ի հակադրութիւն այդ ժամանակաշրջանի բարքերու ապականութեան ու մարդկային նկարագրի եղծումին, այդպիսով Վարուժան հասնելով համամարդկային փայփայուած իտէալներու բարձունքի: 

«Հարճը»ին մէջ երբ Վարուժան կ՚երգէ փառքը «մեծազօր կենցաղին ասպետական դարերուն», «Հեթանոս երգեր»ուն ու «Գողգոթայի ծաղիկներ»ուն մէջ անոր հոգեմատեանը սիրազեղ թռիչքներով կը պարագրկէ բազուկին ուժը դարերու մարդուն՝ հնադարեան տառապանքի գողգոթաներէն մինչեւ սերմնացանները գալիքի…:

«Մեքենաները», «Դադար», «Մեռնող բանուոր», «Մայիս մէկ», «Բանուորուհին», «Սպասում» եւ շարք մը այլ քերթուածներ, Վարուժանի «եղեգնեայ գըրչով» ու քնարին պաղպաջուն պատկերներով կը խարազանեն բարոյազուրկ միտքի փերեզակները, նենգամիտ ներքինիները ազգիս եւ ազգերու ընկերութեան մէջ, ուր «ոսկի հորթ»ի, կեղծիքի, բանսարկութեան բնաւեր բնորդները կ՚աղաւաղեն կեանքին մեծագոյն հրաշքը՝ իրենց ողբերգական նկարագիրով: Բանաստեղծը իր անխառն ապրումներու հոգեյատակէն պոռթկացող խղճմտանքի կոչնակով կը գուժէ «մահը ոսկիին», կ՚աւետէ յաղթանակը «ռամիկ ուժի բանակ»ին՝ անծայրածիր ու հսկայ քաղաքներու մէջ սարսռագին: 

Արդարեւ, Վարուժանի քնարերգութիւնը իր անաղարտ, գրեթէ ամբողջական ամբրոսը թորաց իր «կարապի երգ»ն եղող «Հացին երգը» փրկուած հատորին մէջ, որ լոյս տեսաւ անոր նահատակութենէն (26 օգոստոս 1915) ետք: Այստեղ ալ, «Հեթասնոս երգեր»ուն պէս, Գեղեցիկի բացարձակումը հիմքն է Վարուժանեան քերթողութեան գեղագիտական կառոյցին, ուր հերոսները չե՛ն սոսկ հողամշակներ ու սերմնացաններ, այլ անոնց երակներէն յորդող արիւնը կը հոսի դէպի հորիզոնները անհունին՝ իրենց հետ տանելով ու շռայլօրէն բաշխելովը հոյլը հերկերուն.-

Մըշա՛կ, ցանէ՜.- յանուն Տիրոջ նըշխարին
Թող մատներէդ յորդին սերմեր լուսեղէն.
Վաղը ամէն մէկ հասկի մէջ կաթնային
Պիտ՚ հասուննայ մաս մ՚Յիսուսի մարմինէն:

Եւ ա՛յն ատեն միայն, արեւելեան, արեւմտեան, հիւսիսային եւ հարաւային կողմերն աշխարհի, ողջ մարդկութիւնը տիեզերքի, հողէն հա՛ց ստեղծող բազուկներով, քրտինքէն գինի արարող աշխատանքով, Գեղեցիկի յղացքին հերոսն եղող Մարդը, խաղաղութիւնն երգող խոնարհ, այլեւ վսեմ աշխատաւորը, իրենց անդորրասփիւռ երկնքին տակ պիտի գտնեն «ծաղկումը՝ մեղրին փեթակներուն, յորդումը՝ բաժակներու գինիին…», քանզի մարդկութիւնը չունի՛ ռումբեր տալիք մարդկութեան, վասնզի ամէն մարդ ինքնին ռումբ է ռոշնական՝ մտածման ու զգացման սիրաջեր սխրանքներ ճառագայթող: 

Ափսո՜ս, որ 31 գարուններ ապրած եւ հազիւ 10 տարի ստեղծագործական կեանք ունեցած քանքարավառ քերթողը չհասցուց արարելու «Գինիին երգը» եւ «Հայկական հոմերագիրքը», որոնց նախապատրաստական շարքին ան ձեռնարկած էր արդէն: Բայց 1915-ի սահմռկեցուցիչ Մեծ Եղեռնը իր թանձրաթանձր մթութեամբ իջաւ արեւմտահայութեան գլխուն, մեծ բանաստեղծէն խլեց անոր գարուն կեանքն ու մարդերգութեան քնարը: Եւ ան միացաւ մահուան կարաւանին իր բազմաթիւ գրչեղբայրներուն՝ Սիամանթոյին, Գրիգոր Զօհրապին, Ռուբէն Սեւակին, Երուխանին, Ռուբէն Զարդարեանին, Թլկատինցիին, Մելքոն Կիւրճեանին, Տիրան Քէլէկեանին, Արտաշէս Յարութիւնեանին, Գեղամ Բարսեղեանին, Տիգրան Չէօկիւրեանին եւ Հայ միտքի ամենաբեղուն բերքը մեզի կտակած բազմահարիւր մտաւորականներուն…:

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

Պէյրութ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2026