ԱՆԹԱԼԻԱՅԻ ՄԷՋ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա համաշխարհային տագնապի պայմաններուն ներքեւ անկարելի է՝ ձեռնունայն սպասէ։
Երէկ, Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումի շրջանակներէն ներս, նախագահ Էրտողան հանդիպումներ ունեցաւ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներուն հետ, որոնք այս օրերուն կ՚այցելեն Թուրքիա։ Այս հանդիպումներուն ընթացքին ան ընդգծեց Անգարայի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական շեշտադրումները՝ միջազգային օրակարգի առկայ հրատապ հարցերուն կապացութեամբ։
Նախագահ Էրտողանի շփումներու ամբողջին մէջ առանձնապէս ուշադրութիւն գրաւեց տեսակցութիւնը՝ Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շերիֆի հետ։ Այս վերջինը ներկայ շրջանին միջնորդական ջանքեր կը գործադրէ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ մշտական խաղաղութեան մը հաստատման ուղղութեամբ։ Իսլամապատի մէջ վերջերս տեղի ունեցած էին Ուաշինկթըն-Թեհրան բանակցութիւններ, իսկ ներկայիս կը նախատեսուի անոնց շարունակութիւնը։
Նախագահ Էրտողան Անթալիայի մէջ Շահպազ Շերիֆի հետ ունեցած երկկողմանի հանդիպման առընթեր, եռակողմանի հանդիպում մըն ալ ունեցաւ՝ մասնակցութեամբ Քաթարի էմիր շէյխ Թամիմ պին Համէտ ալ Սանիի։
Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւններու քննարկումներուն ժամանակ՝ առանձնապէս օրակարգի վրայ եկան այն ջանքերը, որոնք կը գործադրուին Թուրքիա-Սէուտական Արաբիա-Եգիպտոս-Փաքիստան առանցքին վրայ։ Այս համատեղ ջանքերը արժեւորուեցան մանրամասնօրէն։
Անթալիայի հանդիպումներուն ընթացքին նախագահ Էրտողանի կողքին էին՝ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր, ՄԻԹ-ի խորհրդական Իպրահիմ Քալըն, հանրապետութեան նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժանմունքի ղեկավար Պուրհանետտին Տուրան, հանրապետութեան նախագահի արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով աւագ խորհրդական դեսպան Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչ եւ նախագահականի դիւանապետ Հասան Տողան։