Շաբաթ 18, Ապրիլ 2026
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՍԱՆԵՐ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ
Կը տեղեկանանք, որ Ս. Խաչ դպրեվանքէն խումբ մը սաներ այսօրերուն կ՚այցելէն Աթէնք։ Անոնք մասնակցութիւն կը բերեն ՄԱԿ-ի ձեւաչափի օրինակով (MUN) կազմակերպուած միջվարժարանային քննարկումներու։ Աշխարհի զանազան երկիրներէն փութացած երիտասարդներու հետ, Դպրեվանքի աշակերտներն ալ անգլերէնով կը ծաւալեն քննարկումներ՝ իրենց սերնդակիցներուն հետ փորձելով թէ՛ գիտելիքները եւ թէ կարծիքի փոխանակումներ ունենալու, բանակցութիւններ վարելու ընդունակութիւնները։ Աշակերտական խումբին կ՚ուղեկցին իրենց պատասխանատու կրթական մշակները։
Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2026