ԹԵՐԹԱՏԵԼՈՎ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ը
ՀԱՅԵՐԸ Ի՛ՆՉՊԷՍ ԿԸ ԿՈՂՈՊՏԷԻՆ
Միսաք Բտէեան «Հայերը ի՛նչպէս կը կողոպտէին. Մշեցիի մը պարզ պատմութիւնը» վերնագիրին տակ, կը ներկայացնէ, թէ ինչպէս մեծահարուստ հայերը եւ ընդհանրապէս հայերը, ի՜նչ ձեւերով կը կողոպտուէին, ի՜նչ անարդարութիւններու կ՚ենթարկուէին, ի՜նչ դաւաճանութիւններու զոհ կ՚երթային, նոյնիսկ իրենց հայրենակիցներուն կողմէ: Բտէեան կը գրէ.
* 1897 փետր. 17-ին, խանութէս յանկարծակի ձերբակալուեցայ եւ հարցաքննութեան ենթարկուելով իմացայ, որ Փէթուր գիւղացի Պօղոս անունով մէկը ճամբան ձերբակալուելով վրայէն նամակ մը գտնուած է, որու պարունակութիւնը գոմսէր Ռուբէնի կողմէն թարգմանուելով վնասակար ըլլալը հաստատուած է, բայց հասցէն որո՞ւ ըլլալը չգիտցուելով, խեղճ Պօղոսի վրայ ի գործ դրուած բազմապիսի չարչարանքներու վրայ ինձ՝ Բտէեան Միսաքին ուղղուած ըլլալը կը յայտնէ եւ Անդրանիկի կողմէն տրուած է, կ՚ըսէ: Ասիկա հինգերորդ ձերբակալութիւնս էր: Բնաւ չեմ մոռնար իմ ներկայութեանս այդ խեղճին տրուած չարչարանքը, ծեծն ու կոտտանքը, փայտէ գաւազանով 150 հարուած զարկին իր կռնակին. դեռ նա կը յամառէր ըսելու, շունչը կտրած, մարած. գրեթէ մահացած գետնի վրայ կը գալարէր, չդիմանալով, առաջացայ եւ ըսի. «Քանի որ կ՚ուզէք որ անպատաճառ ես ըլլամ այդ նամակի տէրը, թո՛ղ ես ըլլամ, ա՛լ բաւ է, մի զարնէք այդ խեղճին»: Անոնք կատղած ինծի հայհոյեցին եւ տղան հարուածեցին. իմ պնդմանս վրայ տղան ըսաւ, որ ասոր է, որ նամակը պիտի յանձնէի: Ու բանտը իմ տանս պէս էր, ամէն ոք իբր բանտի բնիկ զիս կը ճանչնար, մանաւանդ իբր ընտիր յաճախորդ կը խնամէին զիս: Սկսանք նորէն սակարկութեան, գոմսէր Ռուբէն էֆ. քովս եկաւ, հարցաքննիչ Սիւլէյման էֆ.ի եւ ընդհանուր դատախազի կողմէն եւ գործս թեթեւցնելու համար 80 ոսկի սակարկեցինք, որ հօրս կողմէ յանձնուեցաւ Ռուբէնին, 30 ոսկի ալ նոյն ատենի Մութասարըֆ Քեազիմ փաշային տրուեցաւ, եւ յանցանքս թեթեւցուելով եւ զիս բանտարկեալներու թուղթերէն զատելով, իբր ուրոյն գործ Բաղէշ ղրկուեցաւ, աներս Խօճախանեան Գրիգոր աղային ալ 70 ոսկի յանձնելով Բաղէշ ղրկեցինք, որ հոն թուղթերս հետապնդէ եւ ազատութեանս համար գործածէ: 4 ամիս բանտ մնալէս վերջ Աւագ Շաբաթ օր ազատելուս հեռագիրն եկաւ:
Զ. Ձերբակալում.- 1899-ին Խասգիւղի րէյիս Բարսեղը, իբր վատ մէկը տէրօրի ենթարկուեցաւ. հայրս այդ Բարսեղի հետ, նոյն օրն իսկ, առուտուրի խնդիր մը ունենալուն եւ գիւղը գտնուելուն պատճառով, Բարսեղ, չի մեռաւ, կ՚ըսէ, թէ զինք սպաննել տուողը Բտէբանները եղած են: Ասոր վրայ հայրս ու հօրեղբայրս ձերբակալեցին եւ որչափ որ հօրս անմեղութիւնը հաստատուեցաւ, այսու հանդերձ երկու ամիս բանտ մնալէն զատ, 75 ոսկի հարցաքննիչ Սիւլէյման էֆ.ի եւ ընդհ. դատախազ Մուհամմէտ Հասիպ էֆ.ին տալով հազիւ կրցաւ ազատիլ:
Է. Ձերբակալում.- 1900-ին յուլիսին, երբ մեր տան պարտէզին մէջ կը քնանայինք, թաղին գիշերապահներէն Զէյպէք Չավուշը, սկսաւ պոռալ թէ Բտէեանի պարտէզը 15-ի չափ յեղափոխականներ կան: Այս պոռչտուքին վրայ եկած զօրքեր եւ ոստիկաններ տունը եւ ամէն կողմ խուզարկեցին, բայց ոչ ոք գտան, այսու հանդերձ զիս եւ հօրեղբայրս Հաճի աղան բանտարկեցին: Հայրս՝ որ այդ օրը բացակայ էր, երբ այս լուրը կը լսէ, կաթուածահար կ՚ըլլայ: Այս անգամ գոմիսէր Մուղտատ էֆ. իր եղբայրը Հաֆըզ էֆ.ն մեզ ղրկեց եւ հօրս վրայ եկած փորձանքէն զգածուած ըլլալը յայտնելով, սապըգալը ըլլալնիս մէջ բերաւ եւ յայտարարեց թէ մեր վրայ ցաւելուն, չուզեր խնդիրը մեծցնել: Իր ըսածին իրաւացի ըլլալը նկատի առնելով -քանի որ անիրաւ տեղը կրնային բանտարկել մեզ- 30 ոսկի տուինք իրեն եւ ազատ արձակուեցանք: Բայց հայրս 7 օր հազիւ ապրելէ ետք մեռաւ:
Ը. Ձերբակալում.- 1901 հոկտ. 1-ին յեղափոխականներէն Հաւատւորեկցի Մակարը կը ձերբակալուի: Քօթունենց Պիլալը եւ Ահմէտը, որոնք ինձ դէմ խիստ հակառակութիւն մը ունէին, կը խրատեն այդ Մակարը, որ զիս մատնէ իբր գօմիթէ եւ կը խոստանան զինքը ազատել այն ատեն: Ան ալ խաբուելով հարցաքննիչի առջեւ մեր անունը կու տայ եւ ասոր վրայ իսկոյն զիս եւ հօրեղբայրս կը ձերբակալեն: Ընդհ. դատախազ Մուհամմէտ Հասիպի կողմէն քսու Կաւատ Մելքոն էֆ. կոչուած վատ եւ ցածոգի մէկը եկաւ մեր քով եւ 20 ոսկի իրեն իբր միջնորդչէք եւ 100 ոսկի ալ հարցաքննիչին եւ դատախազին տուինք եւ ամիս մը վերջ մէնի մուհաքէմէ ըլլալով ազատեցանք:
Թ. Ձերբակալում.- 1902-ին եղբայրս Վաղարշակը՝ իր աներոջ Գազանճեան Հլոյին եւ Սեդրակին իբր ընկեր ձերբակալուեցաւ: Վատոգի գոմիսէր Ռուբէնը, այդ Հլոյի հետ թշնամութիւն տածող դրացիին Կթունի Մխոյի խնամին ըլլալով, եւ ուզելով հարուածել Գազանճեանը, իր հօրը, Վարդան աղային քով գտնուող 30 տարի առաջուան Մշոյ Բարեսիրաց ընկերութեան կնիքը գաղտնապէս Մխոյի տղու ձեռքով յիշեալ Գազանճեանի խանութը ձգել կու տայ: Յետոյ խուզարկութիւն կատարել տալով կը գրաւէ զայն եւ սխալ թարգմանելով իբր յեղափոխական ընկերութեան կնիք, դատապարտել կու տայ: Իսկ եղբայրս Վաղարշակը՝ որ յատուկ դիտումով մը մատնուած էր իբր գործակից, վեց ամիս բանտարկութենէ վերջ 70 ոսկի կառավարիչ Մահմուտ փաշային եւ 30 ոսկի ալ դատարանի անդամ Հիւսէյին եւ Մ. Աբրահամեան Յակոբ աղային տալով ազատեցին (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 20, Նոյեմ. 6-19 - 1908, էջ 1-2):
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ
Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ շնորհաւորական այցերութիւն տուին երէկ Վահան պէյ Էսաեան, Աստուածատուր էֆ. Հարենց, Գրիգոր էֆ. Էվրէնեան, Կարապետ էֆ. Թահթապուրունեան, Մ. Բիրս Սիմօն էֆ. Գայսէրլեան, Լեւոն Հաճեան, Արտաշէս էֆ. Ֆնտգլեան, Գառնիկ Յովսէփեան:
Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ շնորհաւորական հեռագիրներ ղրկած են Տրդատ եպս. Պալեան, Պօղոս փաշա Նուպար, Իհսան Ալի պէյ, Տքթ. Չէմպըրս, Երուսաղէմի անգլ. հիւպատոսը, Աբրահամ փաշա Բարթող եւ այլն:
ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՅԵՐՈՒ ՆԿԱՏՄԱՄԲ
ՀԻՒՍՆԻ ՄԱՆՍՈՒՐԻ ազգայիններէն մէկը երէկ Ս. Պատրիարք Հօր ներկայանալով տեղւոյն մէջ գործուած բռնակալութիւններն ու առեւանգումները նկարագրեց: Քանի մը հայեր տեղւոյն կառավարչատունը երթալով բողոքած են, ըսելով, թէ հաւասարաութիւնը այդպէս չ՚ըլլար. միւտիրը կը պատասխանէ. «Ես հիւրիյէթ չեմ ճանչնար, հիւրիյէթը լեզուս է»: Ասկէ զատ, գրաւած են հայոց վերաբերեալ կալուածները: Հայոց զանգակ զարնելուն իսկ առարկութիւն ըրած են, ըսելով, թէ հօճային ձայնը կը խափանէ եւ ուրիշ անիրաւութիւններ յիշելով, անմիջական տնօրինութիւն մը խնդրած է:
ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՀԱՑՆ ՈՒ ՄԻՍԸ երկրորդ անգամ կտրուած էր. առջի օր Ս. Պատրիարքը Պատրիարքարանի գործակատար Գամէր էֆ.ն ղրկեց Պատերազմական նախարարին, որ նոյն պահուն Նախարարաց խորհրդոյ նիստին կը մասնակցէր եւ Հայոց Պատրիարքին ներկայացուցիչը ընդունելու համար պահ մը դուրս ելաւ ժողովասրահէն: Գամէր էֆ. հաղորդեց, թէ հացին ու միսին կտրուելովը Հիւանդանոցի խախուտ ելեւմտացոյցը բոլորովին կը քայքայուի եւ նոյն իսկ հարկ կ՚ըլլայ գոցել դռներն ու հոն պատսպարուող հազարաւոր անկարները փողոց ձգել ձիւնին ու բուքին: Նախարարը խորապէս զգածուած ըսաւ՝ կառավարութիւնը այդ հացն ու միսը կտրել չէ որոշած: Հիւանդանոցի տրուած այդ պետական նպաստը միշտ իր տեղը ունի կառավարութեան ելեւմտացոյցին մէջ. մինակ թէ ուղիղ չէ պատերազմական նախարարութեան ատանկ բեռ մը ստանձնել, երբ անիկա բեռնաւորուած է զինուորներու ահագին բեռովը: Ն. Վսեմութիւնը բարեւ ղրկելով Ս. Պատրիարքին յայտարարեց, թէ քսան օր ալ պիտի շարունակէ Հիւանդանոցին սովորական հացն ու միսը եւ կը խնդրէ, որ մինչեւ այդ ժամանակամիջոցը Ն. Սրբազնութիւնը անհրաժեշտ դիմումները կատարէ Բ. Դրան մօտ, վերջնականապէս ճշդելու համար, թէ ո՞ր պաշտօնատունէն պէտք է տրուի այդ նպաստը:
ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ՝ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ Կաթողիկոսական տեղակալ Տ. Գէորգ արքեպ. Սուրէնեանց, առջի օր մասնաւոր հեռագրով մը կ՚աւետէ Ս. Պատրիարք Հօր, թէ պատգամաւորներու ժողովը ընտրած է զինքը իբր կաթողիկոս ու Տ. Եղիշէ եպս. Դուրեանն ալ իբր քանտիտա կաթողիկոսութեան: Տեղակալ Սրբազանը կ՚աւելցնէ նաեւ, թէ ընտրութեան տեղեկագիրը մատուցուած է պատկանեալ իշխանութեան եւ թէ մօտ օրէն բարերախտութիւն պիտի ունենան Ս. Պատրիարքին ներկայութիւնը վայելել իրենց մէջ, իբր ազգընտիր կաթողիկոս (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 20, Նոյեմ. 6-19 - 1908, էջ 2):
ԽԱՌՆԱԿԻՉ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
ՊԱԼԱԹԷՆ դիտել կու տան մեզի, թէ մէկ երկու անձինք յայտարարութիւն մը ցրուած են ժողովուրդին մէջ, որով Սալմաքօմրուքցիներուն եւ Գարակէօմրիւքցիներուն կը թելադրեն քուէ չտալ առաջիկայ կիրակի ընտրուելիք Պալաթի Թաղային խորհուրդին: Ասանկ յայտարարութիւն մը ներելի չէ, անշուշտ, երբ մասնաւոր հիմ մը չունի:
ԱՏԱՄՆԱԲՈՅԺ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
ՀԱԼԷՊԻ Բողոք. համայնքէն Ստեփան էֆ. Յ. Մարգարեան, որ Կայսերական Բժշկական վարժարանէն ատամնաբուժական վկայական ստացաւ, եւ մօտերս Եւրոպա երթալով Վիեննայի եւ Պերլինի ատամնաբուժական հիւանդանոցները այցելած է, այժմ իր բնակատեղին կը վերադառնայ:
ԻՇԽԱՆԱՑ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ պահանջման պատասխանելով ձեռնարկեցի առաջին անգամն ըլլալով Իշխանաց կղզիի մէջ Հայ վարժարան մը բանալ, որ սիրալիր ընդունելութիւն մը գտաւ թէ՛ բնիկ եւ թէ՛ ամարանոց եկող ազգայիններէն: Առաջիկայ կիրակի, նոյեմբեր 9-ին, ժամը 51/2-ին, որոշած ենք վարժարանիս բացման հանդէսը կատարել, որուն կը հրաւիրենք կրթասէր ազգայինները: Այս առթիւ, նիւթապէս եւ բարոյապէս քաջալերող բոլոր ազգայնոց կը մատուցանեմ հրապարակային սրտագին շնորհակալութիւններս:
Մ. ԿԱԶՄԱՐԱՐԵԱՆ
ԷՍԱԵԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ
ԷՍԱԵԱՆ վարժարանի երկսեռ աշակերտները, Զէյթունի սովելոց ի նպաստ 700 ղրուշ հանգանակած ըլլալով, Բերայի ազգային վարժարանաց տնօրէն Մարգարեան էֆ. այս գումարը երէկ անձամբ յանձնեց Ս. Պատրիարք Հօր:
ՎԵՂԱՐԱՒՈՐ ՍԱՏԱՆԱՆ
ՍՏԱՑԱՆՔ «Վեղարաւոր սատանան» անուն գրքոյկը, հեղինակութիւն Ենովք Արմէնի: Օրմանեանին ուղղուած ամբաստանագիր մը՝ զոր կ՚արժէ, որ կարդան ամէն գրասէրներ:
ԴԺԲԱԽՏ ԴԷՊՔ ՄԸ
ԽՈՐԻՆ ցաւով կը ծանուցանենք մահը դեռատի հարսի մը՝ Տիկին Աղաւնի Բալամուտեանի (ծնեալ Գալայճեան): Ողբացեալը որ հազիւ տարի մը առաջ հարս եղած էր, երէկ վերջ տուաւ իր թարմագեղ կեանքին տաժանելի ծննդաբերութեան մը հետեւանքով: Բարեմոյն ու ազնիւ բնաւորութեամբ օրիորդ մըն էր, աշակերտած աղջկանց Լուսաւորչեան վարժարանին, ուրկէ ելած էր խնամուած դաստիարակութեամբ մը՝ որուն կը միացնէր իր մտաւորական եւ բարոյական ազնիւ ձիրքերը: Խմբագրութիւնս այս տխուր առթիւ իր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնէ հանգուցեալին մօրը, ամուսնոյն եւ ընտանեկան պարագաներուն (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 20, Նոյեմ. 6-19 - 1908, էջ 3):
ԱԶԴ՝ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՀԱՅ ԳՐԱՇԱՐԱՑ
Միութիւնը 2 նոյեմբեր 1908, կիրակի, գաղտնի քուէարկութեամբ իր առժամեայ Վարչական ժողովը կազմեց: Առանց այս ժողովոյ դիւանին ստորագրութեան յանուն Հայ գրաշարաց միութեան եղած հրաւէրներն ու ազդարարագիրները չեղեալ պէտք է նկատել:
Ի դիմաց ընդհ. յանձնախմբի
Առժամեայ ատենապետ
Բիւզանդ Փափազեան
(ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 20, Նոյեմ. 6-19 - 1908, էջ 3):
ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ «Երաժշտութեան դերը նոր կեանքի մէջ» խորագիրը կրող գրութեան մէջ, կ՚անդրադառնայ ու իր գնահատականը կու տայ Լեւոն Պօղոսեանի կազմակերպած «Հայկական համերգը» ցորեկոյթին վերաբերեալ: Գրութեան հետաքրքրականութեան համար, կու տանք զայն ամբողջութեամբ.
* Նոր կեանքի մեզ պարգեւած հաճոյքներէն մէկը անտարակուսելի կերպով երեւան գալն է կարգ մը ընդունակութիւններու, որոնց մասին կասկածով խորհած ենք մինչեւ հիմա: Բարեկիրթ եւ արուեստասէր հայրենակիցներով լեցուած սրահ մը, սքանչելի կանոնաւորութեամբ կազմակերպուած երգեցիկ խումբ մը, սիրուն եւ շնորհալի օրիորդներ, հայերէն ազգային երգեր առանց fausse note-ի մը երգուած, նոր եւ ինքնատիպ եղանակներ մեր տոհմային հանճարին համապատասխան, ահաւասիկ անակնկալը, որ ունեցանք կիրակի, «Իւնիօն Ֆրանսէզ»ի սրահին մէջ Հ. Յ. Դաշնակցութեան հովանաւորութեան տակ եւ Պրն. Լեւոն Պօղոսեանի ղեկավարութեամբ կազմակերպուած ցորեկոյթին ներկայ գտնուելով: Քիչ անգամ պատահած է, որ Հայկական ցորեկոյթ մը կամ երեկոյթ մը այսքա՛ն լիուլի գոհացում պատճառէ եւ որու միջոցին չպատահի բան մը, թերի մը, չնախատեսուած պարագայ մը, որուն մասին հարկ ըլլայ մեր անսահման ներողամտութեան կոչում ընել: Պրն. Պօղոսեանի կազմակերպած ցորեկոյթը իրաւունք կու տայ մեզի այլ եւս խստապահանջ ըլլալու, կատարեալ արուեստական վայելք մըն էր անիկա, ու պիտի սպասենք, որ այլեւս այս կարգի հաւաքոյթներ կազմակերպողները նկատողութեան առնեն կարելիութիւնը անթերի ըլլալու: Ընդհանրապէս վարժուած ենք համեմատական գնահատութիւն մը ընելու ազգային հաւաքոյթներու, երբ արդէն մէկ կամ երկու բան լաւ է, կը գոհանանք. երբեք մտքերնուս չ՚անցնիր ամբողջութեանը մէջ տեսնելու գործը ու երբ շատ նեղը մնանք, կը մխիթարուինք խորհելով, որ մեր մէջ եւրոպական կատարելութեամբ երեկոյթ մը կազմակերպել անկարելի է: Պրն. Պօղոսեան մեզի փորձով եւ դրական փաստերով ցոյց կու տայ, թէ այս կերպ տեսնելը բացարձակ սխալ մըն է ու այսպէսով մեծ եւ վերջնական քայլ մը առնել կու տայ մեր ընկերական գործունէութեան մէջ:
Ինչպէս ատենախօս ընկեր Ակնունի դիտել կու տար՝ «Հայկական համերգը» ֆրանսական հաստատութեան մը մէջ մասնաւոր նշանակութիւն կը ստանար: Այս սքանչելի ցեղը, որ առաջիններէն եղած է պայքարելու եւ իր արիւնը թափելու համաշխարհային իրաւունքներու պաշտպանման համար, այն ազնուական եւ արուեստասէր ժողովուրդը, որ մեր տառապանքի օրերուն ամենէն քաղցր ու ամենէն սիրալիր ընդունելութիւնը ըրած է մեր տարագիր եղբայրներուն իր իսկ հողին վրայ, հոս ալ իր պաշտօնական հաստատութեան մէջ էր, որ կ՚ընդունէր մեզի առաջին անգամ ըլլալով ներկայացնելու համար, իր կատարելութեան մէջ բոլոր այն ազգային երգերը, որոնցմով մեր ցեղը ապրած, լացած ու զուարթացած էր: Երգը ցեղի մը ըղձանքներուն համադրութիւնն է, վերջնական ձեւը, որուն մէջ կ՚ապրին տառապանքը ու ուրախութիւնը: Դարերու ընթացքին մէջ, անոնք մեր միակ ազգային ինչքը եղած են երկար ատեն. քարերը ու արձանագրութիւնները ամբարիշտ ու բարբարոս ձեռքերու միջոցաւ կրնան քանդուիլ, կրնան ոչնչացուիլ, մատեանները կրնան հրդեհուիլ, բայց երգը անմատչելի ու անեղծ կը մնայ, անիկա կը թռչի ու կը սաւառնի բոլոր մարդկային թշուառութիւններէ վեր ու հարկ եղած պահուն կը վերադառնայ մայրական շրթունքներու վրայ, օրօրը կ՚ըլլայ նորածին սերունդներուն, կը վերադառնայ սիրող սրտերու մէջ ու անոնց ականջին կը մրմնջէ կորսուած, հալածուած, մոռցուած սերունդներու բարբառով, կը վերադառնայ պայքարելու ու վերածնելու ընդունակ երիտասարդներու բերանը ու զիրենք կ՚արթնցնէ իրենց ամօթալի թմրութենէն, խանդավառութեան, անձնուիրութեան զոհողութիւններու հուրքը վառելով անոնց մէջ:
Երգին évoquateur արժէքը, անոր մեծ նշանակութիւնը ցեղի մը պատմութեան մէջ սքանչելի կերպով երեւան հանեց ընկեր Ակնունի իր բանախօսութեամբը, այնպիսի հեշտ պերճախօսութիւնով մը, որ համերգներու երաժշտական վայելքին պատշաճ շարունակութիւնը կարելի է համարել: Շարժուձեւի ներդաշնակութիւնը եւ sobretéն ձայնին դաշն քաղցրութիւնը, գաղափարներու յաջորդութեանց ճարտարութիւնը եւ տրամաբանութիւնը զինքը անտարակուսելի կերպով կը դարձնեն մեր լաւագոյն ատենաբաններէն մէկը: Նոր կեանքը, ապահովարար շատ մը բարիքներու հետ զինքն ալ լսելու շնորհքը բերաւ մեզի:
Ցորեկոյթին յայտագիրը կը կազմէին մեծ մասամբ Հայկական երգերը, որոնց մէկ մասին եղանակները յօրինած էր Պրն. Լեւոն Պօղոսեանը: Նշանակելի էին «Մենք պէտք է կռուենք» եւ «Խանի երգը», այս վերջինը գրեթէ կրօնական պարզութեամբ ու հանդիսաւորութեամբ: Երգ մը՝ որ չափազանց ծափահարուեցաւ ու հանդիսականներուն ներշնչեց յուզումնալի խանդավառութիւն մը: Գեղեցիկ էին նաեւ «Խանասորի քայլերգ»ը Գ. Միրզայեանի եղանակով եւ «Կովկասի քաջերը» նոյն հեղինակէն:
Օրիորդ Զ. Մինասեան ճշմարիտ արուեստագիտուհիի ճարտարութեամբ նուագեց Շօբէնէն եւ Լիցէն կտորներ եւ Օրիորդ Մէհտէրեան, սիրուն պարմանուհի մը, արտասանեց Սիամանթոյի գեղեցկագոյն էջերէն մէկը «Զղջումին թափօրը»:
«Դէպի երկիր» Է. Ակնունիի լաւագոյն գրութիւններէն մէկը արտասանեց Ա. Շահէն վարպետ դերասանի գիտակցութեամբ եւ արժեցնելով կատարելապէս այդ գրական յուզումնալի կտորը:
Երբ ցերեկոյթը վերջացաւ, ամենքս ալ մեծ տպաւորութեան տակ էինք: Համերաշխութեան գաղափարը կ՚օծէր մեզ ներդաշնակութեան զգացումով: Երգին ամենազօր ազդեցութեամբը մենք ամենքս ալ պատրաստ էինք հաւատալու ամենէն դժուարին նկատուած իտէալներու իրագործման, ինչքան առաւելապէս կը հասկնայինք ընկեր Է. Ակնունիի ատենախօսութեւան վերջին մասը, երբ փափաք կը յայտնէր երգեցիկ խումբերը համերաշխութեան միջոց մը դարձնել ու այդ հայկական մեզի ընտանի ու այնքան սիրելի գլուխներուն մէջ տեսնել նաեւ քիւրտեր, թիւրքեր, յոյներ… ամենքն ալ միացած սերտ ու ներդաշնակ կապերով էնթերնասիօնալը երգելու: Այն գահավէժ արագութիւնը որով յեղափոխուած երկիրներու մէջ նոր երեւոյթները կը նուիրագործուին, կ՚ընդունուին, ընտանի կ՚ըլլան, կարելի կը դարձնէ յուսալ քիչ ատենուան մէջ այդ մեծ իտէալին իրագործումը: Ո՞վ գիտէ, թերեւս ինչ որ երկարատեւ պայքարները դժնդակօրէն եւ քայլ առ քայլ պատրաստեցին, ինչ որ ճառերով, ատենախօսութիւններով, բանակցութիւններով անկարելի եղաւ դեռ վերջնականապէս հաստատել, ինչ որ քաղաքագէտներու, ընկերաբաններու կը ներկայանայ իբր կնճռոտ հանգոյց մը, երգը մէկ անգամէն կարողանայ իրագործել, ներդաշնակութեան ու գեղեցկութեան զգացումը անհաշտ է, տմարդի վայրագութիւններու հետ, եւ ահաւասիկ, թէ ինչու գեղեցկագիտական, ընկերական կրկին տեսակէտներով կիրակի օրուան ցորեկոյթը նշանակելի պարագայ մը կը նկատեմ՝ արժանի մեր ուշադիր գնահատման եւ որուն համար մասնաւորապէս շնորհաւորելի են Պրն. Լ. Պօղոսնանի անձնուէր ջանքերը (ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 21, Նոյեմ. 7-20 - 1908, էջ 1):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ