ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼՈՒ ԱՐԳԵԼՔԸ ՋՆՋՈՒԵՑԱՒ

Երէկ, Հայաստանի դատական իշխանութիւնները ջնջեցին Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի երկրէն դուրս գալու արգելքը։ 

Իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ, ներկայ տարեմուտին Վեհափառ Հայրապետին դէմ երկրէն դուրս գալու արգելք սահմանուած էր դատական իշխանութիւններուն կողմէ։ Այս պարագան համատարած հակազդեցութեան պատճառ դարձած էր՝ մանաւանդ, որ Նորին Սրբութիւնը Սանկտ Փոլթենի մէջ նախատեսուած եպիսկոպոսական ժողովին եւ աւելի ուշ ալ Վրաց եկեղեցւոյ կաթողիկոս-պատրիարքի յուղարկաւորութեան չէր կարողացած մասնակցիլ։ 

Վեհափառ Հայրապետի փաստաբանը՝ Արա Զօհրապեան երէկ տեղեկացուց, որ Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի քրէական դատարանը որոշած է Նորին Սրբութեան դէմ սահմանուած խափանման միջոցը ենթարկել փոփոխութեան։ Այսպէս, դատարանի որոշման հիման վրայ Վեհափառ Հայրապետի երկրէն դուրս գալու արգելքը կը ջնջուի։ Դատավճիռը արձակուած է Նորին Սրբութեան փաստաբանի դիմումով։

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2026