ԳԱՂԱՓԱՐԸ ԿԵԱՆՔԷՆ ՎԵ՛Ր

Հայ գրականութեան մէջ կան դէմքեր, որոնք իրապէս եզակի են. դէմքեր, որոնք անկրկնելի են. մեծութիւններ՝ որոնք կը յատկանշուին իրենց գրիչի ուժով, մտածողութեամբ, լեզուի ինքնատիպութեամբ եւ աշխարհը տեսնելու ուրոյն կարողութեամբ: Անձեր որ ո՛չ թէ կ՚ընդօրինակեն ուրիշի գրականութիւնը, այլ կը ստեղծե՛ն զայն: 

Անվերապահօրէն այդ մեծութիւններէն մէկն է գրող եւ երգիծաբան Լեռ Կամսարը, որ մեր համոզումով՝ շուքի տակ ձգուած գրականութեան տիտան մըն է: Հայ գրականութեան մէջ Լեռ Կամսար ճանչցուած է որպէս երգիծաբան, սակայն մեծանուն գրողի կեանքը ո՛չ թէ երգիծանքով, այլ թշուառութեամբ, անարդարութեամբ ու տառապանքով անցած է։ Բայց եւ այնպէս, հակառակ այդ բոլոր նեղութիւններուն յաջողած է կատակել, յաջողած է ծիծաղիլ եւ կարծես իր խնդութեամբ փորձած է քինախնդիր ըլլալ կեանքէն. գրող՝ որ իր բանտի տաժանելի պայմաններուն մէջ յաջողած է իր օրագիրին մէջ «կատակել» ու գրել. «Հոս, բանտին մէջ հայելին արգիլուած է: Եղբայր, հայելի ինչո՞ւ չեն տար մեզի… եթէ իմանամ, թէ որքան սեւ մազ ունիմ գլխուս, ատկէ իշխանութեան ի՞նչ վնաս…» («Բանտիս օրագիրը», 2010, էջ 143): Լեռ Կամսար հայ գրականութեան մէջ յայտնի է իր խիզախութեամբ, որովհետեւ կրնար իր սուր քննադատութիւնները մէկդի դնելով «խաղաղ» կեանք մը ապրիլ, սակայն, գրողին ուզածը խաղաղութիւնը չէր. անոր համար ճշմարտութիւնը շատ աւելին կ՚արժէր՝ քան սահմանափակուած իր ազատութիւնն ու բանտարկութիւնը։ Շատեր փորձեցին Լեռ Կամսարը լռութեան դատապարտել։ Սկիզբը աշխատանքէն հեռացուցին, ետքը սովի մատնեցին՝ արգելք հանդիսանալով, որ աշխատանքի ընդունուի։ ետքը աւելի քան քսան տարի աքսորի դատապարտեցին, սակայն, այս բոլորով հանդերձ Լեռ Կամսար իր գրիչը «անիծեալ» նկատելով չդադրեցաւ գրելէ: Լեռ Կամսար իր «Կարմիր օրեր» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Մէկ չէ՞. մտքերս փոխանակ ինձ հետ գերեզման տանելու, թող թուղթի վրայ գերեզման մտնեն»։ Լեռ Կամսար լաւապէս գիտէր, որ իր գրիչը կրնայ նոյնիսկ իր մահուան պատճառ դառնալ. նոյն ժամանակամիջոցին ան ականատես եղած էր, թէ ինչպէս խօսքի ազատութեան սահմանափակումով գնդակահարուած էր իր գրչեղբայրներէն Ակսել Բակունցը, գրականագէտ Պօղոս Մակինցեանը, արձակագիր ու բանաստեղծ Վահան Թոթովեցնը. աքսորի դատապարտուած էր Գուրգէն Մահարին, բանաստեղծ ու արձակագիր Վահան Նորենցը եւ բազմաթի՜ւ ուրիշներ… Լեռ Կամսար լաւապէս գիտէր, որ իր գրականութիւնը կրնար արժել նոյնիսկ իր կեանքը: Այս բոլորը նկատի ունենալով է, որ Լեռ Կամսար կը շարունակէ գրել՝ ցոյց տալով, որ իրենց համար շա՛տ աւելի կարեւոր է միտքի եւ խօսքի ազատութիւնը, իրենց համար շա՛տ աւելի առաջնահերթ է հասարակութեան զգաստութիւնը՝ քան սեփական կեանքը: 

Լեռ Կամսար կը շարունակէր խիզախօրէն գրել, որովհետեւ իրենց համար մեծագոյն պատիժ կը նկատէր Խորհրդային Միութեան բռնատիրութեան տակ ապրիլը։ Ուրիշ գրողներ իրենց հանգիստը մտածելով կը մեծարէին Ստալինը, կը մեծարէին Խորհրդային Միութեան աշխատանքները եւ հանգիստ ու ապահո՜վ տեղ կը գտնէին, սակայն, Լեռ Կամսար այդ երկերեսութիւնը ընել չէ՛ր գիտեր. ընել չէ՛ր ուզեր։ Ան իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Իւրաքանչիւր մարդ իրենց յատուկ «գերագոյն պատիժ»ը ունի. մէկու մը համար այդ մէկը զաւակներու կորուստն է, ուրիշի մը համար սիրեկանին բաժանումը։ Ինծի համար «գերագոյն պատիժ»ը սա ռեժիմին մէջ ապրիլն է՝ որուն դատապարտուած եմ, սակայն առանց յանցանք մը գործելու»։ Այլ խօսքով՝ մահը, գնդակահարութիւնն ու աքսորը Խորհրդային Միութեան բռնատիրութեան տակ ապրելէ բանով մը չէր տարբերեր: Անշուշտ, Լեռ Կամսար լաւապէս կը գիտակցէր, իր գրիչը ո՛չ միայն իր, այլ նաեւ իր ընտանիքին դժբախտութեան պատճառ էր, սակայն, կարելի չէր լռել: Այդ անվախ ու խիզախ կեցուածքը Լեռ Կամսար այս բառերով կը բացատրէ. «Ես բանտարկեալս այսքան օր դեռ չեմ գիտեր իմ յանցանքս։ Ու եթէ քննութենէս ետք պարզուի, թէ արդար եմ, ապագային համար յանցանք գործելու պատուէր պիտի վերցնեմ քննիչէս: Իմ հանդէպ եղած բոլոր անարդարութիւնները լռութեամբ կը տանիմ, որովհետեւ կ՚ուզեմ չափել, թէ մարդ արարածը որքան «գայլ» է: Ես անընդհատ խորացող ջրհոր մըն եմ, որ թոյլ կու տամ թշնամիիս անվերջ իջեցնել իր դոյլն՝ անոր պարանի ողջ երկարութիւնը ստուգելու համար»: 

Լեռ Կամսարը բազմաթի՜ւ այլ գրողներէ տարբերողը հետեւեալն է. ան փառքի համար չէ՛ր գրեր. լաւապէս կը գիտակցէր, որ իր գրելը բացի վնասէ այլ օգուտ մը պիտի չի՛ տայ իրեն. հալածանք, ատելութիւն, աքսոր, բանտարկութիւն ու թշուառութիւն, սակայն, ան ունէր առաքելութիւն. գրե՛լ։ Կը հաւատանք, որ իւրաքանչիւր երիտասարդ պէտք է անգամ մը կարդայ Լեռ Կամսար, որպէսզի հասկնայ ի՛նչ ըսել է պայքարիլ գաղափարի համար։ Այսօր ամենէն պարզ դժուարութեան դիմաց կը յուսահատինք, շատ անգամ մեր գաղափարները կը զոհենք՝ պարզապէս որ դժուարութիւնը հեռու ըլլայ մեզմէ։ Ո՛չ միայն հայ գրականութեան, այլ համաշխարհային մակարդակով Լեռ Կամսար պէտք է ըլլայ օրինակ, ցոյց տալու համար, որ շատ մը մարդոց համար գաղափարն ու համոզումը նոյնիսկ սեփական կեանքէն աւելի արժէք կրնան ունենալ։ Լեռ Կամսար բնական մահով հեռացաւ աշխարհէն, սակայն, ապրած կեանքը կարելի է նկարագրել մէկ բառով.- նահատակութիւն:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Քաղաքակրթութիւնն առանց հերոսութեան մեղկութիւն է, հերոսութիւն առանց քաղաքակրթութեան վայրենութիւն է: Կատարեալ ազգը քաղաքակիրթ պէտք է ըլլայ եւ հերոսական միաժամանակ: Վա՜յ այն ազգին՝ որ մեռնել ու մեռցնել չի գիտեր վսեմ գաղափարի մը համար:

ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2026