ՏԻՊԱՐ ՀԱՅՐ ԸԼԼԱԼ
Հայր մը «տիպար հայր» չէ՛, եթէ իր ընտանիքին հանդէպ իր պարտականութիւններուն մէջ թուլանայ։ Ուստի, հայրեր Աստուծմէ պէտք է սորվին իսկական հայրութեան պայմանները. Աստուած լաւագոյն հա՛յրն է, կատարեալ հայրն է, աննման հայրն է եւ մէկ խօսքով՝ տիպար Հայրն է։
Կը պատմուի, թէ պարսիկ թագաւորի մը տղան յանցանք մը կը գործէ։ Այդ յանցանքը պէտք էր պատժուէր եւ տղուն երկու աչքերը պէտք էր փորուէին։ Տղան թագաւորին առջեւ բերին եւ անոր յանցանքը ըսին թագաւորին։ Թագաւորը գթաց, մեղքցաւ իր տղուն եւ հրամայեց, որ տղուն մէկ աչքը եւ իր մէկ աչքը փորեն եւ հանեն՝ որպէսզի օրէնքը կատարուի. ի վերջոյ յանցանքին փոխարէն երկու աչք փորած պիտի ըլլար… թագաւորը իր տղուն համար զոհեց իր աչքը…
Սակայն, երբ մեղաւոր մարդկութիւնը պէտք եղաւ փրկել, Աստուած՝ Հայրը Իր միածին Որդին ամբողջութեամբ յանձնեց մահուան։ Ուստի, լաւ հայր մը ըլլալու համար, կերպը՝ Աստուծոյ հետ, Անոր ճամբուն վրայ քալելն է։ Աստուծմէ սորվի՛լն է «հայրութիւն»ը։ Ուստի, Աստուած շատ լաւ կը վարուի իր որդիներուն հանդէպ։ Ան կը գթայ, ներողամիտ է, բայց նաեւ՝ արդա՛ր։
Արդարեւ, իսկական արդարութիւնը կը կայանայ աչառու, խտրողական ըլլալով հանդերձ՝ իրաւունքի ճամբէն չշեղելու, իրաւունք ճանչնալու մէջ։ Եւ ասիկա կատարողը, բառին բուն իմաստով «արդա՛ր» է։ Այսպիսի արդարութեան մը տիպա՛րն է Աստուած, քանի որ Ան կը սիրէ, կը գթայ, կ՚ողորմի, բայց նաեւ կը զգուշացնէ, կը սաստէ եւ կը պատժէ՛։ Արդարութիւն բաշխողին աչքը փա՛կ է, բայց Աստուած՝ ամենատե՛ս։ Ան կը տեսնէ, տեսնելով կը դատէ եւ տեսնելով արդար կերպով կը վճռէ, քանի որ Ան ամենատես է ո՛չ թէ միջոցի մէջ՝ միայն մակերեսային, այլ՝ ներքինով եւ արտաքինով, խորութեամբ եւ բարձրութեամբ, ի՛նչ որ արդարադատութեան առաջնակարգ պայմա՛նն է։ Աստուած անխտիր շատ լաւ կը վարուի Իր զաւակներուն հանդէպ, կը սիրէ զանոնք անխտիր, քանի որ բոլորն ալ Իր որդիներն են՝ զանոնք կը խնամէ, անոնց հոգերով կը մտահոգուի, անոնց մտավախութիւնները կը փարատէ, կը ցրուէ Իր անհո՜ւն սիրով՝ հայրական անկեղծ եւ ճշմարիտ սիրով, քանի որ սէրը կը փարատէ վախը, անոնց խաղաղութիւնը եւ հանգիստը կը փնտռէ եւ անոնց երջանկութեան, բարութեան համար կը զոհէ, կը զոհուի։ Ան, այս պատճառով տիպար Հա՛յրն է…
Աստուածավախութիւնը՝ երկիւղը եւ ակնածանքը հաւատացեալը հոգեպէս առոյգ, կենսունակ, առողջ կը պահէ՝ յաւերժական երիտասարդութեան մէջ։ Արդարեւ, հաւատացեալը փառասէր չէ՛, աչքը կուշտ է եւ չի մտահոգուիր աշխարհային արժէքներով, այդ պատճառով թէ՛ մարմնապէս, թէ՛ հոգեպէս եւ թէ մտապէս առողջ կը մնայ։ Այս ալ, անշուշտ, լաւ կեանք մը վարելու ազդակ մըն է։ Ուստի, հաւատքը եւ հաւատարմութիւնը կազդուրիչ եւ սրտապնդիչ ուժեր են աշխարհային բազմաթիւ եւ բազմատեսակ հոգերով եւ նեղութիւններով բեռնաւորուած, ընկճուած, եւ երբեմն ալ այլեւս յուսալքման սահմանին հասած մարդուն համար։
Աստուծոյ հայրախնամ իմաստութեանը վստահութիւն ունեցող հաւատացեալին համար Աստուծոյ որոշումները բացարձակապէս զերծ են սխալներէ, քանի որ կ՚աղօթէ, որ «Իր կամքը թող ըլլայ…»։ Աստուծոյ կամքին կատարումը ուզել՝ հաւատքի եւ վստահութեան արտայայտութիւնն է, եւ ասիկա ամէն հաւատացեալ ամէն օր կը կրկնէ երբ «Հայր մեր»ով կ՚աղօթէ եւ կ՚ըսէ. «Եղիցին կամք Քո…»։ Եւ ամէն մէկ աղօթող, այս խօսքով արդէն կ՚արտայայտէ, կը դաւանի՝ կ՚ընդունի, որ կը հաւատայ, կը վստահի եւ կը յանձնուի Աստուծոյ ամենակարող հայրական զօրութեան։
Ուստի, երբ Աստուծոյ կամքին բարի, հաճելի, կատարեալ եւ հայրական սիրով լեցուն ըլլալուն վստա՛հ ըլլայ մարդ, վրան պարտադրող պայմաններուն, նեղութիւններուն կը յօժարի առանց առարկելու, առանց դժգոհութեան։ Եւ կ՚ուրախացնէ Աստուծոյ Սիրտը։
Մարդկութիւնը հսկայ ծաւալուն ընտանիք մըն է. մէկ անդամին՝ մէկ անհատին սխալը բոլորին կ՚ազդէ։ Մէկ մարդու փառասիրութիւնը ամբողջ մարդկութեան դժբախտութեան եւ ապերջանկութեան պատճառ կրնայ դառնալ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 7, 2026, Իսթանպուլ