ՈՍԿԻՆ ԵՒ ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

1. Կարճ պատումներ եւ երկար պատմութիւններ կարդացած եմ անապատի մասին, աւելի քան անապատի աւազաներու մասին: Դիտած ու լսած եմ ռատիոյի եւ հեռատեսիլի բազմաթիւ ծրագիրներ անապատի մէջ վազելու եւ փախչելու մասին, քան կարդացած եմ: Անթար ու Ապլայէն մինչեւ Մումթազ ալ-Րաքապիին, մինչեւ Ֆարէս Պանի Շէյպան, Ուատհա, Ըպըն Աճլան մինչեւ Խալէտ Քաքա, սակայն եւ այնպէս, անոնց շատութիւնը վրաս այդքան չազդեցին, ինչքան ազդեցին մի քանի էջեր հին պատմութենէ մը, զոր կարդացի քսան տարիներ առաջ, անծանօթ գրողի մը հեղինակութեամբ, որ կը կոչուի «Էրիք Րայ», որու մէջ կը հաստատէր մարդու մը կրած տառապանքները անապատին մէջ, որ անվերջ հնոց մըն է, առանձին պայքարը ի զուր է, եւ անկարելի է ապրիլ ուրիշներէ հեռու, նոյնիսկ եթէ անոնք համր ժայռեր ըլլան: Չես կրնար այդ գիրքը կարդացած ատեն աչքերդ անզգալիօրէն չփակել, որպէսզի անոր նկարագրած այրող կրակը չվնասէ զանոնք: Այդ գիրքի վերջին էջերուն չես կրնար չկարեկցիլ այդ պատառոտած ոտքերով, չոր շրթունքներով մարդուն եւ փափաքիս, որ վրան մը ըլլայ, որպէսզի կարենայ տակը ապաստանիլ, կամ ուղտ մը, որպէսզի զինք տանի մինչեւ ամենէն մօտիկ ովասիսը:

2. Կեանքիս մէջ ամէն տեսակի սով ունեցայ՝ առանց բացառութեան: Սով՝ սիրոյ, ազատութեան, ճամբորդութեան, հանդարտութեան, եւ այս բոլորին վրայ՝ սով բաղարջին… Սակայն, սովի կոպտութիւնն ու անոր ճանկերուն սրութիւնը չզգացի այնպէս, երբ զգացի Էմիլ Զոլայի «Գինովը» կարդացած ժամանակ, ուր աղքատութիւնն ու կարօտութիւնը, լորձերու հոսիլն ու ստամոքսի ձայները կը նկարագրէ այնպիսի իրական անկեղծութեամբ մը, որ մղեց զիս իւրաքանչիւր էջ թերթատած ժամանակ երթալ խոհանոց, վստահ ըլլալու համար, որ հաց, ուտելիք, դգալներ կան տան մէջ, աւելին, որոշ ժամանակ ետք իւրաքանչիւր էջ կարդալէ ետք, սկսայ բաղարջ մը ուտել… Ան կը բացատրէ Փարիզի ետեւի փողոցներուն մէջ կորսուած յղի կնոջ մը զգացումները, առանց կտոր մը բան ուտելու օրերէ ի վեր, մինչ իր չորս կողմը Փարիզն է, այլ՝ ամբողջ Եւորպան, որ կ՚աղմկէ ոսկիով, հանդէսներով ու խմիչքի գետերով: Այս բոլորը կը բացատրէ այնպիսի ձեւով մը, որ սարսափ ու վախ կը դնէ անոր մէջ ապագայի նկատմամբ, այնքան որ եթէ այս գիշեր աւարտեմ զայն եւ ինքզինքս պատկերացուցի այդ հերոսուհիին տեղը ծերանալէս ետք, ապա ահաւոր անօթութեան զգացում մը պատեց զիս եւ նոյնիսկ պատրաստակամութիւն ունէի կնոջս եւ զաւակներուս հետ սառնարանին մէջ քնանալու, անոր չորս կողմը խրամատներ փորելէ ետք:

Ամբողջ պատմութեան մէջ ուղղիղ բառ մը չկայ ո՛չ աղքատներուն հետ եւ ո՛չ ալ հարուստներուն դէմ, այլ՝ այն կը ներկայացնէ իրողութիւնները չէզոքութեամբ, սակայն այնպիսի ազդեցութեամբ մը, որ նոյնիսկ սուրը չի՛ կրնար դէմ դնել անոր: Կամ, ինչքան ալ ընթերցողը թեթեւսոլիկ ըլլայ, անհոգ՝ իր չորս կողմ եղողներուն նկատմամբ, նոյնիսկ այդպիսին գիրքը փակելէ ետք ինքզինք կը գտնէ, որ ձեռքը կ՚երկարէ ամենէն մօտիկ աթոռին կամ նստարանին, որպէսզի անով յարձակի այն վայրերուն վրայ, ուր անօթութիւն եւ անարդարութիւն կայ այս աշխարհի վրայ:

3. Երկար տարիներ առաջ երկու պատմութիւններ կարդացած եմ եւ երկա՜ր տարիներ այդ երկու պատմութիւններէն թէ՛ գրաւոր եւ թէ բանաւոր մէջբերումներ կը կատարեմ: Համեստ կազմով եւ մայթերու խոնաւութենէն ու հի՜ն օրերու փոշիներէն մաշած ծայրերով: Մինչ մենք ունինք գեղեցիկ եւ փայլուն գիրքեր ու պատմութիւններ ամենաարդիական ձեւերով, կարծէք հրատարակչատունէն չէ ելած այլ վարսաւիրին քովէն, որ ճոխ սեղաններուն հաւերուն նման լցոնուած է ամէն ինչով՝ կարգախօսներ, դրդրելու եւ ոգեւորելու կոչեր, այդ բոլորով հանդերձ, իր ընթերցողին վրայ այնքան մը կ՚ազդէ, ինչքան ասեղը կ՚ազդէ սպանացի մենամարտիկին:

Անօթութեան մասին ոեւէ մէկուն գրածը կը կարդաս, որով կը փափաքիս խոհանոցիդ մէջ եղած ամաններն ու կաթսաները փողոց նետել:

Ծովին մասին պատմութիւն մը կը կարդաս, որով կարօտդ ու համոզմունքդ կ՚աւելնայ անապատին:

Հասարակութեան միջեւ համերաշխութեան եւ եղբայրութեան մասին պատմութիւն մը կը կարդաս…, որով չորս կողմդ եղողներուն հետ կապդ կը կտրես, նոյնիսկ դուն քեզ հետ՝ հայերլիին առջեւ կանգնած:

Անգամ մը, տխուր մօր մը մասին պատմութիւն մը կարդացի գրողէ մը, սակայն, այնքան շա՜տ կարգախօսեր լեցուցած էր անոր վրայ, որ նոյնիսկ Քոնֆիչիուսին միտքէն չէր անցներ, որով առաջին անգամ ըլլալով կեանքիս մէջ փափաքեցայ որբ ըլլալ: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2026