ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ՝ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ԻՇԽԱՆ
4 ապրիլը յիշատակի օրն է հայ քերթողութեան գագաթներէն, արուեստագէտ սերունդի մեծագոյն բանաստեղծներէն մէկուն՝ Բանաստեղծութեան իշխան Վահան Թէքէանի (Պոլիս, Օրթագիւղ կամ Միջագիւղ թաղամաս, 21 յունուար 1878 - Գահիրէ, 4 ապրիլ 1945), որ իր «մէկ հատիկ»ն ալ յաւիտենապէս կը փակէր ու կը մեկնէր մեր աշխարհէն 81 տարի առաջ, գրեթէ մինակութեան մէջ թոքատապէ երկար տուայտելէ ետք, յուսախաբ ու հեռացած ի՛ր իսկ գաղափարի ընկերներէն, մնալով ներամփոփ՝ տէ՛րը իր ազնուահոգի, վեհանձն նկարագրին, որ արտացոլացո՛ւմն իսկ է իր տանջակոծ հոգիին մէջ տասամեակներ սնուցած ու ոստանէ ոստան պտըտցուցած անհուն ՍԷՐին, որ ՄԱՐԴն է ապաքէն, Աստուծո՛յ ստեղծած ՄԱՐԴը, անոր ազնուագոյն առաքինութիւններովը, այդ գրելով իր «կարապի երգը» հանդիսացող, այլեւ իր վերջնեկն եղող «Տաղարան» խորագրեալ քերթողագիրքին (1944) մէջ, հետեւեալ հնչեակի մը սեղմ տողերուն մէջ ամփոփուած.-
Տարիներո՜վ չըբացուած՝ սիրոյ պահեստ մ՚ունիմ ես,
Ու չառնըւած տարիներ՝ ունիմ պահանջ մը սիրոյ…
Այսպէ՜ս էի երբ երէկ ինծի եկար ու այսպէ՜ս
Քեզ անհաշիւ սիրեցի ու սիրեցիր զիս յետոյ…
Վաւերակա՛ն, իրապաշտ ու գեղագէտ այն հազուագիւտ բանաստեղծներէն մին, որուն խոհափիլիսոփայական, իմաստասիրական թրթիռներով առլցուն քերթողութիւնը՝ Երկիրն ու Երկինքը, Երկրի մարդն ու Երկինքի Աստուածը մերձեցուց իրարու՝ արուեստի վերթեւող ու հզօր արարումներու բացուող իրա՛ւ բանաստեղծութիւններով, բանաստեղծութեան հուրը հասցնելով լայն ընդգրկումներով գեղարուեստական խորիմաստ, մտածական-զգայական այնպիսի՛ սարսռագին վայելքներու, որ կեանքի պայքարին ու մահուան անդոհանքին դիմաց շուարուն կանգնած մարդուն պարգեւեց այն սփոփարար սպեղանին, զոր տուաւ ան հնչեակի մը եւ բազմաթիւ այլ բանաստեղծութիւններու մէջ սքանչելիօրէն, զայն յանձնելով իբրեւ հաշուեյարդար ու մեկնեցաւ այս աշխարհէն՝ իր անկշռելիօրէն մեծ գործին հանդէպ շատ յաճախ ուրացումի ու անտեսումի սուինը սիրտին, այլեւ դժբախտ ու յետին ծայր ժուժկալ ապրելու ներքին գոհունակութեան գողգոթան տասնամեակներ կրելէն իր մէջ…:
Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութիւնները՝ որ ճանչցան մարդկային արժէքներու ե՛ւ համամարդկային ազնուական հոգիի երկնառաք Լոյսը, Սէրը, Հաւատքը, դարերու դիմաց պիտի մնան անմարելի վկայարան: Յիրաւի, բանաստեղծութիւններ՝ արուեստի ու Գեղեցիկի աստուածութիւնը բաշխող, Մեսրոպի լեզուին կախարդանքը պատգամող ու երգող, անոնց հիննալը հեգնող, որոնք արհամարհելո՛ւ չափ չեն վախնար գալիք բոլոր ժամանակներու սրբիչ-ջնջոցէն, քսու ու քոսոտ շողոմներէ, հոսկէ-հոնկէ եկող բանսարկութիւններէ, բանդագուշանքներէ…: Բանաստեղծութիւններ՝ որ անդուլ պիտի վառե՛ն ու վառի՛ն համամարդկային զօրութեամբ մ՚աննուաճ՝ մարդկային սիրտին անունջները բոլոր, միտքին մէն մի հիւլէին մէջ, ուր կ՚երջանկանան, կը հպարտանան Հայրենիքի Երազն ու Յոյսը, յուզումն ու արցո՛ւնքն անգամ, այնքա՛ն ատեն, որ կա՛յ Աստուծոյ ստեղծած արդարադատ ՄԱՐԴը, կա՛ն կանչերը արդարատես հայրենասէրի արեան, շեշտուածօրէն մարդկային, որոնք անհունաստեղծ բարիքն են երկնատուր այն ՄԱՐԴՈՒՆ, որ նո՛յնինքն Վահան Թէքէեան մեծ բանաստեղծն է:
Երբ կը յիշենք Վահան Թէքէեան բանաստեղծը իր մահուան յիշատակը վեր առնելով, մեր ալ սիրտերը այսօր կը լեցուին «լալու չափ»՝ այնպէս ինչպէս իր սիրտը ատենօք լեցուեցաւ ու լացաւ՝ յիշատակին առթած յուզումով.-
Քու յիշատակդ, այս գիշեր, զիս լալու չափ կը յուզէ…
……………………………………………………..
Յիշատակովդ, այս գիշեր, կը զգամ այնչա՛փ զիս հարուստ,
Այնչա՛փ բարի, երջանիկ… որ գըթութեամբ մը անհուն՝
Կը մըտածեմ զայն բաժնել երկրի բոլոր խեղճերուն…:
Գոհարակուռ բառերով շարադասուած իր բանաստեղծութիւնները՝ առանց աւելորդ բառի կամ ածականի, արուեստակեալ յոյզի կամ անյարիր, անաւիշ սիրախաղերու, խորախորհուրդ փիլիսոփայութեամբ յագեցած Թէքէեանի միտքերը՝ իր զգացմանց հետ ներդաշնակ, գրեթէ աւարտուն պատգամներ են մարդկութեան եւ Հայ ազգին, Հայ ժողովուրդին ուղղուած՝ ամենէն առաջ: Ո՞ր մէկը թուել իր բանաստեղծութիւններէն՝ «չնեղացնելու» համար միւսները: Բոլո՛րն ալ ունին իրենց անթարշամ գեղեցկութիւնները, անմարելի քաղցրութիւնները, չհանգող հրատապութիւնն ու այժմէականութիւնը.- «Եկեղեցին Հայկական», «Հաշուեյարդար», «Տաղ հայերէն լեզուին», «Ձօն՝ ընթերցողին», «Հայու հոգին», «Լուսաւորչի կանթեղը», «Հայաստանին», «Աղուորները», «Հաւատք», «Անունդ», «Կ՚անձրեւէ, տղա՛ս», «Բարձրացում», «Մէկ-Հատիկս», «Խորհուրդ Վարդանանց», «Լեզուն որով գրեցի», «Մասիսին», «Հպարտութիւն», «Աղօթք նոր օրերու», «Աղօթք վաղուան սեմին առջեւ», «Ահաւոր բան մը այնտեղ…», «Պոլիս», «Փոշի-Ազգ», «Տղա՛ք ու դուք աղջիկներ», «Ես սիրեցի», «Կոմիտաս Վարդապետ»: Ո՞ր մէկը ասոնցմէ կարելի է զանցառել՝ եթէ ուզենք գրել ու տարածուիլ Թէքէեանի բանաստեղծութեան դէպի դալարագեղ պարտէզներն ու արփիաշող դաշտերը…:
Արդարեւ, Վահան Թէքէեանի բանաստեղծութիւնները գրական աւետարան են, հանդիսանալով յարացոյց ժամանակի այն դէպքերու մասին, որոնց բովէն ու տուայտանքի ծովէն, յոյզերու հովիտէն է անցած բազմատառապ բանաստեղծը, հուսկ հանգչելու գագաթին հայ քնարերգութեան, որ սկսուած էր «Հոգեր» երախայրիքով (1901, Փարիզ), այնուհետեւ «Հրաշալի Յարութիւն» (1914, Պոլիս), «Կէս գիշերէն մինչեւ արշալոյս» (1919, Փարիզ), «Սէր» (1933, Փարիզ), «Հայերգութիւն» (1943, Գահիրէ) եւ «Տաղարան» (1944, Գահիրէ):
Իր յիշատակի օրուան առիթով լոյսի բարիքին բերուած այս տողերը չեն միտիր ընդարձակուիլ մեծ բանաստեղծին կենսագրական տողերու մանրամասնութիւններուն մէջ, Պոլիսէն մինչեւ Փարիզ ու Եգիպտոս եւ այլ աշխարհներ իր ծաւալած գրական-մշակութային, ազգային-հասարակական, խմբագրական, թարգմանական, ուսուցչական ոլորտներէն ներս: Եթէ Թէքէեան մի՛այն գրած ըլլար «Եկեղեցին Հայկական» եւ «Հաշուեյարդար» բանաստեղծութիւնները, այդ բաւարար էին անմահացնելու իր անունը, ո՜ւր մնացին՝ եթէ յիշենք իր մեծարժէք միւս գործերն ալ, որոնք տիրական փառքն են մեր ժողովուրդի հարուստ գրականութեան ժառանգութեան:
Միւս կողմէ, իրականութիւնն այն է, որ Թէքէեան ա՛յնքան խոր ու անապական սէրով է ճարտարապետած իր երկերը, սփիւռքահայուն տառապանքն ու անոր յուսալից ապագան ա՛յնքան խոր ու անպարագիծ տարածականութեան մը վրայ է երգած իր քերթողութեան մէջ, յատկապէս Մեծ եղեռնէն ետք արարած իր գործերը՝ զանակ առ զանակ զանոնք բաշխելով ապագայ սերունդներուն, որ իր մահէն ետք իրեն յաջորդ սերունդներուն, սփիւռքահայ գրողներուն ան կտակեց իր անհասանելի մեծութիւնը, անմերձենալի, Աստուածառաք տաղանդը, զոր (թող ներուի ըսել) կրկներգել փորձեցին, թէքէեանական արուեստի գոյնը որդեգրեցին մասնաւորապէս Վահէ-Վահեան եւ Լեւոն Վարդան, մասամբ ալ Մուշեղ Իշխան եւ շատ ուրիշներ…: Եւ այսպէս, Գրիգոր Զօհրապներու, Վարուժաններու, Սիամանթօներու, Ռուբէն Սեւակներու եւ միւսներու մարտիրոսացումէն ետք, Մեծ եղեռնէն հրաշքով փրկուած Վահան Թէքէեան իր «Սէր» ժողովածուին մէջ ներառած եւ 1926-ին լոյս ընծայած «Հաշուեյարդար» հնչեակի մը տողերուն մէջ ընդգծուածօրէն պիտի բանաստեղծէր.-
Հաշուեյարդար. ի՞նչ մնաց, կեանքէն ինծի ի՞նչ մընաց.
Ինչ որ տըւի ուրիշին, տարօրինա՜կ, ա՛յն միայն.
Խանդաղատանք մը ծածուկ, օրհնութիւններ անիմաց,
Երբեմն հատնումը սրտիս ու մերթ արցունք մը անձայն…
…………………………………………………….
Ու չեմ ըսեր «ի՞նչ մընաց…»: Ի՞նչ կը մընայ հողին տակ
Եղէգներէն դիւրաթեք, կաղնիներէն հաստաբուն.
Արեւն ըմպած ըլլալու մըխիթարանքը անհուն:
Դարերու ընդմէջէն ամենէն ճշմարիտ, ամենահզօր ու ամենավճիտ երգերէն մէկն է թերեւս այս, արեւմտահայ բանաստեղծութեան վերջին մոհիկանին՝ Վահան Թէքէեանի: Եւ գրելու իրաւունքն է նաեւ իւրաքանչիւր ազգանուէր հայու, որ իր անմահ գործին աւարտէն ետք հանդէս կու գայ հաշուեյարդարով մը, կեանքի պաքարի դժուարին հանգրուաններէն յաղթական անցնելէ ետք:
Ս. Զատկուան կիրակիին նախորդող Աւագ շաբթուան օրերուն, Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնին եւ ընդհանրապէս տօնական այս օրերուն, իւրաքանչիւր հաւատացեալ հայ քրիստոնեայի հոգիին մէջ ապրիլեան այս օրերուն կրկին կը ղօղանջեն Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական»ի զանգակները, ոգեզինելով մեզ չար փորձանքներու դէմ.-
Եկեղեցին Հայկական ծննդավայրն է հոգւոյս՝
Ինչպէս քարայր մ՚ընդարձակ, պարզ ու խորունկ, մութ ու լոյս…,
Իր գաւիթով հիւրընկալ, իր լայն բեմով ու հեռուն
Կանգնած իր լուռ խորանով՝ որ կարծես նա՜ւ մ՚է ծըփուն…
…………………………………………………….
Եկեղեցին Հայկական, մէն մի քարին տակ գետնի,
Դէպի երկինք բարձրացող գաղտնի ճամբայ մը ունի…
Եկեղեցին Հայկական Հայ Հոգիին եւ Մարմնոյն
Զըրահանդերձն է փայլուն՝ մինչ իր խաչերն են դաշոյն,
Եւ զանգակներն են բոմբիւն, ու երգն է մի՜շտ Յաղթութիւն…:
Բանաստեղծութեան իշխան, մեծավաստակ Վահան Թէքէեանի յիշատակի օրուան առիթով եւ խորհուրդով, մեծ բանաստեղծին եկեղեցանուէր հայերգութեամբ, հայոց սիրտերը անգամ մը եւս լեցուեցան Ս. Զատկի խանդավառ տօնախմբութեամբ ու եկեղեցւոյ զանգակներու յաղթաթռիչ բոմբիւններով, Մայր տաճար Սուրբ Էջմիածինէն մինչեւ ամենահեռաւոր ափերը սփիւռքի…:
«Ծաղիկ»-«Աղթամար»
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
Պէյրութ