ՉԳԼՈՐՈՒԱԾ ՔԱՐԵՐ
Գլորեցի՞նք քարը:
Լոյսը տեսա՞նք:
Յիսուսի խաչելութեան ու հրաշափառ յարութեան խորախորհուրդ դրուագներէն կարեւորագո՛յնն է երեւի ասիկա. գրուած է Սուրբ Գիրքին մէջ, որ երբ իւղաբեր կիները Յիսուսի գերեզմանը կ՚երթային, իրար կը հարցնէին՝ «Ո՞վ պիտի գլորէ քարը մեզի համար»:
Հասկնալի է, որ քարը շատ մեծ էր եւ կիները կը վախնային, մտածելով, թէ դժուար, թերեւս ալ՝ անկարելի է գլորել լոյսի ճամբուն դրուած այդ ծանր քարը:
Պատմութիւնը գիտենք բոլորս.
Իրենց բոլոր վախերով հանդերձ, կանայք չվարանեցան, գացին. քարը արդէն գլորուած էր:
Անոնք քարը չգլորեցին. ճի՛շդ է, բայց չվախցան երթալէն. փութացին լոյսը խափանող քարին դիմադրելու:
Քարէն վախցողը չի՛ կրնար գլորել զայն:
Համաձա՞յն էք:
Հազարամեակներ անց, վայրը տարբեր թուելով հանդերձ՝ պատմութիւնը չէ՛ փոխուած:
Երկու օրէ ի վեր ուրիշներուն փոխանցած Յարութեան մեր աւետիսներով, ղրկած ու ստացած բազմահարիւր, բազմալեզու, հին ու նորաոճ բացիկներով հանդերձ, միեւնո՛յնն է, հոս, հոն ու ամէնուր են չգլորած մեր քարերը. կը տեսնեմ:
Ի՛նչ Յարութեան աւետիս, ուրեմն, առա՛նց լոյսի:
Խիզախ չե՛նք բոլորս մեզ դէպի քար տանելիք այդ ճամբան բռնելու եւ ներքին մեր վախերը, շատ յաճախ չբարձրաձայնուած մեր տագնապներն ու մտահոգութիւնները առաւել եւս կը դժուարացնեն նեղ ու քարքարոտ այդ արահետը:
Հարթ, լայն ու հեշտագնաց ճամբաներուն դիմաց որքա՜ն դժուար է միւսը ընտրել. չվախնալ, չընկրկիլ, չհամակերպուիլ, չյանձնուիլ, յամառօրէն ճշմարտութեան կառչիլ, արդարութեան յաղթանակին հաւատալ ու ջանալ անոնցմով արարել...
Գեղեցիկ բառեր, արտակարգ նախադասութիւններ ու երազային հերոսութիւն մը, որուն մասին շա՜տ-շատ կրնանք կարդալ, լսել, կամ արհեստական բանականութեամբ պատրաստուած տեսանիւթերուն մէջ ըմբոշխնել...
Դժուար է, օրինակ, առանց յայտարարելու բարիք մը ընել:
«Կարծիք մի՛ յայտներ» ըսուած պահուն, դիւրին չէ՛ սիրտդ ամրացնել ու խօսիլ:
Պատերազմի ծուխերուն տակ ապրող աղջնակներուն յօրինած «պուպրիկները թաղել» խաղը դժուար է դիտել:
Շա՜տ դժուար է պէտք չունեցած մարդուդ հետ մարդավայե՛լ վարուիլ:
Բան մը ընելէն աւելի, զայն ցուցադրելու հոգը կրող մարդոց մէջ, դժուար է ցուցամոլ չըլլալ:
Գէշին գէշ ըսողէն հեռու կը մնան. չգրուած օրէնք է: Դժուար է միջակներուն «Պրաւօ» չըսել:
Դիւրին չէ՛ աննպատակ ու անշահախնդիր՝ պարզապէս բարեւել:
Գիշեր-ցերեկ քարտէսով ալ պտտիս, միեւնոյնն է՝ դիւրին չէ հնարած սուտդ ուրիշին հաւատացնել:
Դժուար է ուրիշին ուսերուն վրայ չելլելով «բարձրանալ»:
Ճշմարտութիւնը խօսողին դիմաց՝ դիւրին չէ՛ իրար չանցնիլ ու քաղաքավար մնալ:
Ազգակործան քաղաքականութիւն մը շատ դժուար է որպէս դարե՜ր շարունակ երազուած պետականութիւն ներկայացնել:
Վարդի պէս տղոց արիւններուն վրայ շատ, շա՜տ դժուար է ագռաւներու band մը կազմել:
Ո՞ր մէկուս ճամբաներուն վրայ չկան այս քարերը, որոնց շարժիլը հետզհետէ կը դժուարանայ օր ըստ օրէ նօսրացող մեր քաջութեան հետ:
Ի՞նչ եղաւ մեզի:
Լոյսէն շլանալու, վախնալու չափ բնականացուցի՞նք խաւարը:
Գետին ծռած մեր վիզերը ինչո՞ւ կը դժուարանանք դէպի երկինք բարձրացնել:
Կապոյտը մեր տունը չէ՞:
«Դրախտավայր» չէ՞ այլեւս մեր երկիրը:
Հազարամեակներ վերջ, հարցումը սա՛պէս կը կրկնեմ.
Միտքն ու հոգիները գերեվարած չար խաւարէն ձերբազատուելով, պիտի կարենա՞նք վերջ տալ մեր ստրկութեան:
Պիտի կարենա՞նք լոյսը նախընտրել:
Մեր իսկ տեղադրած ծանր այս քարերը, մե՛նք պիտի կարենա՞նք գլորել:
Կրնանք. դե՛ռ կը հաւատամ:
Ատելութիւնը կրնանք սիրո՛վ փոխարինել,
Սուտը՝ ճշմարտութեամբ,
Արդարութեա՛մբ կրնանք փոխարինել կեղծիքը,
Յանձնուիլը՝ յանձնառութեամբ,
Վախը կրնանք հակադրել քաջութեամբ:
Այո՛, կրնանք այս բոլորը եւ աւելի՛ն ընել.
Անշարժ թուացող քարերը կրնա՛նք գլորել եւ լոյսը տեսնել:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ