ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
Երէկ, Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ, Տ. Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը համայն հայութեան ուղղեալ Հայրապետական պատգամը տուաւ Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածնէն, յընթացս տաղաւարի հայրապետական Ս. Պատարագի: Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին պատգամը:
*
Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն:
«Ինչպէս որ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առաւ Հօր փառքով, նոյնպէս եւ մենք քալենք նոր կեանքով» (Հռ 6.4):
Սիրելի հաւատաւոր ժողովուրդ,
Այսօր, համախմբուած եկեղեցիներու մէջ, կը տօնենք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ եւ Հրաշափառ Յարութիւնը: Կը փառաբանենք Աստուածորդին, որ մեր փրկութեան համար յանձն առաւ ամէն զոհողութիւն, չարչարանքներ կրեց, խաչուեցաւ, թաղուեցաւ եւ յարութիւն առաւ: Փրկչի յարութեամբ լուսաւորուեցաւ նոր կեանքի ճանապարհը: Ադամական մեղքով Աստուծմէ հեռացած եւ մահուան իշխանութեան ենթակայ մարդկութեան Փրկիչ մեր Տէրը՝ Յիսուս, կոչեց յարուցեալ կեանքի, որպէսզի ազատելով չարի ու մահուան կապանքներէն՝ արժանի ըլլայ տէրունական փրկարար շնորհներուն եւ ժառանգէ երկինքի արքայութիւնը: «Ինչպէս որ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առաւ Հօր փառքով, նոյնպէս եւ մենք քալենք նոր կեանքով», կը պատգամէ առաքեալը:
Տիրոջ փրկագործութեամբ մարդուն տրուեցաւ աստուածային օրհնութիւնը՝ զղջումով վերադառնալու առ Երկնաւոր Հայրը եւ տառապանքներու խաւարէն գտնելու վերյառնումի լուսաւոր ուղին: Քրիստոսապարգեւ յարուցեալ կեանքը կը սկսի, սիրելիներ, սրտի եւ հոգիի նորոգութեամբ, երբ անհատը կը զօրանայ հաւատքով, կ՚ապրի Աստուծոյ ներկայութեամբ, կը դառնայ նոր արարած, կ՚արարէ բարին ու գովելին: Քրիստոսի յարութեան հաւատքով եւ տէրունաւանդ պատուիրաններու իրագործմամբ հնարաւոր է հրաժարիլ խոտոր ընթացքներէ, յաղթահարել ժամանակի դժուարութիւնները եւ քալել սիրոյ, ճշմարտութեան ու արդարութեան շաւիղներով, ինչպէս կը յորդորէ առաքեալը. «Ընթացէ՛ք ինչպէս լոյսի որդիներ. քանզի լոյսի պտուղներն են բարութիւնը, արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը» (Եփ 5.8-9):
Իրապէս, յարութեան հաւատքով պիտի բացուի մարդկութեան պատմութեան նոր այգաբացը, բարեփոխելու՝ աշխարհը եւ իրականացնելու՝ համընդհանուր խաղաղութեան ու անվտանգութեան արդար յոյսերը: Աշխարհի խառնաշփոթին մէջ, սակայն, կը թուի, թէ խլացած են առաքեալի յորդորն ու աւետարանական պատգամները եւ Աստուծոյ արարչագործութիւնը կ՚անարգուի ու կը վտանգուի չարագործութիւններով ու անօրինութիւններով, մարդկութեան կեանքը կ՚ալեկոծուի ու կը խորտակուի հակամարտութիւններով, թշնամանքով ու պատերազմներով: Բարօր ու արդար աշխարհ հաստատելու համար ներկայ բազմադէմ սպառնալիքներու պայմաններուն ներքեւ ազգերն ու պետութիւնները առաւել նախանձախնդրութեամբ պէտք է հետամուտ ըլլան Բարձրեալ Աստուծոյ կամքին՝ յաղթահարելու համար առկայ ծանր փորձութիւնները, ամրապնդելու հիմքերը համամարդկային համերաշխութեան, խաղաղ համակեցութեան եւ արդիւնաւոր գործակցութեան: Համընդհանուր այսպիսի ջանքերով է, որ ժողովուրդները «իրենց սուսերներէն խոփեր պիտի ձուլեն եւ իրենց սուիններէն՝ մանգաղներ. ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չբարձրացնէ եւ անոնք այլեւս պիտի չսորվին պատերազմիլ»,- ինչպէս կ՚ազդարարէ մարգարէն (Եսայի 2.4):
Սիրելիներ, Արցախի ողբերգական պատերազմէն տարիներ անց տակաւին տագնապներն ու մտահոգութիւնները չեն լքած մեր սրտերը, որոնք կը տենչան խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն: Մեր ժողովուրդը լաւագոյնս գիտէ արժէքը խաղաղութեան ու անվտանգութեան, որոնց համար ազգիս զաւակները վճարած են իրենց կեանքով: Տակաւին թարմ են մեր կրած վիշտերն ու վէրքերը, որոնց ցաւը այսօր աւելի կը խորանայ արցախահայութեան իրաւունքներու ոտնահարումով, պատանդ առնուած մեր հայրենակիցներու ապրօրինի ազատազրկմամբ: Ցաւը կը խորանայ, երբ կը շարունակուի սերմանուիլ պառակտումի որոմը, երբ կ՚անտեսուին ու կը խեղաթիւրուին նուիրական արժէքները, երբ կը գործադրուի կամայական եւ ընտրովի արդարադատութիւն եւ կեղծ ու շինծու մեղադրանքներով իշխանութիւններուն կողմէ բռնաճնշումներ կ՚իրականացուին Եկեղեցւոյ դէմ: Եկեղեցին Քրիստոսով անսասան է, հզօր եւ աներեր: Եկեղեցին Աստուծոյ տունն է, հաւատացեալներու հաւաքականութիւնը, իր փրկարար առաքելութեամբ խաղաղութեան, եղբայրսիրութեան ջատագովն ու աւետարանողը, Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան անլռելի քարոզիչը: Եկեղեցին յարուցեալ կեանքի հրաւէրը մշտապէս կը բարձրաձայնէ՝ իր զաւակները զերծ պահելու համար յուսահատութենէ, անիրաւութիւններէ ու անկումներէ զերծ պահելու հայրենական եւ ազգային անդաստանը՝ կորստաբեր ճանապարհներէ: Յարուցեալ կեանքը երբեք չի կրնար ըլլալ իրարմէ օտարացմամբ ու բաժանումներով, քրիստոնէական արժէքներու խեղմամբ, Եկեղեցւոյ առաքելութեան նսեմացմամբ ու սահմանափակմամբ, ազգային շահերը խեղաթիւրելով, արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը աղճատելով: Մինչեւ չմերժենք չար գործերն ու կորստաբեր քայլերը, չենք կրնար հաստատել զարթօնք ու ծաղկում, յառաջդիմութիւն ու բարօրութիւն անձնական ու հասարակական կեանքի մէջ եւ կերտել մեր ժողովուրդի յարատեւութեան անխորտակելի հեռանկարները:
Արդ, սիրելիներ, Հայրապետական մեր պատգամն է՝ նախընտրենք բարին ընդդէմ չարի, հաշտութիւնը ընդդէմ խառնակչութեան, ազնուութիւնն ու ուղղամտութիւնը՝ ընդդէմ կեղծիքներու ու խարդաւանքներու, փոխադարձ յարգանքն ու զօրակցութիւնը՝ ընդդէմ անպատուութեան եւ նենգադաւութեան: Առաջնորդուինք վնասակար ու կործանարար երեւոյթները բացառելու յանձնառութեամբ, մեր պարտութիւններէն ոտքի կանգնելու հաստատակամութեամբ եւ նախնեաց ժառանգութիւնը անաղարտ պահելու նախանձնախնդրութեամբ: Գերադասենք սէրը, համերաշխութիւնը, միասնութիւնը, որպէսզի համատեղ ջանքերով կարող ըլլանք վեր յառնիլ մեզ պատուհասած նեղութիւններէն ու դժուարութիւններէն, ամրապնդել մեր պետականութիւնը եւ կերտել ազգի յառաջընթացն ու բարգաւաճումը: Միշտ հաւատարիմ մնանք յարուցեալ մեր Տիրոջ, որ «Իր անձը տուաւ մեզի համար, որպէսզի մեզ փրկէ ամէն անօրէնութենէ եւ մաքրէ որպէս Իրեն սեփական ժողովուրդ՝ նախանձախնդիր բարի գործերու» (Տիտ. 2.14):
Սուրբ Յարութեան ուրախալի աւետիսով Միածնաէջ Մայր Տաճարէն եղբայրական մեր ողջոյնները կը յղենք Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու գահակալներուն՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանին, Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանին, մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ ուխտապահ ողջ հոգեւոր դասուն: Մեր ողջոյնը կը յղենք ի Քրիստոս մեր հոգեւոր եղբայրներուն՝ քոյր եկեղեցիներու պետերուն եւ իրենց հաւատաւոր հօտին: Հայրապետական մեր սէրն ու օրհնութիւնը՝ ազգային ու հոգեւոր արժէքներուն նախանձախնդիր մեր ժողովուրդին: Հայրական մեր գնահատանքը ձեր բոլորին, սիրելիներ, առ հայրենին եւ մեր Սուրբ Եկեղեցիին հանապազ դրսեւորուող հաւատարմութեան եւ ջերմ նուիրումի համար: Մենք ամէն օր զգացած ենք ու կը շարունակենք զգալ ձեր աղօթքի զօրութիւնը: Ձեզմով շէն է ու անսասան մեր Սուրբ Եկեղեցին, որուն նոյնիսկ դարերու փորձութիւնները չեն խորտակած: Ձեզմով զօրաւոր է, ամուր ու լուսափայլ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը: Շարունակեցէք ապրիլ աղօթքով, գործեցէք ու արարեցէք առ հայրենին ու Մայր Եկեղեցին սիրով՝ ի նպաստ մեր երկրի շինութեան ու լուսաւոր գալիքի:
Հոգենորոգ այս օրը միասնաբար աղօթք բարձրացնենք առ յարուցեալ Աստուածորդին, որ Իր անբաւ ողորմութեամբ պարգեւէ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն համայն աշխարհին եւ հայրենի մեր երկրին: Հայցենք, որ երկնային կենարար շնորհներով զօրանայ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը, ապրի հաւատքով ներշաղախ կեանքով, դժուարութիւնները յաղթահարելու խիզախ ու անկոտրում ոգիով: Աղօթենք, որ համազգային մեր անդաստանէն ներս հաստատուն ըլլան ճշմարտասիրութիւնը, արդարամտութիւնն ու միաբանութիւնը, որպէսզի բարի արգասիքներով, ազգաշահ ու հայրենօգուտ նորանոր ձեռքբերումներով կերտենք ապագայատեսիլ մեր ժողովուրդի իղձերն ու ձգտումները՝ ի փառս Աստուծոյ եւ ի յաւէտ պայծառութիւն ազգի եւ Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ: Աղօթենք նաեւ պատերազմի արհաւիրքներէ տառապող մեր եղբայրներու ու քոյրերու, ապօրինաբար ազատազրկուածներու, անյայտ կորածներու եւ անոնց ընտանիքներու, այլեւ նեղութիւններու ու զրկանքներու մէջ գտնուողներու, ապաքինման կարօտ անձերու համար:
Թող Աստուծոյ ամենախնամ Աջը, սէրը եւ օրհնութիւնները հովանի ըլլան մեզ բոլորիս այսօր եւ միշտ եւ յաւիտեանս. ամէն:
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի: