«ԽՕՍՔՈՎ ԿՆԻԿ ԾԵԾԵԼԸ ԴԻՒՐԻՆ Է»

Անցեալին գիրք հրատարակելը մեծաւ մասամբ մտաւորականութեան տրուած շնորհ մըն էր։ Իւրաքանչիւր աշխատութիւն կու գայ զարգացնելու հայ գրականութիւնը, նոր շունչ տալու անոր։ Ժողովուրդը ի՛նք «դատաւոր»ն էր այդ նոր հրատարակուած գրականութեան. աշխատանքի հեղինակը մեծապէս կը զգար պատասխանատուութիւնը հրատարակութիւն մը լոյս աշխարհ բերելու, որովհետեւ լաւապէս կը գիտակցէր, որ հասարակութիւնն ու մտաւորականութիւնը աշխատութեան պիտի տան արժանի գնահատանքը (անշուշտ, մի՛շտ չէ որ այդ գնահատանքը «արժանի»ն ըլլայ. օրինակի համար, Ինտրայի գրութիւնները տեղի անտեղի բազմի՜ցս քննադատուած են, որովհետեւ մարդիկ չեն հասկցած։ Անոր գրականութիւնը եղած է «ակնկալուած»էն ամբողջութեամբ տարբեր): 

Սակայն ներկան փոխած է սպասումներն ու վերացուցած է գիրք հրատարակելու պատասխանատուութիւնը. գուցէ այս մէկը այս վերջին տասնամեակին յատուկ երեւոյթ մը չէ, կարդալով Շահնուր կը հանդիպինք նման քննադատութեան մը. «Պէտք չէ գայթակղիլ, որովհետեւ ամէն հայերէն թերթի մէջ գրականութեան մասին խօսող կայ: Գրականութեան մասին փչող կայ: Հաչող կայ: Շարադրել գիտցողը գիրք վերլուծելու կ՚ելլէ, երիտասարդներուն խորհուրդ տալու, խրատ տալու կ՚ելլէ, եւ նոյնիսկ կը ջանայ եւրոպական գրականութիւնը հասկցնել, այսինքն յօշոտել: Քիթդ գոցէ եւ անցիր»: Շահնուրի եւ մեր շրջանի տարբերութիւնը այն է, որ մեծանուն գրողին ժամանակ «շարադրել գիտցող»ն էր վերլուծողն ու քննադատողը. մեր օրերուն քննադատելու եւ կամ վերլուծելու համար շարադրել գիտնալն ալ անհրաժեշտ չէ. բաւարար է բառարանէն մի քանի բառեր քով քովի բերել գիտնալ եւ միտք բանին մէկ կողմ դնելով քննադատելու սիրոյն քննադատել՝ առանց տրամաբանական հիմքերու, առանց շինիչ առաջարկութիւններու. քննադատութեան անուան տակ ցեխարձակում: Հայկական մամուլի մէջ տարածուող այս ախտը վերացնելու համար մի քանի հիմնական կէտեր կարելի է առաջարկել եւ լրջօրէն մտածել անոնց մասին. 

Հայաստանի սահմաններէն դուրս ապրող մեր հայորդիներէն ո՛չ ոք թող քննադատէ հայրենիքը. թող ո՛չ ոք քննադատէ անոր իշխանութիւնն ու ներքին քաղաքական կեանքը։ Եթէ մարդ իրապէս մտահոգ է հայրենիքի ներկայ վիճակով՝ թող գայ Հայաստան, թող ապրի եւ ստեղծագործէ այստեղ, թող քուէարկէ, թող պայքարի եւ ստեղծէ իր երազած Հայաստանը։ Պատերազմի դաշտ մը հեռուէն դիտելն ու կարծիք յայտնելը շա՜տ դիւրին է. պատերազմի դաշտի մէջ գտնուիլն ու պատերազմիլն է հիմնականը։ Խորհրդային Միութեան ժամանակ հայրենիքէն դուրս ապրիլը կրնար դիտուիլ որպէս տրամաբանական քայլ՝ որովհետեւ օտար իշխանութեան տիրապետութեան տակ գտնուող հայրենիքի մը մէջ ապրիլը դիւրին չէր, սակայն, անկախութենէն ետք բարձրաձայնուած իւրաքանչիւր պատճառ՝ պարզապէս պատճառաբանութիւն է։ Այսօր Ամերիկայի կամ Գանատայի մէջ հայրենասիրական ճառեր արտասանողներ շա՜տ կան եւ իրականութեան մէջ ո՛չ մէկ բան զիրենք կրնայ արգիլել, որպէսզի փոխադրուին իրենց «պաշտած» ու «սիրած» հայրենիքը եւ հեռուէն քննադատելու փոխարէն զարգացնեն, ստեղծագործեն ու շէնցնեն: Այդ հայրենասէրներէն շա՜տ շատեր չեն ուզեր, որ իրենց զաւակը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի դառնայ՝ պարզ այն պատճառով, որ օր մը հայրենիքին ծառայելու համար բանակ չտարուին։ Այս առումով սփիւռքի մէջ խօսքով հայրենիքի համար հոգի տուող, զոհուելու պատրաստ անձ շա՜տ կարելի է գտնել. իրական գետնի վրայ՝ պատերազմի օրերուն անոնցմէ միայն մի քանին կարելի է տեսնել: 

Անցնող մի քանի տարիներուն բազմաթի՜ւ սփիւռքահայեր լացին Արցախի Հանրապետութեան կորուստը. Կ՚արժէ լրջօրէն մտածել եւ ուսումնասիրել, որ այդ հայրենասէրներէն քանի՞ն այցելած է Արցախի Հանրապետութիւն. անոնցմէ քանի՞ն իր պաշտած հայրենիքին համար իր շահած գումարներէն մաս յատկացուցած է անոնց շինութեան համար. վերջապէս, հայրենասիրութիւնը գործ կը պահանջէ չէ՞.... Անոնցմէ քանի՞ն անօթեւան հայրենակիցներուն ներկայ վիճակը մտածելով կացարաններ յատկացուցած է անոնց. նուազագոյնը ամսուան մը պարէնով նեցուկ կանգնած։ Հայրենիքի համար բան մը չըրած, սակայն, հայերէն խօսող հայը տարբերութիւն մը չունի Ամերիկայի մէջ ապրող այն հայէն՝ որ իր մայրենի լեզուն չի գիտեր։ Մեր ազգային պատմութեան մէջ իրենց անունը անմահացուցած շատ մը բարերարներ հայրենիքէն դուրս ապրեցան, սակայն, իրենց աշխատանքէն բաժին հանելով հայրենիքին՝ ուզեցին զարգացնել զայն, ուզեցին տնտեսութիւնը առջեւ տանիլ. օտարութեան մէջ ապրելով հանդերձ հայրենիքին հանդէպ իրենց նախանձախնդրութիւնն ու սէրը իրենց նուիրումով ցոյց տուին: Ի դէպ ըսենք, որ հայրենիքին «բարիք» ընելու համար մեծահարուստ ըլլալու կարիքը չկայ, որովհետեւ հիմնական նպատակը նուիրաբերուածին չափը չէ՛, այլ այն պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը, որ այդ արարքի հիմնական պատճառը կը հանդիսանայ: 

Օտարութեան մէջ խօսքով հայրենիքին ծառայողներ, անձը անոր բարօրութեան նուիրողներ շա՜տ կան։ Ճշմարիտ հայրենասէրը պատերազմի ժամանակ ի յայտ կու գայ. եթէ անձ մը պատերազմի ժամանակ իր հանգիստը չ՚ուզեր խանգարել՝ անկէ հայրենասիրութեան ակնկալել պէտք չէ։ Ի դէպ, պատերազմի ժամանակ ըսելով պայման չէ՛ մարդ անպայմանօրէն մարտի դաշտ մեկնի՝ որպէսզի պատերազմի մասնակից դարձած ըլլայ. առողջական եւ մարդկային այլ խնդիրներու պատճառով շատեր կրնան ի վիճակի չըլլալ պատերազմի դաշտ մեկնելու, սակայն, պատերազմ մը միայն մարտով չի սահմանափակուիր. այդ ընթացքին կատարուած իւրաքանչիւր ծառայութիւն՝ նոյնիսկ իգական սեռի ներկայացուցիչներու կողմէ ի գործ դրուած պայքարի անբաժան մէկ մասն է։ Վիրաւոր զինուորի մը ջուր տուող ծերուկ կինը շա՜տ աւելի մեծ հայրենասէր է, քան «զարգացած» երկիրներու մէջ իրենց հանգիստին մէջ հայրենիքին մասին այս կամ այն կարծիքը բարձրացնող մեր ոչ-հայրենասէրները: 

Կայ տարածուած այսպիսի խօսք. «Խօսքով կնիկ ծեծելը դիւրին է». այնպէս, ինչպէս դիւրին է խօսքով հայրենիք պաշտպանելը:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Կեանքը կռիւ է, յարատեւ կռիւ. այսպէս է եղած միշտ եւ այսպէս է նաեւ այսօր: Կեանքի բնական վիճակները ո՛չ թէ խաղաղութեան շրջաններ են, այլ՝ պատերազմի: Խաղաղութեան կարճ տարիները ընդհարումն են կեանքի պայքարի բնական վիճակներուն:

ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Ապրիլ 2, 2026