ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ

Ծաղկազարդի յաջորդող եօթնեակը՝ շաբթուան եօթը օրերը կը կոչուին Աւագ շաբաթ, իսկ անոր իւրաքանչիւր օրը՝ երկուշաբթիէն մինչեւ շաբաթ, կ՚անուանուին Աւագ, տեսակ մը զուգադրութեամբ սրբոց աւագ տօներուն՝ որոնք կը գրաւեն Աստուածայայտնութեան տօնը կանխող եօթնեակը, այսինքն շաբաթը։

Աւագ շաբաթի առաջին երեք օրը յատկապէս մասնաւոր տնօրինական յիշատակութիւններու կապուած չեն, աւետարանական ընթերցուածները պարզապէս կը պատմեն Յիսուսի Երուսաղէմ մտնելէն յետոյ մինչեւ վերջնական տնօրինութիւններուն կատարումը եղած իրողութիւնները, իսկ Հին կտակարանի ընթերցուածները արարչագործութեան եւ մարդուն անկումին կամ մեղքին, ջրհեղեղին, եւ տապանին միջոցաւ փրկուած արդարներուն եւ Սոդոմ Գոմորի կործանումին նկարագրութեամբ, կը յիշեցնեն փրկագործութեան պատճառը, բացատրել ձգտելով մարդեղութեան խորհուրդը. եւ օրուան շարականները գեղեցիկ եւ սրտառուչ կերպով կը խորհրդաւորեն զայն։

Աւագ չորեքշաբթիի ընթերցուածները եւ երգերը կը դառնան մասնաւորապէս մատնութեան ծրագրին շուրջ, որ առաջին վարագոյրն է փրկագործութեան արարուածներուն։

Աւագ հինգշաբթին տօնն է Պասեքի զենումին, տէրունական ընթրիքին եւ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդին՝ որոնք կը ներկայացուին Ճաշու ժամու Ս. Պատարագով, որուն կը պատրաստուին հաւատացեալներ ապաշխարութեան եւ արձակման յատուկ կարգով։ Այս կը կատարուի անմիջապէս առաջ՝ գիշերային ժամերգութենէն վերջ։

Նոյն օրուան երեկոյին, յատուկ հանդիսաւորութեամբ, կը կատարուի Ոտնլուայի արարողութիւնը, ըստ Աւետարանի պատմութեան՝ որպէս խոնարհութեան խորհուրդ։ Այս արարողութիւնը՝ զոր Գրիգոր Վկայասէր Կաթողիկոս (Գրիգոր Բ. Վկայասէր. 1066-1105) հաստատեց Ժ. դարուն, սկիզբէն կը կատարուէր աւելի պարզ եւ ժողովրդական կերպարանքի մը տակ. քահանաները եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ կը լուային բոլոր ժողովուրդին ոտքերը եւ կ՚օծէին օրհնուած իւղով։ Յետոյ է որ աւելի հանդիսաւորութիւն տրուեցաւ այս ծէսին, եւ բեմին վրայ փոխադրուեցաւ անոր կատարումը, ամփոփուելով աւելի սահմանափակ թիւով ենթականերու վրայ։

Տաղերը եւ «Սիրոյ ճառ»ին ընթերցումը, որոնք աւելի յետնագոյն դարերու կը պատկանին, կը ցուցնեն, թէ ժամանակի ընթացքին այլապէս ալ զարգացուած է այս արարողութիւնը։

Աւագ ուրբաթը նուիրուած է մատնութեան եւ չարչարանքներուն խորհուրդին՝ գիշերային ժամերգութեամբ. երեկոյին կը կատարուի թաղման նախատօնը՝ զոր կարելի է համարել «կարգ իջուցման ի խաչէն». որովհետեւ առաջին «Սուրբ Աստուած»ը՝ որ կ՚երգուի ծնրադիր, աւանդաբար կ՚ընծայուի Յովսէփ Արեմաթացիի՝ որ երգեց զայն Յիսուսի մարմինը խաչէն վար առած ատեն։

Աւագ շաբաթ օրը տօնն է Փրկչին թաղման եւ գերեզմանի կնքումին։ Ճաշու պատարագը այդ օրը կը կատարուի իրիկնադէմի պահուն, «Շաբաթ երեկոյէն ետք, երբ կիրակին կը բացուէր…». (ՄԱՏԹ. ԻԸ 1), (ՄԱՐԿ. ԺԶ 1), (ՂՈՒԿ. ԻԴ 1), (ՅՈՎՀ. Ի 1), որ եւ այդ պատճառաւ կը կոչուի «Ճրագալոյց», քանի որ օրուան այն պահն է այդ՝ ուր, երբ ընտանեկան յարկէն ներս լոյսերը վառէին, յաջորդ օրը սկսուած կ՚ըլլար։

«Ճրագալոյց» բառը, իբրեւ եկեղեցական յատկաբանութիւն՝ մասնայատուկ ասացուածք՝ թէեւ Աստուածայայտնութեան տօնի նաւակատիքին եւս կ՚ըսուի, բայց, հաւանաբար, սկիզբէն միայն Զատկի շաբաթին համար գործածուած էր եւ թերեւս նախ Երուսաղէմի մէջ գործածուեցաւ անիկա։ Քրիստոսի գերեզմանին վրայ նոյն երեկոյին կատարուած ճրագահանդէսի մեծաշուք այն արարողութեան պատճառաւ, որ համազգային մեծ ոգեւորութեամբ եւ խանդավառ հաւատքի բարեպաշտութեամբ կը կատարուի ցարդ հոն՝ հին դարերէ ի վեր։

Զատիկէն մինչեւ Հոգեգալուստի կիրակին կը կոչուի «Յինունք»՝ որ է «յիսուն օր» կամ «յիսուն աւուրք»։ Այդ միջոցին առաջին քառասնօրեակը կը վերջանայ Համբարձման տօնով, որ կը կատարուի վեցերորդ եօթնեկի հինգշաբթի օրը։ Ամբողջ այդ քառասունքը նուիրուած է մի միայն յարուցեալ Փրկչին երկրի վրայ իր աշակերտներու եւ Իրեն առաջին հետեւողներու խումբին հետ ունեցած երեւումներու խորհուրդին։

Անոնց մէջ կը տեսնուի սոսկ Քրիստոսի յարութիւնը, չորս անգամ միայն կը կատարուին ուրիշ մասնակի յիշատակութիւններ, առանց նուազեցնելու բուն յարութեան տօնին նշանակութիւնը։ Ատոնցմէ առաջինն է «Յովհաննէս Մկրտչի գլխատում»ը՝ որ կը յիշատակուի առաջին շաբաթին, կամ Յինանց եօթներորդ օրը, լոկ ընթերցումովը այդ դէպքին Մարկոսեան հատուածին։

Երկրորդը կը կոչուի «Նոր կիրակի», այսինքն առաջին կիրակի։ Երրորդն է՝ յինանց երրորդ կիրակին՝ որ կը կոչուի «Աշխարհամատրան կիրակի», ի յիշատակ Երուսաղէմի առաջին Եկեղեցւոյն, որ ըստ ոմանց կը նկատուի Սիոնի մատուռը՝ ուր էր վերնատունը, ուր Յիսուս հաստատեց Ս. Հաղորդութեան խորհուրդը։ Հինգերորդ կիրակին Յինանցի չորրորդն է, ուր կը տօնուի «Խաչին երկնային երեւում»ը Երուսաղէմի մէջ Կոստանդ կայսեր եւ Կիւրեղ հայրապետի օրով…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 28, 2026, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2026