ԴԱՐՁԵԱԼ ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի մէջ դարձեալ նախընտրական շրջան է եւ այդ մէկը հասկնալու համար մամուլի կարիքը չկայ, բաւարար է տեսնել քաղաքական գործիչներու «ժամանակաւոր» փոփոխութիւնը։ Երբ յանկարծ քաղաքական գործիչները «յիշեն», որ իրենք եւս սովորական քաղաքացի մըն են եւ աւելին, հասարակ ժողովուրդն է, որ զիրենք պաշտօնի կը կոչէ, կը նշանակէ նախընտրական շրջան է: Յանկարծ Փաշինեանը ինքզինք կը գտնէ ժողովուրդին մէջ՝ հանրակառք կը բարձրանայ, փողոց-փողոց ոտքով կը շրջի եւ ինքզինք կը փորձէ որպէս «ժողովուրդէն մէկը» ներկայացնել։ Նոյն վիճակին մէջ կը գտնենք նաեւ միւս քաղաքական գործիչները՝ ինչպէս Քոչարեանը եւ ուրիշներ: Բոլորն ալ կու գան իրենց նախապէս խոստացած ու չկատարած խոստումներուն վրայ նորերը աւելցնել եւ ժողովուրդը տարօրինակ ձեւով կը հաւատայ, կը ծափէ եւ նոյն յիմարութեամբ կը քուէարկէ՝ յաջորդող չորս տարիները ինքզինք գտնելու համար նոյն վիճակին մէջ՝ չկատարուած խոստումներու հաւաքածուի մը առջեւ: Փաշինեանը կը թիրախաւորէ ծերուկները՝ անոնց թոշակին վրայ յաւելեալ մի քանի ղուրուշ աւելցնելով, իսկ միւսը կը թիրախաւորէ սփիւռքահայերը եւ այսպէս ամէն մէկը կը փորձէ տեղէ մը «ձայն փրցնել»: 

Արդէն իսկ մի քանի ամիսէ ի վեր Փաշինեանի կողմէ եկեղեցւոյ դէմ մեղադրանքներ եւ ատելութեան խօսքեր չեն լսուիր։ Պատճառը այն չէ, որ Փաշինեան վերջ տուաւ եկեղեցւոյ դէմ իր հալածանքներուն. պարզապէս Փաշինեան գիտէ, որ տակաւին կայ զանգուած, որուն համար եկեղեցին սրբութիւն է եւ հետեւաբար անոր դէմ բացայայտ հալածանքը կրնայ շատերու քուէները արժել։ Այդ իսկ պատճառով մինչեւ նոր ընտրական շրջան վստահ ենք, որ այդ «վերջ» պիտի տրուի այդ արշաւին՝ ընտրութենէն ետք շատ աւելի հաստատ քայլերով հալածելու եւ տապալելու եկեղեցին: Քաղաքականութեան մէջ ամէ՛ն քայլ ու որոշում ո՛չ թէ ժողովուրդին, այլ սեփական աթոռը պահելու եւ զայն ամրապնդելու կը ծառայէ: Այսօր հայ ժողովուրդին մէջ տարածուած է նախկինի եւ ներկայի պայքարը, սակայն, իրականութեան մէջ անիմաստ պայքար մըն է, որովհետեւ քաղաքականութեան մէջ պարզապէս անունները կը փոխուին. ժողովուրդի պայքարը, ցաւն ու կարիքները կը շարունակեն մնալ նոյնը: 

Նախընտարական պայքարին ժողովուրդին մէջ դուրս գալ եւ խոստումներ տալը անիմաստ կը թուի, որովհետեւ Քոչարեանը աւելի քան ութ տարի եւ Փաշինեանն ալ մօտաւորապէս վեց-եօթ տարի արդէն իսկ պաշտօնի վրայ եղած ու գտնուած են. այն բոլոր խոստումները որոնք այսօր կը բարձրաձայնեն, ինչո՞ւ համար օրին իրականութիւն դարձուցած չեն։ Օրինակի համար, եթէ խոստումներով հրապարակ դուրս գայ անձ մը, որ նախապէս պաշտօնի վրայ չէ գտնուած, մասամբ հասկնալի կրնանք նկատել, որովհետեւ պաշտօնը ստանձնելէ ետք պիտի «փորձէ» իր խոստումները իրականացնել, սակայն, ղեկավարներ՝ որոնք արդէն իսկ երկար տարիներ ղեկավարած են ու իրենց նախորդ խոստումները չեն իրականացուցած՝ իմաստ մը չունի: 

Ահաւասի՛կ, այդ խոստումներէն մին՝ որ մնացած է խօսքի սահմաններու մէջ. 

Երբ Փաշինեան նոր պաշտօնը կը ստանձնէր, կը խոստանար սփիւռքէն մեծաթիւ գործարարներ Հայաստան բերել եւ տնտեսութիւնը զարգացնել։ Փաշինեանի բառերով՝ շատ մը գործարարներ կը սպասեն իշխանափոխութեան, որպէսզի իրենց հարստութիւնը ներդնեն Հայաստանի մէջ եւ այսպիսով թէ՛ տնտեսութիւնը զարգանայ եւ թէ մեր հայորդիներուն համար աշխատանքի հնարաւորութիւնները աճ արձանագրեն։ 2018 թուականէն ի վեր մեծ թիւով գործատուներ Հայաստան չեկան։ Ի դէպ, Հայաստանի մէջ գործի եւ վճարումի սահմանը բարձրացաւ, սակայն ո՛չ իշխանութեան հաշուին. շատ մը եւրոպական եւ ամերիկեան ընկերութիւններ իրենց գրասենեակները հաստատեցին Հայաստանի մէջ միայն ու միայն մէկ պատճառով. աշխատավարձերուն քիչ ըլլալուն պատճառով. անոնցմէ մէկը առիթով մը ունեցաւ հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Եթէ Եւրոպայի մէջ 4000 տոլարի 1 անձ պիտի աշխատցնեմ, ապա Հայաստանի մէջ նոյն գումարով 4 անձ կ՚աշխատի»: Հետեւաբար այդ գործատեղերու աճը կառավարութեան կողմէ կատարուած ռազմավարութեան մը արդիւնք կարելի չէ նկատել. ընդհակառակը, շատ մը սփիւռքահայեր Հայաստանի մէջ փորձեցին իրենց գործը հիմնել, սակայն, հարկերու անտրամաբանական գանձումներուն պատճառով դարձեալ վերադարձան սփիւռք՝ այդտեղ շարունակելու իրենց գործը։ Որոշ սահմանէ մը ետք պետութիւնը գործատուէն կը սկսի գանձել իր եկամուտի 38 առ հարիւրը՝ մոռնալով, որ բացի այդ տոկոսներէն գործատուն իր աշխատողներուն համար եւս պիտի վճարէ հարկ եւ այլեւայլ ծախսեր: Տնտեսութիւնը զարգացա՞ւ Հայաստանի մէջ թէ ոչ, պատասխանը թող ընթերցողը տայ։ Որպէս աղբիւր կարելի է գործածել Հայաստանի պարտքի չափը՝ որ տարօրինակ ձեւով նուազելու փոխարէն՝ կտրուկ աճ արձանագրեց։ Տնտեսապէս զարգանալը տրամաբանականօրէն պարտքէ ազատիլ կը նշանակէ։ Պարտքի ուժով կատարուած բարեփոխութիւնները որպէս ձեռքբերում կարելի չէ նկատել, որովհետեւ այդ պարտքերը վերջաւորութեան քաղաքական գործիչները իրենց գրպանեն չէ՛, որ պիտի վճարեն, քաղաքացին ի՛նք պիտի վճարէ այդ բոլորը իր հարկերով:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Բարոյական նկարագիր մը առաքինութիւններու հաւաքածոյ մըն է, որմէ թէ՛ տէրը եւ թէ ուրիշներ պէտք է օգտուին: Մենք հոգի մը, սիրտ մը, մարմին մը ժառանգած ենք. այս նուրբ գործիքները թանկագին աւանդները միասին ներդաշնակելու ենք մեծ հոգիներու, բարձր միտքերու ու զօրաւոր նկարագիրներու հետ՝ որպէսզի անոնց պէս գեղեցիկ ու հրապուրիչ դառնանք մեր շուրջիններուն ու աշխարհին: 

ՎԱՀՐԱՄ ՉԷՐՉԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մարտ 27, 2026