ՇՈՂՈՔՈՐԹՈՒԹԻՒՆ
«Շողոքորթութիւն»ը Սուրբ Գիրքին մէջ զանազան առիթներով յիշուած է որպէս անխորհուրդ եւ վատ ունակութիւն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք հատուածներ այս նիւթով։
- «Իր ընկերին շողոքորթութիւն ընող մարդը անոր քայլերուն որոգայթ կը լարէ». (ԱՌԱԿ. ԻԹ 5)։
- «Մարդ յանդիմանողը վերջապէս շնորհք կը գտնէ. լեզուով շողոքորթութիւն ընողէն աւելի». (ԱՌԱԿ. ԻԸ 23)։
- «Բանսարկութիւն ընողը գաղտնիքը կը յայտնէ, ուրեմն՝ շողոքորթութիւն ընողին հետ հաղորդակցութիւն մի՛ ունենար». (ԱՌԱԿ. Ի 19)։
- «Այսպէս իր շատ խօսքերովը զանիկա հրապուրեց եւ իր շրթունքներուն շողոքորթութիւնովը զանիկա գրաւեց։ Երիտասարդն ալ շիտակ կնոջ ետեւէն, սպանդանոց գացող արջառի պէս, պատժուելու գացող կապուած յիմարի մը պէս կ՚երթայ, մինչեւ որ նետը անոր լեարդը ծակէ, ինչպէս թռչուն մը արտորալով դէպի ծուղակը կ՚երթայ եւ չի գիտեր, թէ դէպի իր անձին կորուստը կ՚երթայ». (ԱՌԱԿ. Է 21-23)։
- «Ով որ իր բարեկամներուն շողոքորթութիւն կ՚ընէ եւ կողոպտուելու կը մատնէ, անոր տղոցը աչքերը պիտի նուաղին». (ՅՈԲ. ԺԷ 5)։ «Տէրը պիտի կտրէ բոլոր շողոքորթող շրթունքները եւ մեծախօս լեզուն». (ՍԱՂՄ. ԺԲ 3)։
- «Աղէ՜, մէկո՛ւն աչառութիւն պիտի չընեմ եւ մարդո՛ւ մը շողոքորթութիւն պիտի չընեմ, քանզի չեմ գիտեր շողոքորթութիւն ընել. զիս Ստեղծողը շուտով զիս պիտի վերջացնէր». (ՅՈԲ. ԼԲ 21-22)։
- «Վասնզի անոնց բերնին մէջ ճշմարտութիւն չկայ, անոնց ներսիդին չարութիւն կայ։ Անոնց կոկորդը բաց գերեզման է, իրենց լեզուովը նենգաւոր եղան». (ՍԱՂՄ. Ե 9)։ «Ամէն մարդ սուտ կը խօսի իր ընկերին, շողոքորթ շրթունքներով եւ կրկին սրտով կը խօսին». (ՍԱՂՄ. ԺԲ 2)։ «Սակայն իրենց բերնովը կը շողոքորթէին եւ իրենց լեզուովը սուտ կը խօսէին անոր։ Իրենց սիրտը ուղիղ չէր անոր առջեւ եւ հաւատարիմ չէին անոր ուխտին մէջ». (ՍԱՂՄ. ՀԸ 36-37)։
- «Մենք բնաւ շողոքորթութեան խօսքեր չգործածեցինք, ինչպէս գիտէք, ո՛չ ալ ագահութենէ թելադրուած, Աստուած վկա՛յ է». (Ա ԹԵՍԱՂ. Բ 5)։
- «Եւ շատերը շողոքորթութիւններով անոնց պիտի յարին». (ԴԱՆ. ԺԱ 34)։ «Անոր տեղ անարգ մէկը պիտի ելլէ, որուն թագաւորական պատիւ պիտի չտան. բայց անիկա հանդարտութեամբ պիտի գայ եւ շողոքորթութիւններով թագաւորութիւնը պիտի առնէ». (ԴԱՆ. ԺԱ 21)։ «Եւ ուխտին դէմ ամբարշտութիւն ընողները շողոքորթութիւններով գլխէ պիտի հանէ. բայց իրենց Աստուածը ճանչցող ժողովուրդները պիտի զօրանան եւ պիտի ընդդիմանան. (ԴԱՆ. ԺԱ 32)։
- «Անոնք եկան եւ ըսին անոր.- Վարդապե՛տ, գիտենք թէ ճշմարտասէր ես եւ մէկո՛ւն համար հոգդ չէ, քանզի մարդոց երեսպաշտութիւն չես ըներ, հապա ճշմարտութեամբ Աստուծոյ ճամբան կը սորվեցնես…». (ՄԱՐԿ. ԺԲ 14)։
Արդարեւ, մարդ իմաստութեամբ եւ բանականութեամբ ինքզինք կառավարելու կարողութիւնը ունի՝ ճշմարտութեան հասնելու համար։ Բնական օրէնքը կ՚արտայայտէ սկզբնական բարոյական իմաստը՝ որ թոյլ կու տայ մարդուն իր բանականութեամբ զանազանելու ի՛նչ որ բարի է եւ չար, ի՛նչ որ ճշմարիտ է եւ սուտ, ի՛նչ որ օգտակար է եւ վնասակար եւ, վերջապէս, ի՛նչ որ անկեղծ է եւ կեղծ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 22, 2026, Իսթանպուլ