ՏԵՍՆԵԼՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԸՍՏ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻԻ

Յովհաննէս Աւետարանին 9-րդ գլուխին 35-41 համարներուն մէջ հոգիի կուրութեան մասին գրուած է: Տէր Յիսուս այսպէս կ՚ըսէ. «Դատաստանի համար եկայ այս աշխարհ, որպէսզի անոնք որոնք չեն տեսներ՝ տեսնեն, եւ որոնք կը տեսնեն՝ կուրնան» (Յհ 9.39): Ս. Գրիգոր Տաթեւացին տեսնելու ու կուրնալու մասին հետեւեալ բացարտութիւնը կու տայ.

* Նախ՝ ինչպէս հրեաները լուսաւորուածին տաճարէն հանեցին, այդպէս ալ Քրիստոս զանոնք տաճարէն հանեց, նախ՝ օրինակէն եւ ապա՝ ճշմարիտէն, այսինքն՝ նախ չուանէ խարազանով եւ ապա Տիտոսին ձեռքով:

Երկրորդ. կոյրը մարմնապէս լուսաւորուեցաւ, իսկ աչքերը առագաստանալով ծածկուեցան հրեաներուն, որոնք կ՚ուզէին քար նետել:

Երրորդ. կոյրը մարմինով եւ հաւատքով լուսաւորուեցաւ՝ հեթանոս ազգերուն որպէս օրինակ:

Չորրորդ. հրեայ ազգը կուրցաւ, որ աստուածատես կը կոչուէր, իսկ լուսաւորուեցան հեթանոսները, որոնք խաւարին մէջ կը նստէին…:

Հինգերորդ. սատանան կուրցաւ, որովհետեւ Քրիստոսի տնօրինութիւնը չճանչցաւ, ինչպէս Յոբ կ՚ըսէ. «Անգղին աչքը զանիկա չտեսաւ» (Յոբ 28.7), իսկ մադկութիւնը տեսաւ ու փրկուեցաւ:

Վեցերորդ. դժոխքին մէջ խաւարած հոգիները լուսաւորուեցան, ինչպէս Քրիստոս քարոզեց. «Դուք որ կապանքներու մէջ էք, ելէ՛ք, իսկ որ խաւարի մէջ էք, յայտնուեցէք», իսկ դեւերը կուրցան եւ բանտարկուեցան, ըստ այնմ. «Հզօրները բանտարկեց» (հմմտ. Ղկ 1.52):

Եօթներորդ. դպիրներն ու իմաստունները տգէտ դարձան, իսկ պարզմիտ առաքեալները իմաստացան, ըստ այնմ. «Իմաստուններէն ծածկուեցար եւ պարզ մարդոց յայտնուեցար» (տե՛ս Մտ 11.25):

Ութերորդ. հերձուածողները ըստ իրենց միտքի քննութիւններուն կուրցան, իսկ հաւատքով ուղղափառները լուսաւորուեցան, ըստ այնմ. «Աստուած այս աշխարհի իմաստութիւնը յիմարացուց, իսկ յիմարութիւն համարուած քարոզութեամբ փրկեց հաւատացեալները» (տե՛ս Ա. Կր 1.20-21):

Իններորդ. Սիմէոնը կ՚ըսէ. «Ասիկա հակառակութեան նշան է» (տե՛ս Ղկ 2.35), այսինքն՝ ոմանց կանգնումին ու ոմանց գլորման, հաստատութեան վէմ եւ գայթակղութեան քար, այսինքն՝ հաւատացեալներուն եւ անհաւատներուն:

Տասներորդ. դատաստանի ժամանակ, անոնք որոնք այստեղ երեւելի մեծութեան եւ հպարտութեան մէջ են, այնտեղ պիտի խաւարին, իսկ անոնք որոնք այստեղ՝ խոնարհութեան ու տնանկութեան մէջ են, այնտեղ փառք պիտի տեսնեն ու լուսաւորուին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

6 մարտ 2026, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մարտ 7, 2026