ԾՆՈՂԱԿԱՆ ՍԽԱԼՆԵՐ

Մենք կը կարծենք, որ իւրաքանչիւր երեխայ ունի տարբեր բնաւորութիւն, հետեւաբար փոխանցուած դաստիարակութիւնը ինչպիսին ալ ըլլայ, բնաւորութիւնը մեծ դեր կը խաղայ։ Սակայն մենք կը հաւատանք, որ դաստիարակութիւնը, կրթութիւնը թուաբանութեան պէս յստակ սկզբունքներու եւ օրէնքներու վրայ հիմնուած է եւ ամէն ծնողք եթէ հետեւի այդ օրէնքներուն ու կանոններուն, ապա մէկին գումարած մէկը չի կրնար երեք դուրս գալ: Այդ իսկ պատճառով, ժամանակակից մանկավարժութիւնը կ՚առաջարկէ ծնողներուն եւս կրթուիլ, կարդալ ու զարգանալ, որովհետեւ շատ մը ծնողներ կը կարծեն, թէ իրենք կատարեալ ձեւով ծնողական պարտաւորութիւնները կը կատարեն՝ նոյնիսկ եթէ այդտեղ կայ թերութիւններ։ Անշուշտ, ծնողներու միւս մեծագոյն սխալներէն մէկն է սեփական սխալը չընդունիլը: 

Ինքնավստահ զաւակ ունենալու թուաբանական մօտեցումը հետեւեալն է. 

Ա.- Խնդիրները լուծել առանց մեղադրանքի. Մեր զաւակները եթէ սխալ մը գործեն՝ լաւապէս անոր գիտակցութիւնը կ՚ունենան։ Անոնք շատ լաւ գիտեն իրենց ըրածը սխալ էր թէ ճիշդ։ Հետեւաբար կատարուած սխալի մը դիմաց անգամ մը եւս մեղադրել, բարկանալ, պոռալ ու ծեծել՝ միայն մէկ բան կրնայ կատարել. մեղաւորութեան զգացումը աւելիով խորացնել ու զինք հեռացնել լուծումէն: Զաւակը եթէ գիտէ, որ սխալ է, կու լայ եւ նեղուած տրամադրութեան մէջ կը գտնուի, պոռալ կանչելը դրական արդիւնք մը չի կրնար տալ։ Այդ իսկ պատճառով, իւրաքանչիւր սխալ, իւրաքանչիւր արարք պէտք է սեղան դրուի առանց մեղադրանքի, որովհետեւ մանուկը մեղադրանքին դիմաց աւելի ընկճուելով ո՛չ կրնայ հանգիստ արտայայտուիլ եւ ոչ ալ կրնայ լուծումներու մասին մտածել: 

Բ.- «Այս մէկը այսպէս է» ըսելով չէ, որ մեր զաւակներուն խնդիրներուն լուծում կու տանք։ «Այսպէս է» ըսելը թուաբանական խնդիրի մը պատասխանը տալ ըսել է, իսկ մենք պէտք է թուաբանական խնդիրը սորվեցնենք, այլ խօսքով՝ սորվեցնենք, թէ այս մէկը ինչո՛ւ սխալ է, ինչո՛ւ պէտք չէ կրկնել եւ այլն։ Մինչ այդ, փաստուած է, թէ «այսպէս մի՛ ըներ» հրամայականով մեծցող, ծեծի եւ պոռալու, բարկութեան մթնոլորտի մէջ հասակ առնող զաւակներ աւելի ատակ են «մի՛ ըներ» ըսուածը ընելու:

Ծնողքի մը համար դժուար է, սակայն, պէտք է ծնողքը արարքներու եւ երեւոյթներու դիմաց անկողմնակալ դիրք բռնէ՝ մոռնայ, որ խնդրոյ առարկան իր մանուկն է եւ ամէն երեւոյթ արդարութեամբ դատէ։ Այս մէկը կը շեշտենք, որովհետեւ կը տեսնենք, թէ կան ծնողներ, որոնք իրենց զաւակներուն սխալներուն համար նոյնիսկ կը փորձեն «արդարացնել» զանոնք եւ ուրիշ մեղաւոր կը գտնեն։ Այս մէկը զաւակը «սիրել» չի նշանակեր։ Արդարութիւնը զաւակը կը սորվի ծնողքէն եւ նման ընթացք մը անոր մէջ կը խախտէ արդարութեան հասկացողութիւնը եւ սխալ սերմեր կը ծլին անոր մէջ:

Այս բոլորին լոյսին տակ դարձեալ կ՚ըսենք, որ ծնողք ըլլալ ոստիկան ըլլալ չի նշանակեր. առողջ զաւակներ կ՚ունենանք, երբ ծնողք մը սկսի համագործակցիլ իր զաւկին հետ: 

Անցեալին տան մէջ միայն հայրը կ՚աշխատէր եւ մայրերը տունը ըլլալով շատ աւելի ժամանակ կ՚ունենային զբաղելու զաւկին դաստիարակութեամբ։ Մերօրեայ պայմաններու տակ հօր չափ զբաղ ու յոգնած է նաեւ մայրը, սակայն, պէտք չէ մոռնալ կարեւոր բան մը. աշխատանքը, դրամը եւ ապրուստը ժամանակաւոր է։ Այսօր նիւթապէս բարօր եւ կամ աղքատ կրնանք ըլլալ, սակայն, այդ մէկը փոփոխական է, բայց եւ այնպէս, մեր զաւակներուն դաստիարակութիւնն ու նկարագիրը փոփոխական չէ։ Մանուկ հասակին ստացած դաստիարակութեան հիման վրայ պիտի կառուցէ իր ապագան եւ հետեւաբար ծնողներ շատ աւելի ուշադրութիւն պէտք է դարձնեն իրենց զաւակներուն։ Ուշադրութիւն ըսելով կ՚ուզենք շեշտել, որ ուշադրութիւն պէտք է դարձնեն անոնց հոգեկան աշխարհին՝ քան մարմնական աճին ու ընթացքին։ Զաւակ մեծցնել անոր մարդկային պէտքերը ապահովել չի նշանակեր. անոր դիմաց տեսերիզ մը դնելով մինակ ձգել չի նշանակեր։ Կը հաւատանք, որ մեր օրերուն ապրող ամէ՛ն մեղաւոր, ամէն գող, ամէն մարդասպան ձախողած դաստիարակութեան մը արդիւնքն է։ Ծնողքը շատ անգամ կը մեղադրէ շրջապատը. այո՛, շրջապատը մեծ դեր ունի, սակայն, եթէ զաւկին դաստիարակութեան հիմերը ամուր են՝ շրջապատը այնքան ալ դիւրին չի կրնար քանդել զայն: Եթէ այսօր մարդ իր հաւատքին մէջ զօրաւոր է, գիտակից է, այլ աղանդ մը զինք պիտի չկրնար շեղել իր ուղիէն, սակայն, եթէ տկար է՝ կրնայ խաբուիլ ու տարուիլ։ Նոյնն է կապը մեր զաւակներուն եւ իրենց շրջապատին: 

Ծնողքը պէտք է հասկնայ, որ կեանքը պատերազմ է եւ ինք այդ պատերազմին դէմ պայքարելու զինուոր մըն է, որ կը պատրաստէ։ Անշուշտ, այստեղ եւս կայ նրբութիւն, որովհետեւ կան ծնողներ այդ զինուորը բացասականով կը փորձեն պատրաստել. ինչպէս օրինակ՝ «եթէ քեզի զարնեն, դուն ալ զարկ», «մի՛ ձգեր վերէն գան» եւ այլն… զաւկին պէտք է սորվեցնել առիթ չտալ կռուի, որովհետեւ մարդ իր նկարագիրով, իր սկզբունքներով է, որ ինքզինք կը պարտադրէ շրջապատին մէջ եւ մենք այդ առողջ զինուորն է, որ պիտի պատրաստենք:

•շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Նախ, բոլոր հայերը պէտք է մէկ տէրութեան, մէկ օրէնքի տակ խմբուին, աճին եւ զարգանան բարոյապէս ու նիւթապէս. ապա ժամանակը ի՛նքն է, որ մեզի մեր ազատութիւնը պիտի բերէ. շտապելով՝ առաջինը չառած, երկրորդ քայլին դիմելով՝ բոլորովին պիտի կորսուինք:

ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Փետրուար 13, 2026