ԻՆՔՆԱՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ
«Ես եմ որ Էն». Աստուծոյ ձայնն է՝ որ Իր ինքնայայտնութիւնը կը ներկայացնէ. (ԵԼԻՑ. Գ 14)։ Արդարեւ, Աստուած ստեղծեց ամբողջ տիեզերքը եւ մարդը՝ Իր նմանութեամբ եւ Իր պատկերով։ Մարդը ամբողջ արարածներու մէջ գերազանցօրէն ընտիր է, քանի որ բանականութեամբ օժտուած է եւ ուսանակութեան յատկութիւնը ունի եւ ան է, որ կը մտածէ, կը դատէ, կ՚որոշէ եւ ազատ կամքով կը գործէ։ Մարդ արարածն է, որ միայն մտածող միտք ունի եւ կը հարցնէ, եւ մանաւանդ կը քննարկէ ինքզինք. «Ո՞վ եմ ես»։ Եւ աւելին՝ կը փնտռէ, կը հարցափորձէ իր Արարծը. «Ո՞վ է Աստուած…»։
Մարդ, քանի որ բանականութեամբ օժտուած է, կը մտածէ եւ քանի որ կը մտածէ, ապա ուրեմն գոյութիւն ունի, եւ իր գոյութեան կ՚անդրադառնայ եւ իր գոյութեան գիտակցութիւնը ունի։ Քանի որ խորհիլ՝ մարդուն գոյութեան գիտակցութեան պատճառն է, ինչպէս կ՚ըսէ Jean Jacques Rousseau (1712-1778), «Cogito ergo sum». այսինքն՝ կը մտածեմ՝ ուրեմն կա՛մ։
Ուստի, մարդ գիտակցութեամբ կը հաւատայ, կը վստահի եւ կը հարցնէ, թէ որո՞ւ կը հաւատայ, որո՞ւ կը վստահի։ Աստուած Մովսէսին ըսաւ. «Անշուշտ Ես քեզի հե՛տ պիտի ըլլամ եւ այս ըլլայ քեզի նշան՝ որ Ես քեզ ղրկեր եմ. երբ ժողովուրդը Եգիպտոսէն հանես, այս լերանը վրայ պիտի պաշտես Աստուած». (ԵԼԻՑ. Գ 12), Մովսէս ըսաւ Աստուծոյ. «… երբ ըսեն ինծի թէ.- Ի՞նչ է Անոր անունը, ի՞նչ ըսեմ անոնց»։ Աստուած պատասխանեց Մովսէսին յստակ կերպով. «Ես եմ որ Էն». (ԵԼԻՑ. Գ 13-14)։ Աստուած Է, անժամանակ, մի՛շտ ներկայ, մի՛շտ հո՛ս, այստեղ. այսինքն՝ «աստ» եղած՝ Աստուած, ինչ որ մարդկային միտքով եւ մտածումով կարելի չէ՛ ըմբռնել, մարդ որքան ալ բանականութեամբ օժտուած ըլլայ, քանի որ Աստուած այնքան Ինքզինք կը յայտնէ մարդուն՝ որքանը որ կ՚ուզէ յայտնել։ Այս իմաստով, «Ես եմ որ Էն» ինքնայայտնութիւնն է, որ ձայնով կ՚արտայայտուի։ Եւ ան՝ որ կը լսէ այդ Ձայնը, ան կ՚ըմբռնէ Աստուծոյ էութիւնը եւ գոյութիւնը։ «Է»ն արդէն կը ներկայացնէ «ներկայ»ն եւ «այստեղ»ը։ Այս խօսքը կը բացայայտէ Աստուածը, քանի որ Ան միշտ «հո՛ս» է եւ «ներկայ»։ Ան կատարեալն է եւ բացարձա՛կը…
Մարդկային կեանքին մէջ երբ մէկը դուռը թակէ, տանտէրը կը հարցնէ. «Ո՞վ է ան»։ Եթէ դուռը թակողը մտերիմ մը, բարեկամ մըն է, դուրսէն կը պատասխանէ. «Ես եմ» եւ տանտէրը արդէն անոր ձայնէն կը ճանչնայ զայն եւ կը բանայ դուռը։ Աստուած ալ, եթէ կ՚ըսէ «Ես եմ…», եւ Անոր դուռը կը բանան անոնք՝ որոնք կը ճանչնան զԻնք, մտերիմ են, կը հաւատան Անոր։ Ձայնէն ճանչնալ՝ վերապահուած է անոնց, որոնք կը ճանչնան ձայնին տէրը։ Յատկութիւն մըն է ասիկա, որ կ՚աճի մտերմութեան մէջ։ Աստուածն ալ կարելի է ճանչնալ Իր Ձայնով՝ որ կը նշանակէ «ինքնայայտնութի՛ւն»։ Հին կտակարանի ինքնայայտնութեան ձայնն է. «Ես եմ որ Էն» խօսքը։
Իսկ Նոր կտակարանի մէջ, Յովհաննէս Աւետարանիչ կը վկայէ 7 ինքնայայտնութիւններ՝ տարբեր առիթներով, ուր Յիսուս կ՚ըսէ. «Ես եմ…»։ Եւ այսօր մեզի ալ, ամէն մէկուս կ՚ըսէ Ան. «Ես եմ մի՛ վախնաք…», կամ «Ես եմ ճանապարհը…», եւ այլն։ Ո՞րքան կը լսենք, խնդրական է, քանի որ աշխարհի ժխորը եւ աղմուկը կը խափանեն, անլսելի կը դարձնեն Յիսուսի Ձայնը եւ նոյնիսկ լսենք, չենք անդրադառնար անոր կարեւորութեան եւ փրկարար յատկութեան եւ շա՜տ բան կը կորսնցնենք։ Մինչդեռ երբ լսենք այդ Ձայնը մեր նեղութիւններուն, մեր մտահոգութիւններուն եւ մեր հոգերուն մէջ, պիտի մխիթարուինք եւ երջանիկ պիտի ըլլանք. միայն եթէ լսենք այդ Ձայնը…
Մանուկը երբ մայրը կը յանձնէ մէկու մը, անոր կը յանձնարարէ. «ձեռքը լաւ բռնէ եւ մի թողուր երբեք»։ Անիկա եթէ նոյնիսկ մանուկին հայրը ըլլայ, չի հրաժարիր այդ յանձնարարութիւնը ընելէ. «Հօրդ ձեռքը լա՛ւ բռնէ եւ մի՛ թողուր զայն…»։ Եւ Աստուած ալ կ՚երկարէ Իր ձեռքը, իսկ մենք պէտք չէ երբեք թողունք այդ Ձեռքը, քանի որ Ա՛ն է մեր ապահովութիւնը, մեզ պահպանողը, հայրախնամ Ձե՛ռքը։ Ա՛ն է, որ կ՚ըսէ. «Ես եմ, մի՛ վախնար…»։ Եւ եթէ բռնած ենք Անոր ձեռքը, ապահով ենք. ո՛չ մէկ բան կրնայ վնասել մեզ։ Եւ եթէ բռնած ենք Անոր ձեռքը, այլեւս մինակ չե՛նք. թէեւ առանձին, բայց ո՛չ երբեք մինակ։ «Ինչո՞ւ» հարցումին պատասխանն է, թէ ինչո՞ւ կրնանք առանձին ըլլալ, քանի որ մեր ձեռքը Անսոր ձեռքին մէջ է, կապուած ենք սերտօրէն Յիսուսի։ Ան ճշմարտութիւնն իսկ է. ճանապարհը եւ կեա՛նքը։ Ան մեր ապահովութիւնն է եւ անվտանգ կեանքի ապաւէնը։ Հաւատացեալը ունի Աստուածը իր կողքին։
Շատ բան, աշխարհի վրայ, դուրսէն գեղեցիկ կ՚երեւի, բայց ներքինը՝ տգե՛ղ։ Զոր օրինակ, տուն մը արտաքնապէս շատ գեղեցիկ կրնայ ըլլալ, բայց ներքինը, իր բնակիչներուն վիճակը շատ վատ կրնայ ըլլալ՝ նեղութիւններ, հոգեր, հիւանդութիւններ եւ դժուար կացութիւններ։ Ուրեմն, մարդ պէտք է արտայայտէ իր նեղութիւնները, որպէսզի օգուտ մը կարենայ քաղել։ Մեր ցաւերը, վիշտերը, նեղութիւնները, մտահոգութիւնները յանձնենք Յիսուսի, եւ յանձնուինք Անոր՝ հոգիով եւ միտքով, քանի որ Ան Իր ձայնով կը յայտնէ Ինքզինք մեզի, մեր բոլորին. «Ես ե՛մ…» կ՚ըսէ. «մի՛ վախնաք…»։
Ուստի, վստահինք Յիսուսի, ապաւինինք Անոր հոգիով եւ միտքով անմիջապէս հիմա, այսօր եւ միշտ, քանի որ Ան անժամանակ է. այսօր եւ միշտ եւ յաւիտեան… Լսենք Յիսուսի ձայնը, Ան կ՚ըսէ. «Ես եմ…», եւ բանանք մեր դուռը, երկարենք մեր ձեռքերը՝ Ան պատրա՛ստ է բռնել մեր ձեռքը եւ որ երբեք չի թողուր մեզ մինակ, մենք այլեւս անվախ, ապահով կը շարունակենք մեր ճանապարհը, քանի որ Ան կ՚ըսէ. «Ես եմ ճանապարհը», եւ միշտ կապուած մնանք Յիսուսի, այլեւս մինակ չե՛նք, այլ առանձին՝ ապահով եւ վստահելի Ձեռքին մէջ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 10, 2026, Իսթանպուլ