ՅԱՊԱՂՈՒՄԻ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐ
Մարդ երբեմն շոգենաւին չի հասնիր, այսինքն բարեպատեհ առիթներէն չի կրնար օգտուիլ, չ՚անդրադառնար կամ պէտք եղած խնամքը չի տանիր եւ կը կորսնցնէ…։ Արդարեւ, առիթներէն օգտուիլ հմտութիւն կը պահանջէ, եւ անոնք՝ որոնք կ՚անդրադառնան կեանքի կարեւորութեան՝ ուշադրութեամբ կը հետեւին կեանքի մանրամասնութիւններուն՝ որոնց մէջ կը գտնուին մեծ առիթներ, եւ որոնք էական եւ կենսական հանգամանքներ կը ներկայացնեն։ Այս իմաստով՝ երբեմն ո՛չ կարճ, այլ երկար ժամանակ ունեցողն է, որ «շոգենաւը կը փախցնէ». տասնհինգ վայրկեան միջոց ունեցողէն աւելի կէս ժամ միջոց ունեցողն է, որ երբեմն «շոգենաւին չի հասնիր»։
Ուրիշ ասպարէզներու մէջ ալ պարագան նո՛յնն է. զոր օրինակ, ան՝ որ կը կարծէ շատ բան գիտնալ, ամենէն շատ ա՛ն կը սխալի։ Նոյնպէս՝ երբեմն ժամադրութեան մը ճշդապահ եղողը միշտ հեռուէն՝ քան թէ մօտէն եկողն է. ճիշդ ինչպէս որ քննութիւններու մէջ ուսանողը երբեմն դիւրին նկատած դասերուն մէջ կը ձախողի, քան՝ դժուար դասերուն մէջ։
Այս կարգի անտարբերութիւնը կամ անհոգութիւնը մարդկային բնական տկարութիւն մըն է, զոր գեղեցիկ կերպով նկարագրած եւ լուսաբանած է կրիային եւ նապաստակին ծանօթ առակը՝ որուն մէջ կը տեսնուի, թէ վազելու մրցումին յաղթանակը կը հանդիսանայ ո՛չ թէ սրընթաց նապաստակը, այլ՝ «դանդաղութեան մարմնացում»ը նկատուած կրիան։
Արդարեւ, չսորվելու պատճառը՝ գիտնալ կարծելն է. չանդրադառնալ տգիտութեանը…
Անտարբերութեան, անհոգութեան պատճառով առիթը կորսնցնել՝ «շոգենաւին չհասնիլը» եւ կէս ժամ կամ ժամ մը ուշանալը կրնայ ամէն անգամ մեծ կարեւոր անպատեհութիւն մը չունենալ. թէեւ կէս ժամուան յապաղում մը երբեմն անհատական կամ հաւաքական, ճակատագրական պահերու պատճառ կրնայ դառնալ։ Եւ սակայն յապաղումի պատճառ եղող անհոգութիւնը եւ անտարբերութիւնը՝ ինքնին աննշան թերութիւններ են՝ վտանգաւոր եւ վնասաբեր ախտանիշներ՝ զորս պէտք է դարմանել. քանի որ անփութութիւնը կրնայ ունակութիւն մը դառնալ, եւ կեանքի որեւէ ասպարէզին մէջ ծանրակշիռ հետեւանքներ ունենալ, ուստի, պարտք մըն է դարմանել զայն, եւ զանիկա սրբագրելը անհրաժեշտ մարզանք մը, նոյնիսկ դաստիարակութիւն մը պէտք է նկատել, ի՛նչ որ պիտի նպաստէ ընկերային, իմացական եւ բարոյական աւելի ուժեղ եւ առողջ կեանք մը ունենալու։
Հարկ է աւելցնել նաեւ, թէ այս թերութեան սրբագրութիւնը որքան անհրաժեշտ՝ նոյնքան ալ անտեսուած կրթութիւն մըն է։
Կեանքի մէջ, ընդհանրապէս, փոխաբերական նշանակութեամբ, «շոգենաւի մը չհասնելու» պատճառը երբեմն ժամանակին սղութենէն աւելի՝ ժամանակին առատութի՛ւնն է։ Ասիկա կրնայ հակասութիւն մը երեւիլ, բայց ուրիշ հակասութիւններու նման՝ իրողութի՛ւն մըն է։ Ուստի քիչ ժամանակ ունեցողն է, որ աւելի հոգածու եւ խնայող է ժամանակին քան առատ ժամանակ ունեցողը՝ որ կը փորձուի անփոյթ, անհոգ, ծոյլ եւ շռայլ ըլլալով։ Եւ ո՛չ թէ միայն ժամանակի, այլ կեանքի ուրիշ առատութիւնները, ճոխութիւնները, լայն եւ փարթամ պայմանները, փոխանակ կեանքը զարգացնելու, ճոխացնելու եւ բարձրացնելու միջոցներ հանդիսանալու՝ երբեմն ճիշդ հակառակ ազդեցութիւն կ՚ունենան։ Եւ ասոնք օրհնութեան տեղ՝ անէծք կը դառնան…
Այս հնամենի աշխարհին ամէն օր սորվեցուցած մէկ դասն է, թէ կեանքին լայն միջոցները ունենալէ աւելի՝ կարեւոր է այդ միջոցները լաւ եւ օգտակար կերպով գործածելու գիտութիւնը, հմտութիւնը եւ կամքը ունենալ։
Թռչուններուն մասին հետաքրքիր սիրուն աւանդութիւն մը կայ։ Կը պատմուի, թէ երբ թռչունը ստեղծուեցաւ եւ առաջին անգամ գետին դրուեցաւ, ազատութիւն ունեցող ամէն արարածի պէս սկսաւ ամէն կողմ վազվզել։
Երբ վերահասու եղաւ իր թեւերուն գոյութեան, որոնց պաշտօնը չէր գիտեր, սկսաւ զանոնք բեռ մը նկատել եւ կը ջանար անոնցմէ ազատիլ։ Բայց երբ ըմբռնեց թեւերուն պաշտօնը, սկսաւ գործածել զանոնք, եւ շուտով արդէն սկսաւ հպարտութեամբ եւ հրճուանքով սաւառնիլ օդին մէջ. հասկցաւ, թէ բեռ նկատուածը զինք բարձրացնելու միջոցն էր…
Մարդուն ալ բաժին տրուած է զանազան կարողութիւններ եւ կը ներկայացուի բազմաթիւ առիթներ՝ գեղեցկութիւններ, ձիրքեր, տաղանդներ, որոնք յաճախ կը վրիպին մարդոց աչքէն… եւ շա՜տ բան կը կորսնցնեն մարդիկ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 6, 2026, Իսթանպուլ