«ՆՈՍԹԱԼԺԻ» ԳՐԱԽԱՆՈՒԹԻ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Շաբաթավերջին, Բանկալթիի «Նոսթալժի» գրախանութին մէջ տեղի ունեցաւ գիրքի շնորհանդէս մը, որ համախմբեց հոծ թիւով գրասէրներ: Այս հաւաքոյթի ընթացքին ծանօթացուեցաւ՝ արժէքաւոր արուեստագիտուհի Սոնկիւլ Էօտէնի կողմէ հրատարակուած գիրքը, որ կը կոչուի՝ «#eşrefimahlukat»: «Իլեթիշիմ» հրատարկչութեան կողմէ լոյս ընծայուած է այս գործը:

Շնորհանդէսի ընթացքին Սոնկիւլ Էօտէն ջերմօրէն շրջապատուեցաւ ընթերցասէրներուն կողմէ, որոնք հետեւեցան իր յայտարարութիւններուն: Յայտագիրը, ըստ էութեան, հեղինակին հետ զրոյց մըն էր, զոր վարեց «Իլեթիշիմ» հրատարակչատունէն Քըվանչ Քոչաք: 

Թէեւ «Նոսթալժի» գրախանութի սրահը ունի համեստ տարողութիւն մը, սակայն, այս շնորհանդէսը առանձնացաւ իր արժանացած բացառիկ հետաքրքրութեամբ: Զրոյցի ընթացքին Սոնկիւլ Էօտէն ընդգծեց Քուրթուլուշ եւ Բանկալթի թաղամասերուն եւ անոնց բնակիչներուն նկատմամբ տածած առանձին համակրանքը:

Հաւաքոյթի եզրափակիչ փուլին հեղինակը մակագրեց իր գիրքերէն ներկայ գրասէրներուն համար:

Երկուշաբթի, Փետրուար 2, 2026