ԻՆՔՆԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ
Այնպէս ինչպէս սէրը, նոյնպէս տխրութիւնը առեղծուածային բնոյթ ունի։ Մարդ կայ դժուարութեան, տառապանքի դիմաց կը հասուննայ, աւելի զօրաւոր կը դառնայ եւ իր իսկ սխալներէն սորվելով աւելի հզօր կը դառնայ, իսկ մարդ ալ կայ նոյն տխրութեան եւ տառապանքին դիմաց կ՚ուզէ չապրիլ ու վերջ կու տայ իր կեանքին. կայ նաեւ երրորդը. շատեր դժուարութեան դիմաց կը դառնան աւելի ստեղծագործ եւ իրենց ներսի բողոքը կ՚արտայայտեն արուեստի կամ գրութեան ճամբով։ Մեր հայ բանաստեղծներէն շատ շատեր իրենց ներքին քաոսը մեղմելու համար է, որ դարձած են գրողներ եւ գրած են այնքան ժամանակ՝ ինչքան ունեցած են արիւնող սիրտ՝ այսինքն կեանք մը ամբողջ:
Հայ գրականութեան մէջ յատուկ երեւոյթ մըն է, օրինակի համար, Եղիա Տէմիրճիպաշեանը. գրող՝ որ մէկ անյաջող ինքնասպանութեան փորձէ ետք, յաջողեցաւ վերջ տալ կեանքին: Ուսումնասիրողներ կ՚ըսեն, որ նեղութեան ու դժուարութեան մէջ մարդ աւելի յստակ ու կեդրոնացած կրնայ մտածել եւ այդ վիճակին մէջ է, որ ծնունդ կ՚առնեն խօսքեր ու տողեր՝ որոնք սիրտի յստակ հայելին կրնան դառնալ։ Անշուշտ, այս մէկը անձէ անձ կը տարբերի, որովհետեւ այնպէս ինչպէս ուրախութիւնը, նոյնպէս տխրութիւնը իւրաքանչիւրին համար ունի տարբեր երեւոյթ, տարբեր վիճակ:
Այս բոլորը նկատի ունենալով ըսենք, որ գոյութիւն ունի «արուեստգէտ»ի ինքնասպանութեան մօտեցում մը. օրինակի համար, ֆրանսացի նկարիչ մը նախքան ինքնասպանութիւնը, ձեռքերը պատռելով իր նկարչական վրձինը թաթխած է արեան եւ պաստառի վրայ գրած հետեւեալը. «Լիւսի, զիս ներէ»: Կան մարդիկ, որ իրենց մահուան մէջ նոյնիսկ ուզած են առեղծուածային բան մը ստեղծել եւ այդ մէկը ծնունդն է մարդկային բնական ԵՍ-ին, որովհետեւ մարդ ինքնասպանութիւն գործելով միշտ չէ, որ կ՚ուզէ հեռանալ աշխարհէն։ Այս երեւոյթին պատճառը այն է, որ շատ մը ինքնասպաններ չեն ուզեր խենթի տեղ դրուիլ. կ՚ուզեն ցոյց տալ, որ իրենք լաւապէս կը գիտակցին, թէ ինչ կը կատարեն եւ շատ անգամ իրենք զիրենք շատ աւելի խելացի կը նկատեն քան միւսները. կը հաւատան, որ այնպէս ինչպէս աշխարհը իրենց գոյութիւնը չհասկցաւ, նոյնպէս պիտի չհասկնայ նաեւ անոնց մահը, որ շատ աւելի բարձր հասկացողութեան մը արդիւնքն է իրենց համար՝ քան մարդոց կարծածը:
Օրինակի համար, երիտասարդ մը Նոր տարին առանձին տօնելէ ետք, երբ կը լսէ դրացիներուն ծիծաղն ու խնդուքը, կ՚ողբայ իր առանձնութիւնը եւ կազը բանալով կը պառկի յատակին՝ մինչեւ որ կազի ազդեցութեան տակ իր համոզումով «խաղաղ» մահը զինք գտնէ:
Համալսարանի մէջ դասախօս հոգեբան մը իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. գրելու ցանկութիւնը տագնապի ու հիւանդութեան նշան է.- չեմ կարծեր, որ բարւոք վիճակի մէջ գտնուող մարդիկ գրել կը ցանկան»։ Ան այս եզրակացութեան կու գայ, որովհետեւ ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ գրող մարդիկ շատ աւելի հակում ունին տխրելու եւ տառապելու՝ քան սովորական մարդիկ: Օրինակի համար, կայ համոզում, որ բանաստեղծութիւն գրող մարդոց մեծ մասը ունին ներքին նեղութիւն մը։ Այս հաստատումը փաստելու համար բաւարար է աչքէ անցընել հայ գրականութեան հին բանաստեղծութիւններն ու երգերը, ուր մի՛շտ լաց, տխրութիւն ու տառապանք գոյութիւն ունի։ Այս բոլորը նկատի ունենալով պատմութեան մէջ կարելի է գտնել բազմաթի՜ւ ինքնասպան հեղինակներ, որոնք իմաստուն-գրչի մարդիկ ըլլալով հանդերձ, մահը նկատած են փրկութիւն, որովհետեւ չեն կրցած դիմադրել իրենց ուղեղին ու միտքին մէջ տեղի ունեցող մարտերուն:
Շատ մը գրողներու մօտ այս մէկը անգիտակից մօտեցում մը չէ. օրինակի համար, անգլիացի գրող Վիրճինա Ուոլֆ իր մահէն առաջ գրած երկտողին մէջ կ՚ըսէ. «Կը զգամ, որ նորէն կը խանգարուիմ...»: Նոյն վիճակը կը տեսնենք Եղիա Տէմիրճիպաշեանի գրութիւններուն մէջ. օրինակի համար, ան իր «Մինակ» բանաստեղծութեան մէջ կը գրէ. «Տարիները որոնք ետեւս են, իրենց զուարճութեան դառն յիշատակով զիս կը չարչարեն». ան շարունակելով կը գրէ. «Նոր տարիները ոչինչ պիտի բերեն ինծի» եւ այս համոզումն է, որ գրողը կ՚առաջնորդէ դէպի մահ։ Մարդ երբ ապագայէն ո՛չ մէկ ակնկալիք, ո՛չ մէկ սպասում ունի, ապրելու մէջ իմաստ մը չի գտներ։ Եղիա Տէմիրճիպաշեան վերջ կու տայ իր կեանքին, որովհետեւ իր իսկ բառերով՝ նոր օրերը «նոր տարակոյսներ պիտի բերեն միտքիս». նոր օրերը «նոր յուսախաբութիւններ պիտի բերեն սիրտիս, եւ նոր մշուշներ հոգիիս»:
Այնպէս ինչպէս Տէրմիճիպաշեանի, նոյնպէս այլ բանաստեղծներու տողերուն մէջ կարելի է գտնել կեանքի հանդէպ բողոքը, չապրելու ցանկութիւնը, սակայն, բոլորը չեն դիմեր ինքնասպանութեան։ Տարօրինակ թուի, սակայն տեղ մը բանաստեղծին համար այդ տառապանքը անհրաժեշտ է, որովհետեւ տառապանքի պահուն է, որ ծնունդ կ՚առնեն լաւագոյն ստեղծագործութիւնները։ Մեզի համար անոնք բառեր ու զգացումներու արտայայտութիւններ են, սակայն գրողին համար տարբեր իմաստ ու նշանակութիւն ունին. գրողը ի՛նքն է, որ այդ իւրաքանչիւր տողին տակ կը տեսնէ իր սեփական արցունքները, յոյզերն ու տառապանքները. մենք որպէս ընթերցող լոկ ականատեսը կ՚ըլլանք:
•վերջ
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Մեծ մարդը իր ազգին ու ցեղին լաւագոյն բաղձանքներուն եւ հզօր անհատականութեանց մարմնառութիւնն է, ու երբ կանխահասօրէն կը յայտնուի անիկա ժողովուրդի մը մէջ, Ազատութեան, Ճշմարտութեան եւ Լոյսի հրաւէրը կարդալով, արդիւնքը կ՚ըլլայ յաճախ խուժանին կողմէն անոր անտեսումն ու լքումը, եւ մերթ քարկոծումն ու խաչելութիւնը,- միշտ ողբերգութիւն՝ առաւել կամ նուազ սրտաշարժ: Յաւէտ Մեծ Մարդիկն են, որ արժանաւոր ու իրենցմէ օգտուելու պատրաստ ժողովուրդ մը չեն ունենար քան թէ ժողովուրդները՝ Մեծ Մարդիկ: Ու պէտք չէ մոռնալ երբեք, թէ ուր Տիազներ կը յաջողին, Մատէրօներ կ՚աներեւութանան։
ԱՐՇԱԿ ՄԱՀՏԷՍԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան