ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒԺԸ, ՕՐԷՆՔՆ ՈՒ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՏԱԼԻՔՆԵՐԸ

Տեւաբար մարդկային ընդհանուր, այսպէս կոչուած, միջազգային ընտանիքը ունեցած է համաշխարհային նուազագոյն օրէնք մը, որով այսպէս կամ այնպէս տնօրինուած է մարդկային պետական, հասարակական եւ անձնական կեանքը: Հին ժամանակներուն զանազան կրօններ ստանձնած են հասարակութիւններու եւ միջազգային կարգը տնօրինելու դերեր, բայց ո՛չ մէկ ժամանակաշրջան մեր ժամանակներու նման աշխարհը այսքան քօղարկուած ու հասանելի չէ եղած: Տեղի ունեցած են օրինակարգումներ, բայց զանոնք միջազգայինի չեն վերածուած, կամ մնացած են տարբեր տարածքաշրջաններէ ներս: Մարդկութիւնը իր քաղաքական պատմութեան մէջ ներկայի նման չէ ունեցած ամենատարածուն միջազգային իրավիճակ ու գրեթէ բաց աշխարհ մը։ Եւ այդ բաց ու լիակատարօրէն ամբողջացուած աշխարհի իրողութիւնը իր դրական շերտով մարդկութիւնը դարձուց աւելի գիտակից, պահանջկոտ, միեւնոյն ատեն միջազգային ներկայ կառուցուածքը (ՄԱԿ-ով ու միջազգային կազմակերպութիւններով, աւելի քան երկու հարիւր պետութիւններով, մեծ ու բազմազգ ընկերութիւններով) բերաւ աւելի օրէնսդրականութիւն ու կանոնակարգ: Հաղորդակցութիւնը հասած է գրեթէ իր գագաթնակէտին եւ այդ մէկն ալ մարդկութիւնը դարձուց աւելի թափանցիկ ու ստեղծագործ:

 Հիմնական հարցերէն մէկը, որ ինքզինք կը պարտադրէ ներկայիս, այն է, որ մենք հիմա ունի՞նք աւելի խաղաղ ու համերաշխ աշխարհ մը ներկայ արհեստագիտական յառաջդիմութեան հետ: Պատասխանը յարաբերաբար ժամանակային բաղդատականով մը կը բանի եւ կրնանք ըսել, որ այո, մեր ժամանակները իրենց արհեստագիտական զարգացմամբ բերին աւելի խաղաղութիւն, խաղաղասիրութիւն եւ համերաշխութիւն՝ քան նախկին դարերը: Այո՜, ոչնչացումի եւ բռնարարքներու թէքնիք ուժգնութիւնը եթէ չափենք ներկայ աշխարհի զինատեսակներու ու ռազմական զարգացման հետ, կը տեսնենք, որ աւելի աւերուածութիւն պատճառող միջոցներ կան ներկայիս։ Արհեստագիտութեան գերզարգացումը, իր բացասական կողմով, աշխարհը զինեց աւելի քանդիչ ռումբերով ու ռազմատեսակներով, բայց, այդ մէկը չի ջլատեր ընդհանուր միջազգային կարգի առկայութեան եւ անոր տարածուն հաստատման յարաբերական իրողութիւնը: Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք արեւմուտքը քիչ մըն ալ Չինաստանին ու Սովետական Միութեան դերակատարութիւն զիջելով, հաստատեց ու գործուղղեց մեր ներկայ միջազգային օրէնքի, օրինականութեան ու յարաբերութիւններու կազմուածքը, ինչ որ կանգուն է ցարդ, հակառակ մեծ ու փոքր պատերազմներու, որոնք համաշխարհայինի չեն վերածուած: Սովետական Միութեան քայքայումով՝ աշխարհ դարձաւ միահեծան ու միջազգային օրէնքի տիրակալութիւնը աւելի ամերիկեան երանգաւորում ստացաւ, թէեւ միջազգային օրէնք հասկացողութիւնը դեռ գործուն է եւ չենք կրնար բեկանել զայն ո՛չ մէկ կերպով: Մարդկութիւնը միջազգային օրէնքով այսքան եզրացած համակարգ մը չէ տեսած, անշուշտ, զանց առնելով այն իրողութիւնը, որ ինչքանով կը գործադրուի այդ մէկը:

Ուժը եւ ուժի հասկացողութիւնը մարդկութեան գործունէութիւնը չափաւորող հիմնական արժէքներէն է, զուգակցուած միջազգային օրէնքին հետ։ 

 Ուժի սանձնումն ու կաղապարումը միշտ կատարուած է բազմաբեւեռութեամբ (ինչպէս էր պարագան 10-րդ դարէն սկսեալ մինչեւ 21-րդ դարը), իսկ ներկայիս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ուժի ամենամեծ քանակն ու որակը ունի, միեւնոյն ատեն չդրժելով, որ անոր կողմէ միջազգային օրէնքի ոտնակոխումը կրնայ սանձարձակութիւն համարուիլ, բայց, կայ մի քանի հանգամանք, որոնցմով մարդկային քաղաքական ու տնտեսական տնօրինումը կը բանի, իսկ երբ զանոնք կ՚ապահովէ որեւէ գեր կամ միանձնեայ ուժ, մարդկութիւնը (նաեւ մեկնած իր տուեալ ժամանակաշրջանի իւրայատկութենէն) կը բնորոշէ եւ ձեւ կու տայ այդ գործունէութեան՝ սահմանելով չափանիշներ, որոնք ինչքան ալ գերուժին ենթակայ են, բայց, անոնք ընդհանուր մարդկային զարգացման ու բարգաւաճման ընթացքին կը վերաբերին: Պետութիւններն ու ժողովուրդները կը կայանան, կը դիմագծուին եւ կ՚արդարանայ անոնց գոյերթն ու պատմութիւնը, երբ մարդկութեան տալիք ունին եւ յարատեւ կ՚աշխատին այդ մղումով: Անկախ կրօնական, ազգային, տեղական ու հատուածական շահերէ ու բախումներէ, նաեւ անկախ պատմական այդ ամուլ մրցակցութենէն, թէ «ո՛վ, ինչ, ինչպէս եւ երբ մարդկութեան աւելի բան տուած է», կրնանք հոս առանձնացնել մի քանի հիմնական սկզբունքներ ու արժէքաբանութիւն կերտող առանցքներ, որոնք ստեղծուած են մեծ կամ փոքր ուժի եւ կեդրոնի կողմէ,  գոնէ նուազագոյն վաւերականութիւնը, իրաւականութիւնը եւ ճշմարտացիութիւնը ապահովելու։ Այդ սկզբունքները նուազագոյն կամ բարձրագոյն ներդրումի տեսքով կրնան դրսեւորուիլ եւ նոյնիսկ արտադրանք  ալ համարուիլ մարդկային զարգացման ու բարօրութեան համար: Անոնցմէ մի քանին կրնանք յիշել.

- Գիտութիւն-արհեստագիտութիւն։

- Արուեստ եւ մշակոյթ։

- Զուարճանքի ստեղծում։

- Դրական ուժանիւթ։ 

- Աստուածաբանութիւն եւ կրօն։

- Տնտեսական համակարգ։

- Բարոյագիտութիւն եւ ընկերաբանական արժէքներ։

- Ճոխութեան ծառայութեան արտադրութիւն:

 Հիմա եթէ ուզենք ցանկագրել՝ կան քանի մը երկիրներ, որոնք վերոյիշեալներէն մաս մը կամ բոլորը արդէն իսկ կը հայթայթեն մարդկութեան, կը դժուարանանք անուանելու, իսկ այդ ցանկին յառաջատարն է ԱՄՆ-ը, զոր կ՚ապահովէ բոլորը: 

Շատ մը երկիրներու համար այս դառն իրականութիւն կրնայ համարուիլ, իսկ ուրիշներու համար ընդունելի, բայց իրականութիւնը հոն կը կայանայ, որ մարդկութիւնը իր բոլոր նիւթապաշտութեամբ եւ ուժի ձեւաչափմամբ, ղեկավարուածութեամբ կը մնայ պայծառատես ու յառաջադէմ։

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունուար 17, 2026