ԱՆԻՄԱՍՏ ԳԻՒՏՍ

Բժիշկին սպասման սենեակէն ներս հազիւ տեղաւորուած էի, երբ յանկարծ դուռ մը բացուելով, կապոյտ համազգեստով օրիորդ մը, բարձրաձայն անունս կանչեց: Յստակ էր, թէ կարգս հասած էր: Ոտքի ելայ ու անմիջապէս իրեն հետեւելով առաջնորդուեցայ փոքր սենեակ մը: ժպտերես օրիորդը, կշիռքս, ջերմութիւնս եւ արեան ճնշումս քննելէ եւ իր «այ փատին» վրայ անոնց թիւերը արձանագրելէ ետք, ըսաւ, «Շուտով բժիշկը կը մօտենայ»: Ու դուռը փակելով հեռացաւ: Այսչափ:

Այդ օր, դարձեալ բժիշկի մօտ եկած էի, սակայն, այս անգամ ականջի, աւելի ճիշդ՝ լսողութեանս վերաբերող հարցով: 

Արդէն, մեր տան մէջ, ամիսներէ ի վեր թէեւ ամէնօրեայ սովորութիւններու գերին դարձած էի, բայց, տնեցիք, մեծէն մինչեւ պզտիկը, եւ ամէն առիթով, «պա՛պ, իրապէս որ խլացեր ես…», «ականջի գործիքի պէտք ունիս…», «պա՛պ, չես լսել կոր…», «քա մարդ, ականջդ ծանրացեր է… խո՞ւլ ես, ի՞նչ է այս վիճակդ…», աւելին՝ «պապի՛կ…երեք անգամ եղաւ քեզի կ՚ըսեմ կոր…» ու նման բառեր «հոլովելով», զիս այսօրուան, այս քննութեան դուռը հասցուցած էին:

Ինծի համար, այլեւս այդ բոլոր «դժգոհանքները», թէեւ մերիններուն մտահոգութիւններէն ծնունդ առած էին, սակայն, միեւնոյն ատեն սովորական դարձած արտայայտութիւններ էին, քիչ-շատ՝ նուաստացուցիչ: Նոյնիսկ ինծի ուղղուած «խուլ» բառը, միշտ կրկնուելով, կարծես այդ խեղճ բառն ալ կորսնցուցած ըլլար իր իմաստը: Բայց, միշտ կ՚ուզէի միտքս ազատել այս բոլոր խօսքերէն: Անոր համար, նման «անել» կացութենէն զիս փրկողը յաճախ լռութիւնս կ՚ըլլար: Ահա մեր տան նոր դաշտանկարը:

Քանի մը վայրկեան ետք բժիշկը յայտնուեցաւ, իր նիհար երակներով եւ ջիղերով ծածկուած վիզովը: Նախ, շատ յարգանքով ու սիրալիր, ձեռնուեցաւ ու այնպէս մը բարեւեց, որ կարծես երկար տարիներու բարեկամներ ըլլայինք: Յետոյ, հանդարտ եւ խորունկ շունչ մը քաշեց ու մօտենալով սենեակի պատուհանին, որուն ետեւէն փշրանք մը լոյս հազիւ ներս կը մտնէր, աչք մը նետեց դէպի դուրս ու ինծի մօտենալով, կրկին անունս տալէ ետք, կողքիս նստաւ: Պահը կը յուշէր նոր մտերմութիւն:

Երկար շունչ մը եւս առաւ ու անցաւ իր հարցումներու բաժնին:

-Ինչո՞ւ այսօր հո՛ս եկած ես…,- ըսաւ շատ լուրջ եւ հաստատ:

Ու ինչ մեղքս պահեմ, սիրած եմ եւ կը սիրեմ ամենէն նեղ վիճակներուս մէջ իսկ, սանկ տեսակ մը հաճելի մթնոլորտ ստեղծել: Ձեռքս չէ: Անկեղծօրէն անմիջապէս պիտի ըսէի, թէ «եկած եմ քեզի հետ գաւաթ մը սուրճ խմելու…», կամ՝ «քեզ կարօտցած էի…»: Բայց զանց առի: Ինքզինքս զսպեցի: Ապա սկսայ պարզել ականջներուս վիճակը:

-Քննենք… նայի՛նք,- ըսաւ հաստատ ձայնով:

Նախ քննեց աջ ականջս եւ ապա՝ ձախը: Քանի մը հարցումներ ըրաւ, որոնց անկեղծօրէն պատասխանելէս ետք, դէմքին վրայ որոշ մտահոգիչ արտայայտութիւններ նկատեցի: Ինք, գլուխը աջ-ձախ տանելով, յանկարծ աթոռիս ետեւ անցաւ եւ սկսաւ շուրջս դանդաղ շրջիլ, երբեմն ցած եւ երբեմն ալ բարձրաձայն հարցումներ հարցնելով ու միշտ վերջին աւելցնելով. «հիմա… կը լսե՞ս կոր…» չոր ու ցամաք նախադասութիւնը:

Նստած տեղէս չշարժեցայ ու փորձեցի իր տեղի-անտեղի բոլոր հարցումներուն միշտ լսողութեանս ներած չափով, պատասխանել:

Քանի մը վայրկեան տեւող այս անհամ հարցուփորձերէն ետք, սեղանին վրայէն իմ «ֆայլս» առնելով, աթոռը ինծի աւելի մօտեցնելով, ճիշդ դիմացս նստաւ:

Հիմա երկուքս շատ մօտէն իրարու աչքերու մէջ սկսանք նայիլ: Անհամբեր սպասեցի իր պատասխան-ձայնին: Իրապէս մտահոգ էի, թէ վերջը ի՞նչ կամ ինչե՜ր պիտի ըսէր:

Նախ «ֆայլիս» առաջին էջին վրայ, ուր նախորդ այցելութեանս լսողական քննութեան նկարներն ու արդիւնքները արձանագրուած էին, սկսաւ անգլերէնով բաներ մը գրել-մրոտել: Փորձեցի աչքիս ծայրով իր գրածները կարդալ: Պարզապէս մտահոգ հետաքրքրութիւն: Չկրցայ կարդալ: Արդէն, բացի դեղագործներէն, ո՞վ կրցած է կարդալ բժիշկներուն ձեռագիրները: Ապա թուղթի մը վրայ գծեց երկար գիծ մը ու գլուխը վեր առնելով, մտքին մէջ շարելէ ետք իր «փաստերը», սկսաւ իր բացատրութիւններուն:

-Ըսե՛նք թէ ասիկա աջ ականջդ է… օ քէյ… հոսկէ՛, այս ծայրէն կը լսես կոր…, բայց միւս ծայրէն՝ ձախէն, ո՛չ… է՜հ… հո՛ն վիճակը աւելի վատ կ՚երեւի, գրեթէ… խլացած վիճակ…:

Բառեր կան, որոնց ետին ամբողջ աշխարհ մը պահուած կ՚ըլլայ: Քեզի երկար խորհիլ կու տան: Կարծես այդ օր, միայն այս բառերն էին, որոնք ականջիս կը հասնէին:

Անկեղծօրէն, վախ-մտահոգութիւնը «փորս» մտած էր: Հաճոյքով կարելի չէր ճաշակել բժիշկին այդ նախադասութիւնները: Գրեթէ քարացած-արձանացած էի: Ուրեմն, տնեցիներուս կատարած ախտորոշումները ճիշդ էին: Վիճակս անսովոր էր ու տեսքս ալ խղճալի: Արդ, ինչպէ՞ս հաշտուիլ այս պարզ իրականութեան հետ: Ուրեմն… ականջիս մէկը խլացած է… ո՛չ… ո՛չ… չեմ ընդունիր… ո՞վ իր տկարութիւնը ընդունած է որ ես, այսօ՛ր, ա՛յս սենեակին մէջ, իմս ընդունիմ… երբե՛ք… ես խուլ չե՛մ… լաւ կը լսեմ, իրենք են որ յստակ չեն խօսիր… իրենք՝ բառերը հասկնալի ձեւով չեն արտայայտեր… իրենք են… եւ ո՛չ թէ ես…

Մտովի ես ինծի սկսած էի պատճառաբանել: Արդարանալ: Բողոքել: Բայց արագօրէն անդրադարձայ: Շտկուեցայ: Զգացի, որ ճակատս առատ քրտինք ունէր: Տագնապած էի: Տնեցիք միշտ «խուլ» ըլլալս կը կրկնէին… բայց երբեք հաւատք չէի ընծայեր: Չէի հաւատար: Չէի ուզեր հաւատալ…:

-Վերջը..,- յանկարծ լսեցի բժիշկին ձայնը: Մտածումներս ընդմիջեցան:

-Վերջը… սիրելի պարոնս… հետեւեալը կայ…

-Ըսէ՛ք, խնդրեմ…,- ըսի, գրեթէ խեղճացած:

-Դո՛ւն միայն բառերուն ձայնաւորները կը լսես, իսկ բաղաձայներունը՝ պղտոր… ըսաւ երկարօրէն, ճշմարտութիւնը յայտնաբերող բառերով: Ահա քեզի հանելուկ: Այս բացատրութիւնը կը նմանէր, ժամանակին մեր տան մէջ ապուր պատրաստելու համար, ողորմած մօրս ոսպը քարերէն մաքրելուն, զատելուն: Էհ, հոն քարերը պիտի զատէիր ոսպէն…, իսկ հո՛ս ալ բաղաձայները՝ բառերէն: Ա՛ռ, քեզի աշխարհ…:

Վայրկեանին փշոտ կասկածներ ծնունդ առին:

-Ի՞նչ պէտք է ընել…,- ըսի ցած ու քիչ մըն ալ վախնալով։

Մինչ ինք սկսած էր շարունակել իր բացատրութիւնները, անդիէն երեւակայութիւնս ալ իր կարգին, նոր պատկերներ սկսած էր ստեղծել: Ապա, սենեակի ձախ պատին վրայէն, ականջի ներքին մասերու խողովակ-ջիղ-երակ- մեծ ու գունաւոր նկարը վերցնելով, բերաւ ու ինծի ցոյց տալով, սկսաւ շարունակել իր բացատրութիւնը: Նախ, կցկտուր բառեր պտտեցան շրթներուն վրայ: Արտասանեց գիտական բառեր, որոնք ինծի համար բոլորովին անհասկնալի էին: Միակ հասկնալին… ականջի գործիք… բառն էր: Ըսաւ պարզ եւ յետոյ ալ անժամանակ վերջակէտի նման ամբողջացուց: Ուրիշ բան չհասկցայ: Թերեւս ալ այդ վիճակիս մէջ, չուզեցի հասկնալ: Մտիկ ալ չըրի: Անիմաստ վախ մը բռնած էր միտքս: Ինչո՞ւ… ես ալ չեմ գիտեր: Սենեակէն ներս ներկայ-բացակայ մըն էի: Ա՜լ, սիրտ չունէի: Յստակ էր, թէ ականջի գործիք պէտք էր գործածէի… կարծես անպատիւ բան մըն էր… կամ ինծի համար՝ անվայել… չեմ գիտեր: Ի՞նչ պէտք ունէի իրար անցնելու: Չեմ գիտեր: Այդ վայրկեանին, կարծես ես իմ մտքիս տէրը չէի:

Գործիք: Չեմ գիտեր ինչո՞ւ կ՚ատէի այս մէկը: Միւս կողմէ, հապա՞ այս մեր բաղաձայն եւ ձայնաւոր տառերու շարքը: Է՛հ, մաշալլա՜… մեր ԱԲԳ-ին մէջ շատ բաղաձայներ կային, իսկ ձայնաւորները շատ քիչ… ի՞նչ ընելու էի:

Իրապէս որ շուարեցայ: Վախցայ: Ականջի գործիք… այս էր միայն պակասս: Գործիք՝ կեանքի օրերուս նոր էջ բացող «բան» մը: Լսելու յատուկ «բանալի» մը, որ միեւնոյն ատեն նոր օրեր ստեղծելով, փնտռել պիտի տար հիները: Ուստի, ինծի կը մնար ցանկութիւնը ընդունելու այս ճշմարտութիւնը: Հաշտուիլ իրականութեան հետ: Ամօթ բան մը չէր… ես ինծի սկսած էի համոզել:

Ու յանկարծ, ի՜նչ հրաշք… ահա… առանց կամքիս, ինծի համար առողջ «միտք» մը այցի եկաւ: Միտքը, որ գիւտի մը կը նմանէր, սկսած էր ուղեղիս մէջ պտոյտներ կատարել:

Հաուայի կղզիներ երթալ: Մեծ «ԳԻՒՏ» մը: Գալիֆորնիայէն, Հաուայան կղզիներ տեղափոխուիլ, որովհետեւ հոն բնիկները, իրենց «ԱԲԳ»ին մէջ ունէին միայն հինգ ձայնաւոր եւ եօթը բաղաձայն տառեր: Գործս կը դիւրանար: Խնդիր-հարցեր չէի ունենար: Աւելի լաւ պիտի լսէի: Զգացի, որ նստած տեղս երեւակայութիւնս նոր, սակայն, զարտուղի պատկերներ սկսած էր գծել:

Վերջապէս դուրս եկայ սենեակէն, դէմքիս անժամանակ քմծիծաղով մը, որ հետզհետէ խնդուքի վերածուիլ սկսած էր: Իրապէս, ես իմ վրայ սկսած էի նոյնիսկ բարձրաձայն խնդալ: Հեռուէն կամ մօտիկէն դիտող մը, այդ վայրկեանին զիս «խենթ» պիտի կարծէր:

Ծօ՛, ես ո՜ւր, Հաուային ուր…

Ու մինչեւ տուն հասնիլս, ինքնաշարժիս մէջ, միամիտ մտքէս ծնած «անիմաստ գիւտս» պատճառ դարձաւ, որ խնդուքս երկար շարունակէի:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2025