ՉԿԱ՛Յ ԻՐԱԿԱՆ ՍԷՐ ԱՌԱՆՑ ԶՈՀՈՂՈՒԹԵԱՆ
Առանց անձնուիրութեան, առանց զոհողութեան կարելի չէ՛ հասնիլ իսկական անկեղծ սիրոյ։ Քանի որ սէրը բառ մը, խօսք մը չէ՛ միայն, այլ՝ գո՛րծ։ Եւ երբ սէր եւ անձնուիրութիւն կ՚ըսենք՝ անոնց մարմնացումը կը տեսնենք Խաչի մէջ։ Արդարեւ, Խաչը քրիստոնէական հաւատքի եւ սիրոյ նշանակն է։ Խաչը՝ այս իմաստով Աստուծոյ եւ մարդուն կապն է։ Ուստի, կարելի չէ՛ սիրել առանց զոհողութեան եւ անձնուիրութեան, առանց խնամքի, առանց գործի, առանց գթածութեան։
Խաչը խորհրդանիշն է սիրոյ՝ զոհողութեան եւ Յարութեան։ Ա՛ն է, որ կը նորոգէ կեանքը, կը պահէ, կը պահպանէ կեանքը ապրողը՝ Կեանքին Տիրոջմով։ Խաչը Յարութեան խորհրդանիշն է՝ յարատեւող եւ մշտատեւ։ Անոր մէջ է հոգեւոր կեանքի, յաւիտենական կեանքի խորհուրդը։ Կեանքի առանցքն է, կեդրոնական մասն է՝ որ դէպի Քրիստոսի կատարած զոհողութեան, անձնուիրութեան ե՛ւ փրկութեան կը տանի մարդը։ Անո՛վ է, որ կը ջնջուի, չեղեալ կը համարուի մարդուս յանցանքները եւ մեղքերը։
Խաչը՝ մարդուս փրկութեան միջոցն է։ Ան՝ Յիսուսի սիրոյն ամենէն ցայտուն արտայայտութի՛ւնն է։
Համընկերութեան, մարդասիրութեան սկզբունքը՝ որ արտայայտուած է նաեւ «բարեկամութեան» կամ «ընկերային սիրոյ» անունին տակ, ուղղակի պահա՛նջք մըն է մարդկային եւ քրիստոնեայ եղբայրութեան ի Քրիստոս։ Այս առթիւ պէտք է մատնանշել սխալ մը՝ որ այսօր լայնօրէն տարածուած է, մոռացումն է մարդկային համընկերութեան եւ սիրոյ օրէնքին, որ հաւասարապէս թելադրուած եւ պարտադրուած է թէ՛ բոլոր մարդոց ծագումին նոյնութեան կողմէ՝ եւ իրենց բանաւոր բնութեան հաւասարութեան՝ ի՛նչ ժողովուրդի ալ պատկանին, թէ՛ ալ փրկչական զոհով Յիսուս Քրիստոսին, որ Խաչին խորանին վրայ ընծայուեցաւ Իր երկնաւոր Հօր, ի նպաստ մեղապարտ մարդկութեան։
Արդարեւ, Քրիստոսի ամբողջ կեանքը անդադար ուսուցում մը եղաւ։ Անոր լռութիւնները, Անոր բժշկութիւնները, Անոր հրաշքները, Անոր արարքները, Անոր կեցուածքը, Անոր վարմունքը, Անոր աղօթքը, Անոր սէրը մարդուն հանդէպ, Անոր նախասիրութիւնը մանուկներուն եւ աղքատներուն, անկարներուն, անօգնական եւ անպաշտպաններուն հանդէպ, Անոր կարեկցութիւնը եւ հոգածութիւնը անոքներու հանդէպ, աշխարհի փրկութեան համար՝ Անոր Խաչին վրայ ամբողջական զոհաբերումին ընկալումը, Անոր Յարութիւնը այժմէագործումն են Անոր խօսքին եւ իրագործումը Յայտնութեան։ Յիսուս կամովին Երուսաղէմ ելաւ՝ գիտնալով հանդերձ, թէ հոն բուռն մահով պիտի մեռնէր՝ մեղաւորներուն հակառակութեան պատճառով։
Յիսուս ընդունեցաւ զԻնք իբրեւ Մեսիա ճանչցող Պետրոսի հաւատքի դաւանութիւնը, մինչ կը յայտնէր Մարդու Որդիին մօտալուտ չարչարանքը։ Ան քօղազերծեց իսկական Բովանդութիւնը Իր մեսիական թագաւորութեան, որ կը կայանայ, թէ՛ վերանցական ինքնութեան մէջ Մարդու Որդիին. «որ իջաւ երկինքէն» (ՅՈՎՀ. Գ 13), (ՅՈՎՀ. Զ 62), (ԴԱՆ. Է 13) եւ թէ՛ Իր փրկչական առաքելութեան մէջ՝ իբրեւ տառապեալ Ծառայ. «Մարդու Որդին չեկաւ ծառայութիւն ընդունելու, այլ ծառայելու եւ Իր կեանքը իբրեւ փրկանք տալու բազմութեան» (ՄԱՏԹ. Ի 28), (ԵՍ. ԾԳ 10-12)։
Ասոր համար Անոր թագաւորութեան ճշմարիտ իմաստը յայտնուեցաւ Խաչին բարձունքէն. (ՅՈՎՀ. ԻԹ 19-22), (ՂՈՒԿ. ԻԳ 39-43)։ Անոր մեսիական թագաւորութիւնը միայն Իր Յարութենէն ետքն է՝ որ Աստուծոյ ժողովուրդին առջեւ պիտի կարենայ հռչակուիլ Պետրոսի կողմէ. «Թող Իսրայէլի ամբողջ տունը ստուգութեամբ իմանայ, թէ այն Յիսուսը զոր դուք խաչեցիք. Աստուած զԻնք Տէր եւ Օծեալ ըրաւ». (ԳՈՐԾ. Բ 36)։ Ուստի, Խաչը Յիսուսի անհո՜ւն սիրոյն մարմնացումն է, այս աչքով նայինք Խաչին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 22, 2025, Իսթանպուլ