ԾԱՌԸ
Երեւան ուսանած տարիներուս, ամառ-ձմեռ չէի ըսեր, ամէ՛ն կիրակի Էջմիածին կ՚երթայի։
Ամէն տարի տեսակ մը ծանրաբեռնուած դասացուցակ մը կ՚ունենայի, ճիշդ է. կիրակին միակ արձակուրդն էր, հանգստեան օրը, բայց այս բոլորը արգելք չէր ըլլար երբեք, որ ամէն կիրակի Կոմիտասի շրջանին մէջ գտնուած տունիս դիմացի կանգառէն «մարշութնի» մը նստէի, որ զիս կը տանէր Մաշտոցի պողոտայի մէկ անկիւնը. հոն կը կենային ամէն կիրակի Երեւանէն Էջմիածին գացող հանրաշարժները։
Հիմա, այդ խինդ ու աշխուժութենէս զարմացած ու ինչ խօսք՝ բաւական խորունկ նախանձով կ՚արձանագրեմ արեւ, անձրեւ, ցուրտ, ձիւն, զատիկ, հատիկ չըսելս ու երթալս։ Խնդիրը այդ երկար ճամբան չէր անշուշտ. չէ՛։ Էջմիածին երթալով, բնականաբար Մայր Աթոռ կ՚ուղղուէի, ուշացած ալ հասնիմ՝ Ս. Պատարագին կը մասնակցէի, առանց զգալու՝ ժամերով ոտքի կը կենայի, կը դիտէի, կը լսէի, կը լեցուէի, կ՚երգէի, շատ յաճախ կը յուզուէի… երբ յուզմունքս շուրջիններուս ուշադրութիւնը գրաւէր, դուրս կ՚ելլէի։ Այո՛, այսօր ալ կը յիշեմ, որ միեւնոյնն էին ինծի համար ներսն ու դուրսը՝ Մայր Աթոռի դարպասը անցնելէս վերջ։
Ինչպէ՞ս չըլլար։
Ներսը Պատարագ կար, զարդանախշ ու որդան կարմիր, սրբապատկերներ, խունկ, աղօթք ու շարական, «Սուրբ Սուրբ», «Տէր Ողորմեա՜», «Լցաք» ու «Օրհնեցից զՏէր», Եկմալեան կար ու Կոմիտաս… դուրսն ալ անոր ծիրանի ծառը կար, յուշակոթող, խաչքար ու շիրմաքարեր կային, արեւին ու շուքին տակ խաղաղութեամբ քայլող, նստող, խօսող, ջուր խմող ու զարմանահրաշ այդ մթնոլորտը վայելող մարդիկ կ՚ըլլային. ես ալ՝ անոնց պէս, նստարաններէն մէկուն վրայ երկա՜ր կը նստէի, ծնողքէս հեռու՝ առանձին ապրած ուսանողական կեանքիս լարուածութիւնն ու տխրութիւնը կը թօթափէի. կրնայի՛ թօթափել հոն…
Այնքան թանկագին են այս յուշերս. այսօրուան կեանքիս մէջ՝ միանգամայն անգտանելի։
Շաբաթներէ, իսկութեան մէջ՝ տարիներէ ի վեր զանազան օրինակներով, իրողութիւններով, դէպք ու պատահածներով նկարագրած ափսոսանքս, ցաւս ու կտրուածութիւնս այս շաբաթ երեւի հասաւ իր գագաթնակէտին։ Յուշերուս մէջ բազմած խաղա՜ղ Էջմիածինը պատերազմի դաշտի վերածուեցաւ։ Ծառերուն միջեւ խաղաղութեամբ վազվզող մանուկներուն փոխարէն, բակին մէջ ոստիկաններ լեցուեցան։ Ականջներուս մէջ հնչող մանուկներու երբեմնի ուրախ պոռչտուքներուն փոխարէն, սահմաններ գծուեցան, խումբեր եղան, զիրար ատող, բացագանչող, բայց չլսող կին ու տղամարդիկ, երիտասարդ ու տարեց մարդիկ լեցուեցան սուրբ այդ բակին մէջ։
Շատերը յաղթանակ համարեցին այդ օրը, այդ պահը, երբ Մայր Աթոռէն անջատուած, վարչապետին շարքերուն անցած տասը եպիսկոպոսներուն՝ Վեհափառ Հայրապետին ուղղուած նամակ-առաջարկը մերժուեցաւ։ «Հե-ռա-ցիր» պոռացողներուն դիմաց՝ «Վե-հա-փառ» ըսողներուն ձայնը բարձրացաւ։
Մեր պատմութեան ամենէն դաժան, առանց դուրսի թշնամիի՝ մենք մեր դէմ կռուած պատերազմին մէջ Մայր Աթոռը, Վեհափառ Հայրապետը, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պաշտպանող մարդիկ ի՜նչ ուրախ էին օրուան աւարտին…
Մայր Աթոռին աջակից եմ ես։ «Ամէն Հայի սրտից բխած» երգած պահուս սիրտս կը տրոփէ, աչքերս կը լեցուին, մէջիններս կ՚արթննան, պատմութիւնը կը յիշեմ, մեր կաթողիկոսներուն կոչերը կը լսեմ, ճակատագրական մէկ պահուն ազգը փրկող անոնց մէկ վարքն ու որոշումը կը մտաբերեմ։
Մայր մեր Աթոռին, անսասան մեր եկեղեցիին զաւակն եմ ես. գլուխս կը ծռի, երբ «Իրական Հայաստան»ի իշխանութեան ներկայացուցիչները Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը անքաղաքավարօրէն իր աւազանի անունով կը յիշեն։
Առանց պատերազմի, միշտ եւ յաւերժ, առանց ընտրութեան տեղի տալու՝ Մայր Աթոռին աջակից եմ ես։ Բազմիցս ըսի, պիտի կրկնեմ. ամիսներէ ի վեր ընթացող՝ «հակամարտութիւն» կոչուող այս ամօթանքէն կ՚ամչնամ։ Արդէն ծռած վիզս առաւել եւս կը ծռի, կռնակս կը կռանայ ու սիրտս կը ճմլուի։
Մայր Աթոռին աջակից եմ ես, այո՛, ու կը խոստովանիմ, որ այդ օրը, զիրար ատող հայերով լեցուն Միածնաէջ մեր բակին մէջ եղածները դիտած ու լսած պահուս չուրախացայ.
Տղմուտ գետին ափը, Մարաշը, Սասունն ու Ղարաքիլիսան չէր հոն.
Պատերազմի դաշտ չէր հոն, որ զիրար ատող մարդիկ կռուին, յաղթեն ու պարտուին։
Որո՞ւն կը խօսիմ։
Հարցումիս մի՛ նայիք։
Մինակ չեմ, գիտե՛մ։ Ինծի պէս չուրախացողներ, այս ամօթին չհանդուժողներ, զայն չվայելցնողներ, ամչցողներ, սիրտը կծկուողներ, կտրուողներ ու այդուհանդերձ՝ հայերէն շնչող ու սորվեցնողներ կան, գիտե՛մ։
Բայց… չե՛մ գիտեր, թէ այդ բակին մէջ տնկուած Կոմիտասի ծառն ալ զիրար ատող հայերուն ատելութիւնը շնչե՞ց…
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ