ՆԵՐՔԻՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ

«Խաղաղութիւն» բառը, ընդհանրապէս ամենէն աղաւաղուած բառն է մարդկութեան լեզուին վրայ այսօր։ Խաղաղութիւնը նաեւ ամենէն ցանկալի հոգեվիճակն է մարդկութեան համար։ Արդարեւ, մարդկային կեանքի յարգանքը եւ աճումը խաղաղութիւն կը պահանջեն։ «Խաղաղութիւն»ը՝ իր ամենալայն առումով պատերազմի չգոյութիւնը չէ. կարելի չէ ան սահմանափակել միայն հակադիր ուժերու հաւասարակշռութիւնը ապահովելով եւ պահպանելով։

Խաղաղութիւնը՝ «կարգ եւ կանոններու անդորրութիւնն է», ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։ Արդարեւ, խաղաղութիւնը՝ արդարութեան (ԵՍ. ԼԲ 17) եւ սիրոյ արդի՛ւնքն է։

Իր նեղ առումով, «խաղաղութիւն»ը կը նշանակէ նաեւ «ներքին անդորրութիւն»՝ որ հոգիի խաղաղութիւնն է եւ թէ հոգեվիճակ մըն է, որուն ամբողջ մարդկային ցեղը կը փափաքի տիրանալ եւ այդ կարելի դարձնելու համար, բազմաթիւ եւ զանազան միջոց եւ դարման կը փնտռէ, որ սակայն բացակայ է մարդոց հոգիներէն, որովհետեւ այդ խաղաղութիւնը երկինքէն կ՚իջնէ, լոկ անոնց՝ որ կը հանդիպին Խաղաղութեան Իշխանին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի, որ օր մը Իր աստուածահամ շրթներով Իր ներկայութիւնը փնտռողներուն՝ «Իմ Խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի, ո՛չ թէ ինչպէս աշխարհս կու տայ՝ ե՛ս ձեզի կու տամ» կը խոստանայ. (ՅՈՎՀ. ԺԴ 27)։

Պօղոս առաքեալ, այս խոստումը իր կեանքին մէջ գործնական կերպով կը զգար, երբ Հռովմի բանտէն կը գրէր. «Արդ մենք հաւատքով արդարացած ըլլալով՝ խաղաղութիւն ունինք Աստուծոյ հետ, մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով». (ՀՌՈՎՄ. Ե 1)։ Արդարեւ, ո՛չ իմաստասէրներ՝ փիլիսոփաներ, ո՛չ գիտութեան ծառայողներ եւ ուսանողներ եւ ոչ իսկ կրօնքի մեկնաբաններ կարող են այս խաղաղութիւնը բացատրել՝ անոր որակը եւ քանակը հասկնալ եւ չափել, քանի որ Պօղոս առաքեալի այս խաղաղութիւնը. «Աստուծո՛յ խաղաղութիւնն է՝ որ ամէն միտքէ վե՛ր է». (ՓԻԼ. Դ 7), եւ «Անիկա՛ է մեր խաղաղութիւնը». (ԵՓՍ. Բ 14), որ եթէ մենք փափաքինք, կրնայ մեր «սրտերուն մէջ թագաւորել». (ԿՈՂ. Գ 15), եւ կեանքին իմա՛ստ տալ, մեր ուսերէն վերցնել կեանքի ճնշիչ բեռը եւ այս երկրի օրերը անուշցնել, այնչափ մը որ մեզի համար յաւիտենականութեան անցնիլը այլեւս անծանօթ ճամբորդութիւն մը չդառնայ, այլ ծանօթ վիճակ մը այս երկրէն ուրիշ երկիր մը երկարող։

Հոգիի խաղաղութեան փորձառութիւններէն է՝ աղօթելու առանձնաշնորհը։ Աղօթքը՝ երկիրէն երկինք երկարող «հեռաձայնային» անտեսանելի կապն է, որ լոյսէն աւելի արագ ճամբայ կտրելով հողեղէն շրթունքներէն արտասանուած, երբեմն նոյնիսկ անկապ բառերը եւ խօսքերը կը մարմնաւորէ եւ Տիեզերքի Ստեղծիչին ականջներուն կը հասցնէ, որպէս ներողութեան խնդրանք, որպէս երախտագիտական արտայայտութիւն, որպէս խնդրանք կամ խոստում, որպէս խոստովանանք կամ սիրոյ մրմունջ եւ հոնկէ իր հոգին կշտացնող խօսքեր կ՚ունկնդրէ։

Միայն «Քու Աստուածդ դիմաւորելու պատրաստուէ» կոչին ապաւինողներն են, որ այս երկրի վրայ կ՚ունենան երկինքի խաղաղութիւնը եւ երկինքի հետ կը խօսին այն տրամադրութեամբ, ազատութեամբ եւ համարձակութեամբ՝ որ զաւակ մը կը խօսի իր հօրը հետ։ Խաղաղութեան մէջ աղօթքը մեզ Աստուծոյ ներկայութեան կը փոխադրէ եւ կը մաքրէ մեզ այս երկրի «ցեխ»էն. «չար» ազդեցութենէն դուրս կը քաշէ եւ մեզի կը ծանօթացնէ ա՛յն բնակավայրը, որ պիտի ըլլայ, այսինքն անհաշուելի խաղաղութեան, երջանկութեան, վայելքի եւ սիրոյ բնակավայրը՝ Աստուծո՛յ բնակավայրը։

Եւ ի՛նչ լաւ կ՚ըլլար, եթէ մարդ ապրէր խաղաղութեան մէջ եւ վայելէր խաղաղութիւնը եւ աչքերը պահ մը Լոյսին բանար եւ որոշէր պատրաստուիլ իր Աստուածը դիմաւորելու, որպէսզի իր այս ճամբորդութիւնն ալ հոգեկան-ներքին խաղաղութեամբ եւ Աստուածային ներկայութեամբ հարստացած վիճակ մը ըլլար։ Խաղաղութեան մէջ ապրելու համար պէ՛տք է խաղաղութիւնը փնտռել…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 19, 2025, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 20, 2025