ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին տեսակէտէ կարեւոր իրադարձութիւնները այս օրերուն իրարու կը յաջորդեն։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօր կը տեսակցի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆի հետ։ Մոսկուայի այսօրուան կարեւոր ժամադրութեան ընդառաջ, երէկ, Փարիզի մէջ ալ տեղի ունեցաւ բարձր մակարդակի հանդիպում մը։ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն ընդունեց Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին։ Էլիզէի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընդառաջ Մաքրոն կանգ առած էր Ուքրայնայէ ներս արդար ու տեւական խաղաղութեան պայմաններուն վրայ։ Մաքրոն եւ Զելենսքի այս հանդիպման ընթացքին հեռախօսազրոյցներ ունեցան նաեւ Սթիւ Ուիթքոֆի, Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցի հետ։
Եւրոպական երկիրները միշտ հետամուտ կը մնան Ուքրայնայի հակամարտութեան հնարաւորինս հաւասարակշռուած լուծում մը ապահովելու։