Երկուշաբթի 24, Նոյեմբեր 2025
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի նախագահեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Պատարագիչն էր Արագածոտնի թեմի վարչական խորհուրդի ատենապետ Տ. Շնորհք Աբեղայ Պալոյեան, որ տուաւ օրուան քարոզը։
Շիրակի, Տաւուշի եւ Արագածոտնի թեմերու հոգեւոր դասու անդամները ներկայ էին Ս. Պատարագին, որու ժամանակ մասնաւոր աղօթք բարձրացուեցաւ՝ ապօրինաբար բանտարկուած հոգեւորականներու, ազգային բարերարի եւ բոլոր գերեալներու ազատութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի բարօր ու խաղաղ կեանքին համար։
Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2025