ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ԵՒ ՇԻՐԻՄԻ ԲԱՑՈՒՄ

Շաբաթավերջին, Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ ոգեկոչուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի բարեյիշատակ միաբաններէն Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, որ եղած էր Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջին առաջնորդը։ Հոգելոյս սրբազանի վախճանման առաջին տարելիցին առթիւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն զուգահեռ պաշտօնապէս բացուեցաւ շիրիմը, որու նախագիծը հեղինակուած է Վազգէն Պարընի կողմէ։

Արարողութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։ Պոլսահայ հոգեւորականաց դասու ներկայացուցիչներուն միացած էին նաեւ Գերմանիոյ թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան, Իրաքի թեմակալ առաջնորդ Տ. Օշական Եպսկ. Կիւլկիւլեան, ինչպէս նաեւ Շուէտէն Տ. Վաղարշ Քհնյ. Իսախանեան եւ Աւստրիայէն Տ. Անդրէաս Քհնյ. Իսախանեան, որոնք այս ոգեկոչման առթիւ փութացած էին քաղաքս։

Գերեզմանատան կուսակրօն հոգեւորականներու բաժանմուքէն ներս, շիրմին շուրջ համախմբուած էր հոծ բազմութիւն մը։ Ներկաներու շարքին էին համայքային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներ։ Հոգեհանգստեան արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ներկաներուն փոխանցեց իր պատգամը՝ հերթական անգամ բարձր գնահատելով հոգելոյս Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի նուիրումն ու բազմամեայ ծառայութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը բարձր գնահատեց նաեւ ճարտարապետ Վազգէն Պարընը, որ երախտագիտութեան առարկայ դարձուցած էր իր ուսուցիչը՝ նախագծելով անոր մարմարէ շիրիմը։ Ապա, սրտի խօսքերով հանդէս եկան Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան եւ Տ. Օշական Եպսկ. Կիւլկիւլեան։

Նորակերտ շիրիմը ծածկած շղարշը վար առնուեցաւ՝ մինչ բոլորը աղօթեցին հոգելոյս ու բարեյիշատակ սրբազանի յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2025